Զա­պէլ Ե­սա­յեան (­Յով­հան­նէ­սեան, 1878-1943-?). ­Կին Գրո­ղի, Մտա­ւո­րա­կա­նի Եւ Ազ­գա­յին Գոր­ծի­չի Ա­ռինք­նող - Հայերէն
25 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ցրօն / Ժամ : Հրակաթն

Հայերէն :

03 Şubat 2017  

Զա­պէլ Ե­սա­յեան (­Յով­հան­նէ­սեան, 1878-1943-?). ­Կին Գրո­ղի, Մտա­ւո­րա­կա­նի Եւ Ազ­գա­յին Գոր­ծի­չի Ա­ռինք­նող -

Զա­պէլ Ե­սա­յեան (­Յով­հան­նէ­սեան, 1878-1943-?). ­Կին Գրո­ղի, Մտա­ւո­րա­կա­նի Եւ Ազ­գա­յին Գոր­ծի­չի Ա­ռինք­նող Զա­պէլ Ե­սա­յեան (­Յով­հան­նէ­սեան, 1878-1943-?). ­Կին Գրո­ղի, Մտա­ւո­րա­կա­նի Եւ Ազ­գա­յին Գոր­ծի­չի Ա­ռինք­նող Կեր­պա­րը

4 ­Փետ­րո­ւա­րին կը նշենք ծնուն­դը ­Զա­պէլ Ե­սա­յեա­նի, որ իր մնա­յուն եւ բարձ­րա­դիր պա­տո­ւան­դա­նը ու­նի հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին յի­շո­ղու­թեան մէջ՝ իբ­րեւ ա­մէ­նէն ա­ռինք­նող կեր­պար­նե­րէն մէ­կը գրո­ղի, մտա­ւո­րա­կա­նի եւ ազ­գա­յին գոր­ծի­չի վա­ւե­րա­կան վաս­տակ նո­ւա­ճած մե­ծա­նուն հայ կի­նե­րու փա­ղան­գին։

Հայ գրա­կա­նու­թեան եւ ընդ­հան­րա­պէս հայ մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան կա­նա­ցի շունչն ու դրոշ­մը խորհր­դան­շող ար­ժա­նա­ւոր հե­ղի­նա­կու­թիւն­նե­րէն է ­Զա­պէլ Ե­սա­յեան։

Հայ կնոջ խղճմտան­քի ձայ­նը ա­ռա­ւե­լա­գոյն հնչե­ղու­թեամբ լսե­լի դար­ձաւ ­Զա­պէլ Ե­սա­յեա­նի գրա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան մէջ եւ փայլք ու փառք ա­պա­հո­վեց գրո­ղին։ Ինչ­պէս որ մեծն Յա­կոբ Օ­շա­կան կը վկա­յէ՝ ««­Մեր գրա­կա­նու­թեան մէջ ա­մէ­նէն կա­նա­ցի զգայ­նու­թիւնն է ա­նի­կա.- Քնք­շու­թիւն, գո­րով, գութ, վա­յել­չու­թիւն եւ ճա­շակ։ Իր գոր­ծին ե­րեք մեծ կեդ­րոն­նե­րը կազ­մե­ցին ­Փա­րիզ, ­Պո­լիս, ­Հա­յաս­տան, ո­րոնց գոյ­նե­րը կը պա­հեն բնա­կա­նու­թիւն, որ­քան տե­ղա­կան հաս­տատ նկա­րա­գիր։ Զ. Ե­սա­յեա­նի մէջ հայ գրա­կա­նու­թեան ա­մէ­նէն սխրա­լի շնորհ­նե­րը, կա­նա­ցի զգայ­նու­թեան ա­մէ­նէն սրտա­յոյզ խռովք­նե­րը ու մեր ժո­ղո­վուր­դի հո­գիին ա­մէ­նէն խո­րունկ սար­սուռ­նե­րը ի­րա­րու կը միա­նան։ Ա­նի­կա խղճմտանք մըն է, սիրտ մըն է, միտք մըն է, հա­ւա­սար ամ­րու­թեամբ ու ար­դա­րու­թեամբ։ ­Տի­կին Ե­սա­յեա­նի գոր­ծը ամ­բողջ մըն է։ Ա­նոր եր­կու մեծ բե­ւեռ­նե­րը՝ ան­հատ­նե­րու հո­գին եւ ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն հա­ւա­քա­կան զգայ­նու­թիւ­նը ընդ­միշտ նուա­ճո­ւած կը մնան ան­խոր­տա­կե­լի գոր­ծե­րու մէջ։ Զ. Ե­սա­յեան ա­րեւմ­տա­հայ գրա­կա­նու­թեան ա­մէ­նէն ամ­բողջ յա­ջո­ղու­թիւնն է»։

Ա­ռան­ձին ընդգ­ծու­մի ար­ժա­նի է նաեւ ու մա­նա­ւա՛նդ ­Զա­պէլ Ե­սա­յեան մարդ-քա­ղա­քա­ցիի կեր­պա­րը, որ ա­ռա­ւե­լա­գոյն հա­րա­զա­տու­թեամբ մարմ­նա­ւո­րեց մէկ ծայ­րա­յե­ղու­թե­նէն միւ­սը շատ ա­րագ ան­ցում կա­տա­րող կա­նա­ցի հո­գե­խառ­նու­թիւ­նը։ Այս ա­ռու­մով կը բա­ւէ նշել, որ մին­չեւ 1920-ի ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան կոր­ծա­նումն ու հա­յոց նո­րաս­տեղծ պե­տա­կա­նու­թեան խորհրդայ­նա­ցու­մը, ­Զա­պէլ Ե­սա­յեան մտա­ւո­րա­կանն ու ազ­գա­յին գոր­ծի­չը նո­ւի­րո­ւե­ցաւ Աս­տու­ծոյ, իսկ այ­նու­հե­տեւ՝ ծա­ռա­յեց ­Կայ­սեր, ո­րուն սա­կայն (եւ բա­րա­ցու­ցա­կա­նօ­րէն) անխ­նայ հա­րո­ւա­ծին «ար­ժա­նա­ցաւ» ­Զա­պէլ Ե­սա­յեան առ ի «ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն»… 1937-ի ստա­լի­նեան մաք­րա­գոր­ծում­նե­րուն զոհ եր­թա­լով եւ ան­յայտ վախ­ճան մը ու­նե­նա­լով։

Պոլ­սոյ Ս­կիւ­տար թա­ղա­մա­սին մէջ ապ­րող ­Յով­հան­նէ­սեան­նե­րու բա­րե­կե­ցիկ յար­կին տակ ծնաւ ­Զա­պէլ՝ 139 տա­րի ա­ռաջ։ ­Տար­րա­կան կրթու­թիւ­նը ստա­ցաւ ­Պոլ­սոյ Ս. ­Խաչ վար­ժա­րա­նին մէջ եւ 1895-ին գնաց ­Փա­րիզ՝ բարձ­րա­գոյն ուս­ման հե­տե­ւե­լու հա­մար։ ­Յա­ճա­խեց ­Սոր­պո­նի հա­մալ­սա­րա­նը, բազ­մա­կող­մա­նի զար­գաց­ման տի­րա­ցաւ գրա­կա­նու­թեան եւ փի­լի­սո­փա­յու­թեան մէջ եւ ու­սու­մը ա­ւար­տեց փայ­լուն ար­դիւն­քով։ ­Փա­րի­զի մէջ ալ ա­մուս­նա­ցաւ նկա­րիչ Տիգ­րան Ե­սա­յեա­նի հետ եւ գրա­կան աս­պա­րէզ մուտք գոր­ծեց ­Զա­պէլ Ե­սա­յեան ստո­րագ­րու­թեամբ։

Մին­չեւ 1908-ի Օս­մա­նեան ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան հռչա­կու­մը, ­Փա­րիզ ապ­րե­լով եւ ստեղ­ծա­գոր­ծե­լով՝ ­Զա­պէլ Ե­սա­յեան իր ա­ռա­ջին գոր­ծե­րը լոյս ըն­ծա­յեց Ար­շակ ­Ջո­պա­նեա­նի «­Ծա­ղիկ» եւ «Ա­նա­հիտ» գրա­կան հան­դէս­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ ֆրան­սա­կան պար­բե­րա­կան­նե­րու մէջ։ Այդ շրջա­նի իր եր­կու ու­շագ­րաւ գոր­ծերն են «Ս­պաս­ման սրա­հին մէջ» (1903) եւ «Շ­նորհ­քով մար­դիկ» (1907) վէ­պե­րը։

Իր մշա­կո­ւած ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նով, պարզ ու հա­ղոր­դա­կան, այ­լեւ խո­րազ­գած ո­ճով ու ազ­գա­յին, քա­ղա­քա­կան եւ հա­սա­րա­կա­կան, յատ­կա­պէս կա­նանց ի­րա­ւունք­նե­րու եւ ա­զա­տագ­րու­մին առ ի պաշտ­պա­նու­թիւն խի­զախ պատ­գա­մով՝ ­Զա­պէլ Ե­սա­յեան ար­դէն ու­շադ­րու­թիւն գրա­ւած հե­ղի­նակ էր, երբ ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան հռչա­կու­մէն ետք վե­րա­դար­ձաւ Պո­լիս եւ լծո­ւե­ցաւ գրա­կան թէ հա­սա­րա­կա­կան աշ­խոյժ գոր­ծու­նէու­թեան։

Շռն­դա­լից ազ­դե­ցու­թիւն գոր­ծեց 1909-ին լոյս տե­սած իր «­Կեղծ հան­ճար­ներ» վէ­պը, ո­րուն մէջ անխ­նայ հեգ­նան­քի նշա­ւակ դար­ձուց այ­լա­պէս հայ գրա­կա­նու­թեան իւ­րօ­րի­նակ ու տա­րօ­րի­նակ հսկա­նե­րէն ­Տի­րան Չ­րա­քեա­նը՝ ԻՆՏՐԱն։ Այդ շրջա­նէն իսկ զգա­լի դար­ձաւ հա­կա­սա­կա­նու­թիւ­նը ­Զա­պէլ Ե­սա­յեան ԵՐԵՒՈՅ­Թին. որ­քան սի­րե­լի եւ հա­րա­զատ էր վի­պա­գի­րը, այն­քան յա­ւակ­նոտ եւ ինք­նա­կեդ­րոն էր մարդ-քա­ղա­քա­ցին։

1909-ին, Ա­տա­նա­յի կո­տո­րած­նե­րուն ա­ռի­թով, ­Զա­պէլ Ե­սա­յեան մաս կազ­մեց ջար­դի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու Քն­նիչ ­Յանձ­նա­խում­բին։ ­Մօ­տէն ի­րա­զեկ դար­ձաւ ոչ միայն հա­յոց ող­բեր­գու­թեան, այ­լեւ՝ ընդ­հան­րա­պէս ­Կի­լի­կիոյ հա­յու­թեան մեծ տա­ռա­պան­քին, թրքա­կան բռնա­տի­րու­թեան ներ­քեւ։ Այդ ամ­բող­ջը գրա­կա­նօ­րէն յա­ւեր­ժու­թեան յանձ­նեց 1911-ին լոյս տե­սած իր «Ա­ւե­րակ­նե­րու մէջ» վէ­պով, որ կը նկա­տո­ւի իր կա­րե­ւո­րա­գոյն գոր­ծե­րէն մէ­կը։ Ե­ղեռ­նի նա­խօ­րեա­կին, ­Պոլ­սոյ հայ կեան­քին եւ յատ­կա­պէս գրա­կան-մշա­կու­թա­յին մեծ զար­թօն­քին գլխա­ւոր դրօ­շա­կիր­նե­րէն ե­ղաւ ­Զա­պէլ Ե­սա­յեան։ ­Գե­ղա­պաշտ սե­րուն­դի յա­ռա­ջա­պահ­նե­րէն էր, միա­ժա­մա­նակ՝ իր պատ­կա­նած ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ­Պոլ­սոյ պաշ­տօ­նա­թերթ «Ա­զա­տա­մարտ»ի է­ջե­րէն հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման կա­րե­ւոր պատ­գա­մա­բեր­նե­րէն ա­մէ­նէն դիւ­րա­հա­ղոր­դը եւ ժո­ղովր­դա­կա­նը։

Թր­քա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած ցե­ղաս­պա­նու­թեան նա­խօ­րէին ­Զա­պէլ Ե­սա­յեան ան­ցաւ Պուլ­կա­րիա՝ խոյս տա­լով թրքա­կան ոս­տի­կա­նու­թեան հե­տապն­դում­նե­րէն։ ­Հոն­կէ՝ ­Սեւ ­Ծո­վի վրա­յով ան­ցաւ ­Թիֆ­լիս, ուր շա­րու­նա­կեց իր աշ­խոյժ գոր­ծու­նէու­թիւ­նը թէ՛ գրա­կան-ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան, թէ՛ ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան բնա­գա­ւառ­նե­րու մէջ։ Այդ շրջա­նին կա­րե­ւոր աշ­խա­տակ­ցու­թիւն բե­րաւ ­Ռու­բէն ­Դար­բի­նեա­նի խմբագ­րած «­Գործ» հան­դէ­սին։ Այդ շրջա­նին գրեց ­Սե­բաս­տա­ցի ­Մու­րա­տի սեւ-ծո­վեան հե­րո­սա­կան ճամ­բոր­դու­թեան նո­ւի­րո­ւած յու­շա­վէ­պը։ 1919-ին, երբ վերս­տին հաս­տա­տո­ւած էր ­Փա­րիզ, մաս կազ­մեց ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան պա­տուի­րա­կու­թեան եւ իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րաւ ­Խա­ղա­ղու­թեան հա­մար գու­մա­րո­ւած խորհր­դա­ժո­ղով­նե­րուն՝ հա­յոց ի­րա­ւունք­նե­րը յի­շեց­նե­լով եւ Ար­դա­րու­թեան մեր պա­հան­ջին ի­րա­ւա­տէր կանգ­նե­լով։

Նոյն այս շրջա­նին ­Զա­պէլ Ե­սա­յեան ապ­րե­ցաւ իր կեան­քին մե­ծա­գոյն շրջա­դար­ձը։ ­Նախ՝ ամ­բող­ջա­պէս հիաս­թա­փո­ւե­ցաւ եւ­րո­պա­կան դի­ւա­նա­գի­տու­թե­նէն եւ մե­ծա­պե­տա­կան շա­հա­մո­լու­թե­նէն, ինչ որ պոլ­շե­ւի­կեան «ա­րե­ւա­ծագ»ին նկատ­մամբ թիւ­րա­հա­ւա­տու­թեան մղեց զինք։ Բայց նաեւ թունդ դա­ւա­նա­փո­խու­թիւն ու­նե­ցաւ՝ գի­նիէն դար­ձած քա­ցա­խի պէս… ոչ միայն կռնակ դար­ձուց ե­րէ­կի իր պաշ­տա­մուն­քին ա­ռար­կան ե­ղող ար­ժէք­նե­րուն, այ­լեւ՝ կա­տա­ղի եւ մաղ­ձոտ պայ­քար բա­ցաւ ա­նոնց դէմ։ ­Միայն մէկ օ­րի­նակ տա­լու հա­մար կ­՛ար­ժէ ա­ռանձ­նաց­նել Ա­ւե­տիս Ա­հա­րո­նեա­նի նկատ­մամբ ­Զա­պէլ Ե­սա­յեա­նի… «սրտա­փո­խու­թիւն»ը։ «­Հայ գրա­կա­նու­թեան թուխ Ա­րա­մազդ» հռչա­կու­մը Ա­հա­րո­նեան ստա­ցած էր նոյ­նինքն ­Զա­պէլ Ե­սա­յեա­նէն, 1910-ա­կան­նե­րուն, իսկ 1926-ին – ար­դէն խորհր­դա­յին հա­կա­դաշ­նակ­ցա­կան ա­տե­լու­թեան անձ­նա­տուր դար­ձած – ­Զա­պէլ Ե­սա­յեան միայն հեգ­նան­քի եւ ար­գա­հա­տան­քի ար­ժա­նի կը նկա­տէր միեւ­նոյն Ա­հա­րո­նեա­նին՝ ­Հայ­կա­կան Ա­զա­տա­մար­տի մե­ծա­գոյն եր­գի­չին։

Իր վե­րի­վայ­րում­նե­րով հան­դերձ՝ ­Զա­պէլ Ե­սա­յեան հայ ժո­ղո­վուր­դին կտա­կեց գրա­կան-մտա­ւո­րա­կան հա­րուստ ժա­ռան­գու­թիւն մը, որ ներշնչ­ման աղ­բիւր կը շա­րու­նա­կէ մնալ հա­յոց սե­րունդ­նե­րուն։

Ա­ւե­լի՛ն. սփիւռ­քեան հան­գիստ կեան­քէն հրա­ժա­րե­լով ­Հա­յաս­տան հաս­տա­տո­ւե­լու իր ընտ­րան­քով՝ ­Զա­պէլ Ե­սա­յեան նաեւ իբ­րեւ ազ­գա­յին-հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ օ­րի­նա­կե­լի դար­ձաւ։ Այդ­պէ՛ս էր, որ 17 ­Դեկ­տեմ­բեր 1934ին, Ե­րե­ւա­նէն Ա­ւե­տիք Ի­սա­հա­կեա­նի ուղ­ղո­ւած նա­մա­կի մը մէջ, ­Զա­պէլ Ե­սա­յեան ջեր­մա­գին կը յոր­դո­րէր այդ ժա­մա­նակ դեռ ար­տա­սահ­ման ապ­րող Ի­սա­հա­կեա­նին, այ­լեւ՝ ընդ­հան­րա­պէս սփիւռ­քի իր գրչեղ­բայր­նե­րուն, որ այ­լեւս վե­րա­դառ­նան ­Հա­յաս­տան, ուր կը կեր­տո­ւի հայ ժո­ղո­վուր­դին լու­սա­ւոր գա­լի­քը։

Ող­բեր­գա­կա­նօ­րէն, ­Զա­պէլ Ե­սա­յեան միայն ե­րեք տա­րի կրցաւ վա­յե­լել բերկ­րան­քը հայ­րե­նի հո­ղին. Ս­տա­լի­նեան հա­լա­ծանք­նե­րու շրջա­նին, 1937-ին, ­Զա­պէլ Ե­սա­յեան իր կար­գին ձեր­բա­կա­լո­ւե­ցաւ եւ աք­սո­րո­ւե­ցաւ…
Տա­ղան­դա­ւոր գրո­ղի եւ հա­մար­ձա­կա­խօս մտա­ւո­րա­կա­նի հայ կա­նա­ցի դէմ­քը վախ­ճա­նե­ցաւ աք­սո­րի մէջ, ո­րոշ աղ­բիւր­նե­րու հա­մա­ձայն՝ 1943 թո­ւին։

Մե­ծար­ժէք ­Զա­պէլ Ե­սա­յեա­նի շուն­չով ըն­թեր­ցո­ղի յու­զաշ­խար­հը ջեր­մաց­նե­լու հա­մար, ստո­րեւ՝ նմոյշ մը իր գրա­կա­նու­թե­նէն.

Որ­բե­րը – ­Ներ­սը եւ դուր­սը
(­Հա­տո­ւած)

Որ­բե­րը տե­ղա­ւո­րե­լէ ետք նա­խա­պէս ի­րենց հա­մար պատ­րաս­տո­ւած տե­ղե­րը, ուշ ա­տեն, պար­տա­սած եւ յուզ­մուն­քէ ջլա­տո­ւած, հա­սանք Ա­ռաջ­նոր­դա­րան։ Ե­կե­ղե­ցիին բա­կը պա­րապ էր եւ վեր­ջա­լու­սա­յին ան­դոր­րու­թիւն մը կը ծա­ծա­նէր մեր շուր­ջը. բայց մեր օ­րը դեռ չէր վեր­ջա­ցած, ո­րով­հե­տեւ ը­սին որ կին մը կը սպա­սէր մե­զի։– Որ­բեր ու­նի թե­րեւս ար­ձա­նագ­րե­լիք, ը­սաւ ըն­կեր մը։
Ո՛չ սա­կայն, որ­բեր չու­նէր ար­ձա­նագ­րե­լիք այս մէ­կը… շատ ե­րի­տա­սարդ էր ու դժո­ւար էր հա­ւա­տալ իր մայ­րու­թեա­նը. աչ­քե­րը մո­լո­րուն, դէմ­քը ծա­մած­ռած ու քա­րա­ցած ան­բա­ցատ­րե­լի գա­լա­րում­նե­րու մէջ, լե­զուն ծան­րա­ցած լոր­ձուն­քոտ շրթնե­րուն վրայ՝ ա­նի­կա ը­րաւ իր ան­հա­ւա­տա­լի պատ­մու­թիւ­նը…
– Աչ­քերս կու­րա­նա՜ն, քար կտրեր ե՜ն… ես ո՛չ հաց կ’ու­զեմ, ո՛չ օգ­նու­թիւն, ար­ցունք տո­ւէք ին­ծի՜…
Եր­կու տեն­դէ այ­րած աչ­քեր ի­րենց նա­յո­ւած­քը կը մխրճեն մեր աչ­քե­րուն մէջ։
– ­Մատ­ներս չոր­նա՜ն… սա մատ­նե­րովս ը­րի…։
Ու գա­լա­րուն մատ­նե­րը կը ներ­կա­յաց­նէ մե­զի։
Նա­խա­պէս բան մը կա­րե­լի չե­ղաւ հասկ­նալ, ո­րով­հե­տեւ իր կցկտուր եւ ող­բա­գին խօս­քե­րը կ­’ընդ­հա­տո­ւէին ահ­ռե­լի տագ­նապ­նե­րով. ա­նի­կա կուրծ­քը կը բզկտէր ու մա­զե­րը կը փեթ­տէր եւ լոր­ձուն­քին մէջ կը խեղ­դո­ւէին իր բա­ռե­րը… ու վեր­ջա­պէս ու­րիշ­ներ ե­կան մե­զի տե­ղե­կաց­նել…
Իր պատ­մու­թիւ­նը, գի­տէինք ար­դէ՜ն. Ա­դա­նա ոտք դրած օ­րեր­նիս լսած էինք զայն, ինչ­պէս ա­մէ­նէն ա­հա­ւոր­նե­րէն ա­ւե­լի ա­հա­ւոր դրո­ւագ մը… սա էր այն մայ­րը, որ իր տա­սը մատ­նե­րուն փոր­ձած ո­ճի­րո­վը խե­լա­գա­րած, հա­լա­ծո­ւած, չա­րա­գու­շակ կեն­դա­նիի պէս՝ կը թա­փա­ռէր ա­ւե­րակ­նե­րուն մէջ եւ ա­մէն սգա­ւո­րէն ա­ւե­լի սգա­ւոր, ա­մէն մէկ ար­կա­ծեա­լէն ա­ւե­լի դժբախտ, կը ջա­նար իր դժո­խա­յին վիշ­տը հասկց­նել…
Այն սեւ օ­րե­րուն մէջ էր… խումբ մը մար­դիկ յան­կար­ծա­կիի ե­կած, շրջա­պա­տո­ւած կո­տո­րող­նե­րէն, կ’ա­պաս­տա­նին նկու­ղի մը մէջ. ո­մանք ար­դէն զար­նո­ւած են եւ ո­մանք ար­դէն սգա­ւոր. բայց բո­լոր հծծիւն­նե­րը, բո­լոր ցա­ւի ա­ղա­ղակ­նե­րը, բո­լոր ինք­նա­կո­րոյս վի­րա­ւո­րո­ւած­նե­րը կը լռեն ու նկու­ղը գե­րեզ­մա­նա­յին լռու­թիւն կը ստա­նայ։ Ի­րենց վե­րեւ ա­նընդ­հատ հրա­ցան­նե­րու ձայ­նե­րը կը սու­րան ու վա­ռօ­դի, հրդե­հի ծու­խը սպրդե­լով մին­չեւ ի­րենց՝ վտան­գի մեր­ձա­ւո­րու­թիւ­նը կ’ազ­դա­րա­րէ։ ­Սար­սա­փա­հար՝ ի­րենք միշտ լուռ են ու ան­շարժ. յան­կարծ, ան­գի­տա­կից ու խի­զախ, ման­կա­կան ձայն մը կը ճչէ։ Ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան հո­գէն գա­զա­նա­ցած, մար­դիկ կ­ÿու­զեն զայն խլել։ ­Հոն են ման­կի­կին հայրն ու մայ­րը. սար­սա­փե­լի ո­ճի­րը վճռո­ւած է. տասն­հինգ զոյգ բո­ցա­վառ աչ­քեր, նկու­ղին մթու­թեան մէջ կը փնտռեն զայն… բա­զուկ­ներ կը սո­ղան դէ­պի ա­նոր… չեն խօ­սիր ու չեն տես­նար զի­րար, բայց մայ­րը կը հասկ­նայ եւ խուլ ձայ­նով կ­ÿա­ռա­ջար­կէ՝ յու­սա­լով որ մա­հը նո­ւազ վայ­րագ պի­տի ըլ­լայ իր տղե­կին հա­մար…
– ­Կե­ցէ՛ք, ես ի­րեն կեանք տո­ւի… ես պի­տի առ­նեմ իր կեան­քը…
Բայց իր մայ­րա­կան մատ­նե­րը ան­կա­րող կ­ÿըլ­լան պինդ սեղ­մո­ւե­լու ման­կի­կին կո­կոր­դին վրայ։
Ա­ւե­լի տի­րա­կան, ա­ւե­լի խի­զախ, տղուն ձայ­նը կը բարձ­րա­նայ… սեւ մո­լուցք մը կը դղրդէ ա­պաս­տա­նող­նե­րը ու լռին բայց հաս­տատ կը մօ­տե­նան դժբախտ ծնող­քին։
Ու այս ան­գամ հայրն է, որ կը ստանձ­նէ դժնդակ գոր­ծո­ղու­թիւ­նը։
– Ան­գամ մըն ալ կե­ցէ՛ք… ես կը վեր­ջաց­նեմ…
Ե­րեք օր կը մնան նկու­ղին մէջ եւ այ­լեւս տղուն ձայ­նը չի լսո­ւիր. բայց երբ լոյ­սին եւ ա­րե­ւին կ’ել­լեն, տղան դեռ չէր մե­ռած։ ­Հո­գե­վար­քը կը տե­ւէ եր­կա՜ր. փո­րը ու­ռած, աչ­քե­րը կա­պիճ­նե­րէն դուրս, կար­ծես զար­մա­ցած իր վրայ կա­տա­րո­ւած ո­ճի­րէն, հէգ ման­կի­կը իր շուն­չը կու տայ եր­կա­րա­տեւ տա­ռա­պան­քէ մը ետ­քը։ ­Մայ­րը ար­դէն խե­լա­գա­րո­ւած էր։
Այս այն կինն էր… ու­րեմն ա­նոնք, որ ի­րենց ձեռ­քո­վը թա­ղե­ցին ի­րենց զա­ւակ­նե­րուն դիակ­նե­րը, ա­նոնք, որ տե­սան ի­րենց տղոց հիւ­ծի­լը եւ տա­ռա­պի­լը ա­նօ­թու­թե­նէ եւ վէր­քե­րէ, ա­նոնք՝ դեռ բախ­տա­ւոր էին։
Ծա­մած­ռած դէմ­քը ոճ­րա­գործ մօ­րը կը ծած­կո­ւի ստո­ւե­րի մը ներ­քեւ. մեր աչ­քե՞րն են որ կ­’ամ­պո­տին, թէ ե­րե­կո­յեան մութն է որ կ­’իջ­նէ… մղձա­ւան­ջա­յին գի­շե­րը ե­կեր է… ա­հա­ւա­սիկ Սի­հու­նը կը մռնչէ… մտիկ կ’ը­նենք իր ձայ­նը՝ ինչ­պէս նաեւ թշո­ւառ կնոջ ա­ղա­ղա­կը։
– Ես ո՛չ հաց կ­’ու­զեմ քեզ­մէ, ո՛չ օգ­նու­թիւն, ար­ցունք տո­ւէ՛ք ին­ծի։





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+