Մերքել Թուրքիոյ Մէջ Խօսած Է Խօսքի Ազատութիւնը Յարգելու Անհրաժեշտութեան Մասին - Հայերէն
26 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Նպատ / Ժամ : Խաւարակ

Հայերէն :

03 Şubat 2017  

Մերքել Թուրքիոյ Մէջ Խօսած Է Խօսքի Ազատութիւնը Յարգելու Անհրաժեշտութեան Մասին -

Մերքել Թուրքիոյ Մէջ Խօսած Է Խօսքի Ազատութիւնը Յարգելու Անհրաժեշտութեան Մասին Մերքել Թուրքիոյ Մէջ Խօսած Է Խօսքի Ազատութիւնը Յարգելու Անհրաժեշտութեան Մասին

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել երէկ այցելեց Թուրքիա:

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթի կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ընդունած է Մերքելը:

Հանդիպումէն ետք տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Էրտողան յայտնած է, թէ հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են երկկողմանի յարաբերութիւններուն, Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան, ՕԹԱՆ-ին, գաղթականներու խնդիրին առնչուող հարցեր: Հանդիպումին ընթացքին չեն շրջանցուած նաեւ Եգէական ծովուն մէջ տեղի ունեցած վերջին զարգացումները (յունական կղզիի մը մօտեցած թրքական մարտանաւերու եւ յունական եզերապահ ուժերու միջեւ ստեղծուած լարուածութիւնը, «Ա.»), շրջանային կացութիւնը, մասնաւորաբար Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ տիրող կացութիւնը:

Մերքել իր խօսքին մէջ ընդգծած է, որ ասիկա Թուրքիոյ մէջ զինուորական յեղաշրջման փորձէն ետք իր առաջին այցելութիւնն է Անգարա: Ան կարեւոր նկատած է յեղաշրջման փորձի պատասխանատուները պատիժի ենթարկելը, սակայն միաժամանակ ընդգծած է, որ այդ հոլովոյթին ընթացքին պէտք է յարգուի խօսքի ազատութիւնը:

Անդրադառնալով գաղթականներու հարցով Թուրքիա-Եւրոպական Միութիւն համաձայնագիրի կնքումին` Մերքել շեշտած է, որ ատիկա կը բխի երկու կողմերուն շահերէն





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+