30 Ocak 2017
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու Հայաստանին դարձեալ կոչ ուղղած է ստեղծելու «1915-ի դէպքերը» ուսումնասիրելու համար միացեալ յանձնախումբ մը:
Ըստ «Կազեթէ Վաթան» օրաթերթին, լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին Չաւուշօղլու նախ ողջունած է Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքը ջնջելու մասին Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդի որդեգրած որոշումը, ապա անդրադարձած է Դանիոյ խորհրդարանին մէջ ցեղասպանութեան խնդիրի արծարծումին:
Ան չէ թաքցուցած իր գոհունակութիւնը, որ Դանիոյ խորհրդարանը Ցեղասպանութեան վերաբերեալ որդեգրած բանաձեւին մէջ չէ կիրարկած «ցեղասպանութիւն» եզրը:
Չաւուշօղլու չէ վարանած նաեւ մարտահրաւէր ուղղելու Հայաստանին` ըսելով. «Մենք Հայաստանին միշտ կ՛ըսենք` եթէ կը հաւատաք դուք ձեզի, ապա եկէք միացեալ յանձնախումբ ստեղծենք: Այլ երկիրներէ ալ գիտնականներ թող մասնակցին: Բոլոր արխիւները թող բացուին, ատկէ ետք մենք պիտի ընդունինք արդիւնքը: Սակայն մինչեւ օրս Հայաստանը ատոր չէ դիմած: Ինչո՞ւ: Իրենք ալ գիտեն, որ ցեղասպանութիւն չէ եղած, սակայն Թուրքիոյ դէմ կը շարունակեն համագործակցիլ արտասահմանեան լոպիիստական ուժերու հետ»:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին իր պաշտօնական կայքին վրայ տեղադրուած յայտարարութեան մէջ` անդրադառնալով Ֆրանսայի սահմանադրական խորհուրդի որդեգրած որոշումին, կը նշէ. «Որդեգրուած որոշումը իրաւական կարեւոր ձեռքբերում է` պատմական խնդիրներու վերաբերեալ ժողովրդավարական քննարկումներու, ներքաղաքական նկատառումներով կատարուած ոչ օրինական սահմանափակումներու տեսանկիւնէն»:
Յայտարարութեան համաձայն, այս որոշումով Ֆրանսայի սահմանադրական խորհուրդը անգամ մը եւս ցոյց տուաւ իր հաւատարմութիւնը «ժողովրդավարութեան անքակտելի մասը նկատուող խօսքի ազատութեան եւ օրէնքի գերակայութեան սկզբունքին»:
«Յոյս ունինք, որ քաղաքական նպատակներով այդպիսի խնդիրները շահարկող շրջանակները այս որոշումէն անհրաժեշտ դասեր պիտի քաղեն», նշուած է յայտարարութեան մէջ: