Թրամփ Աւստրալիոյ Վարչապետին Հետ Իր Զրոյցը Նկատած Է Ամէնէն Վատը - Հայերէն
15 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Արամազդ / Ժամ : Շառաւիղեալ

Հայերէն :

03 Şubat 2017  

Թրամփ Աւստրալիոյ Վարչապետին Հետ Իր Զրոյցը Նկատած Է Ամէնէն Վատը -

Թրամփ Աւստրալիոյ Վարչապետին Հետ Իր Զրոյցը Նկատած Է Ամէնէն Վատը Թրամփ Աւստրալիոյ Վարչապետին Հետ Իր Զրոյցը Նկատած Է Ամէնէն Վատը

«Տը Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը` յղում կատարելով անանուն ամերիկացի պաշտօնատարներու, կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Աւստրալիոյ վարչապետ Մալքըլմ Թըռնպուլի հետ իր զրոյցը օրուան ընթացքին «ամէնէն վատը» նկատած է:

Օրաթերթի տուեալներուն համաձայն, Թրամփ շաբաթ օր յայտնած է Թըռնպուլի, որ ինք արդէն զրուցած է չորս երկիրներու ղեկավարներու հետ, եւ աւստրալիացիին հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը «մինչեւ հիմա ամէնէն վատն է»:

Աղբիւրը կը գրէ, որ ծրագրուած էր, որ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը տեւէ շուրջ մէկ ժամ, սակայն Թրամփ զրոյցը դադրեցուցած է մօտաւորապէս 25 վայրկեան ետք:

Կը նշուի, որ զրոյցի ընթացքին Թրամփ «բոլոր ժամանակներու ամէնէն վատ» համաձայնութիւնը կոչած է Փափուա Նոր Կինէի Մանուս կղզիի եւ Նաուրուի գաղթականներու` Միացեալ Նահանգներու մը վերաբնակեցման համաձայնութիւնը, որ կնքուած է Պարաք Օպամայի նախագահութեան օրոք: Թրամփ Աւստրալիան մեղադրած է նաեւ «պոսթընեան նոր ահաբեկիչներ» արտածելու փորձին համար:

«Այս խօսակցութիւնները կը կատարուին ուղիղ, անկեղծ եւ անհատական կերպով: Եթէ հաղորդագրութիւններ տեսած էք անոնց մասին, մտադիր չեմ որեւէ բան աւելցնել անոնց վրայ», ըսած է Աւստրալիոյ վարչապետը լրագրողներուն:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+