Հրանդ Տինք Հայուն Եւ Անոր Քաղաքական Որոշ Հայեացքներուն Մասին - Հայերէն
26 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Նպատ / Ժամ : Առագոտ

Հայերէն :

22 Ocak 2017  

Հրանդ Տինք Հայուն Եւ Անոր Քաղաքական Որոշ Հայեացքներուն Մասին -

Հրանդ Տինք Հայուն Եւ Անոր Քաղաքական Որոշ Հայեացքներուն Մասին Հրանդ Տինք Հայուն Եւ Անոր Քաղաքական Որոշ Հայեացքներուն Մասին

Ստորեւ կու տանք Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպութեամբ երէկ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած «Հրանդ Տինք. 10 տարի անց» կլոր սեղան-քննարկումին ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեանի խօսքը:

Հրանդը իսկական թրքահայ էր, աւելի ճիշդ, ինչպէս ինք պիտի նախընտրէր ըսել` թուրքիացի հայ էր: Ան ծնած էր Թուրքիա, Փոքր Հայքի Մալաթիա քաղաքը: Թուրքիոյ քաղաքացի էր, հաւատարիմ քաղաքացի. իր բոլոր քայլերը ուղղուած էին լաւ, արդար, ժողովրդավարական Թուրքիա մը կերտելուն: Ան նաեւ հայ էր` իբրեւ հայ ժողովուրդի մէկ մասնիկը, մտահոգ` հայութեան խնդիրներով: Ինք իր մտքին մէջ կրցած էր զուգորդել իր ինքնութեան այս երկու յատկանիշները, եթէ նոյնիսկ հրապարակաւ չուզէր կամ չկարենար այդ մասին միշտ ամբողջապէս բարձրաձայնել:

Ան միաժամանակ ամբողջական հայ էր, մտահոգ` Հայաստանի, Արցախի, սփիւռքի հարցերով: Սակայն իրեն համար գլխաւոր մտահոգութիւնը այսօրուան Թուրքիոյ մէջ ապրող հայ երիտասարդութիւնն էր, սկսած Արեւմտահայաստանի մէջ մնացած բեկորներէն, որոնց Պոլսոյ մէջ հայերէն սորվեցնելով, հայեցի դաստիարակութիւն տալով զբաղած էր իր ընկերոջ հետ. ապա, սկսած էր կազմակերպել երիտասարդները, որոնց շարժումը թափ առաւ իր` Հրանդի սպանութենէն ետք: Իր բացած ակօսները սկսան իսկապէս բերք տալ յատկապէս իր սպանութենէն ետք:

Կարեւոր է նաեւ շեշտել Տինքի տեսակէտը Թուրքիոյ մէջ ապրող հայութեան կարգավիճակին մասին: Ան կ՛ուզէր, որ թուրքիացի հայերը նկատուէին ոչ թէ եկեղեցական համայնք կամ կրօնական փոքրամասնութիւն, այլ` իբրեւ ազգային փոքրամասնութիւն: Թէեւ իր այս մօտեցումը վտանգաւոր կրնար ըլլալ Թուրքիոյ հայութեան համար, ի վերջոյ անոր կրօնական փոքրամասնութիւն ըլլալը ամրագրուած էր 1923-ի Լոզանի դաշնագիրին մէջ, ինչու Թուրքիոյ Հանրապետութեան շրջանին անոր տուած էր իր իրաւունքները, սակայն, ունէր քաղաքական այլ նպատակներ եւս:

Թուրքիացի այս հայուն, սակայն, չհանդուրժեց Թուրքիան, Թուրքիոյ պետութիւնը: Չհանդուրժեց, որովհետեւ ան Թուրքիոյ հասարակութեան հետ կը խօսէր իրեն հասկնալի լեզուով, իրեն հասկնալի ոճով, եւ ատոր մէջ Թուրքիոյ պետութիւնը վտանգ տեսաւ: Վտանգ, որովհետեւ Հրանդ Տինք սկսած էր համոզել Թուրքիոյ հասարակութիւնը, որ անհրաժեշտ է վերատեսութեան ենթարկել տասնամեակներ շարունակ իրենց մատուցուած պաշտօնական «իրականութիւնը», սկսած թրքական ինքնութենէն մինչեւ Թուրքիոյ պատմութիւն: Սպանութենէն երկու ամիս առաջ, մեր վերջին հանդիպումին, Թեհրանի մէջ, Թեհրանի Հայ դատի յանձնախումբին կազմակերպած «Հայ դատն այսօր» 4-րդ խորհրդաժողովին, Տինք հրաշալիօրէն ներկայացուց Թուրքիոյ մէջ ինքնութեան հարցի տագնապը: Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը Թուրքիոյ կողմէ ան կը նկատէր կարեւորագոյն խնդիր եւ համոզուած էր, որ այդ ճանաչումը տեղի չ՛ունենար մէկ մտահոգութեամբ: Ան ըսաւ. «Անոնք ունին ուրիշ մտավախութիւն [®]. անոնք ստեղծեցին նոր քաղաքացի մը, նոր ինքնութիւն մը, որ կը կոչուի թուրք, եւ ատիկա ունի իր պատմութիւնը, իր մշակոյթը, որ արհեստական պատմութիւն է, արհեստական մշակոյթ է եւ եթէ հիմա այդ ինքնութիւնը [Ցեղասպանութեան ճանաչումով] չեղեալ ըլլայ, երկրաշարժ կ՛անցնէ, եւ եթէ այդ ինքնութիւնը տապալի, այդ երկի՛րը կը տապալի»:

Հայաստանի մէջ վերջին անգամ զինք տեսայ 21 սեպտեմբեր 2006-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 15-ամեակին առիթով զինուորական շքերթին: Յատուկ եկած էր ներկայ ըլլալու: Այդ մթնոլորտին մէջ ալ առիթ ստեղծեց իր քաղաքական գաղափարներէն մէկը փոխանցելու` իբրեւ խորհուրդ: Նոյն տեսակէտը ան բարձրաձայնեց Թեհրանի մէջ, վերոյիշեալ խորհրդաժողովի ընթացքին:

Ի՞նչ էր Հրանդի միտք բանին: Ան կ՛ըսէր, որ անշուշտ կարեւոր է, որ տարբեր երկիրներ, եւրոպական երկիրներ ճանչնան Հայոց ցեղասպանութեան փաստը: Սակայն, հարց կու տար Տինք. «Արդեօք կարելի չէ՞ ուրիշ բաներ պահանջել անոնցմէ` վասն հատուցման անցեալի նկատմամբ: Եթէ ինծի հարցնէք` եւրոպացիները պէտք է այն գիտակցութեան յանգին, որ իրենք պատասխանատու են այս ժողովուրդին նկատմամբ եւ այսօր հատուցում պէտք է վճարեն այս ժողովուրդին»: Եւ Տինք կ՛առաջարկէր, որ այդ հատուցումը ըլլայ այնպէս, որ Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցելու ժամանակ, Հայաստան եւս ընդունուի իբրեւ Եւրոպական Միութեան անդամ: «Կը խորհիմ, որ Եւրոպական Միութեան անդամակցիլը Հայաստանի համար թէ՛ Թուրքիոյ, թէ՛ Ազրպէյճանի այդ պաշարումէն ազատուիլ կը նշանակէ, թէ՛ Ռուսիոյ ձեռքէն ազատուիլ կը նշանակէ եւ թէ՛ զարգանալ կը նշանակէ, ապահովութիւն կը նշանակէ, անվտանգութիւն կը նշանակէ»:

Տինքի շարք մը այլ քաղաքական հայեացքներուն նման, այս ալ կարելի է նկատել «ռոմանտիկ», ինչպէս ինք կը նկատէր ինքզինք: Սակայն, անառարկելի է, որ իւրայատուկ գաղափար էր:

Տինքի այս ու շարք մը այլ քաղաքական հայեացքներուն համար մենք ընդդիմախօսներ էինք: Սակայն, այդ պատճառ չէր, որ մենք միասին չգործակցէինք: Այդ կը պարտադրէր Հրանդի ինքնավստահութիւնը, իր գաղափարներուն համոզուածութիւնն ու նուիրուածութիւնը:

Կ’ուզեմ աւարտել Տինքի հիմնադրած եւ խմբագրած «Ակօս» շաբաթաթերթի այս` 10-րդ տարելիցին առիթով բացառիկին համար խնդրած իմ «Տինքին նամակ»-ովս, որ լոյս տեսաւ թերթի այսօրուան հայերէն եւ թրքերէն թիւին մէջ: Այնտեղ կ’եզրակացնեմ.

«Վստահաբար ուրիշներ ալ արդէն քեզի տեղեկացուցած կ՛ըլլան, որ այս տասը տարուան մէջ բաւական բան փոխուեցաւ Թուրքիոյ մէջ` մէկ քայլ առաջ-երկու քայլ ետ կշռոյթով: Անկեղծ ըսած, վստահ չեմ, որ դուն պիտի ուզէիր այս օրերուն Թուրքիոյ մէջ ողջ ըլլալ, ֆիզիքապէս` ողջ:

«Սակայն, այլապէս, ինչպէս արդէն ըսի, դուն կաս: Դուն կաս շատերու մօտ, եւ իւրաքանչիւրը քեզի կը յիշէ իւրովի: Շատեր ուրիշ շատերու կողմէ քու մասին ըսածները լսելով, կրնան զարմանալ, եթէ բոլորը նոյն մարդուն` քու մասիդ կը խօսին: Յամենայն դէպս, ինծի համար կարեւորը այն է, որ քու մասիդ կը խօսի, կը մտածէ Թուրքիոյ, գոնէ` Պոլսոյ հայ երիտասարդութեան մէկ մասը եւ այն ալ` խոր յարգանքով, անկեղծ սիրով եւ կարծես որոշեր է վարակուիլ, կամ արդէն վարակուեր է, քու համարձակութեամբդ, քու ինքնավստահութեամբդ:

«Ի դէպ, 2013-ին այցելեցի քու սպանութեանդ վայրը, քու աշխատանքիդ վայրը եւ քու շիրիմդ: Չկրցայ չջղայնանալ այդ մեծ անարդարութեան յիշեցումէն: Խօսակիցներուս կը կրկնէի, որ դուն երկրորդ անձն էիր, որ զիս հրաւիրած էիր Պոլիս: Առաջինը, ժամանակին իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան երեսփոխան մը, արդէն փախստական էր երկրէն դուրս: Իսկ դուն® դուն ալ սպաննուած` պետութեան կողմէ: Յամենայն դէպս, կը կարծեմ, որ շատեր պիտի ուզէին գոնէ քեզի պէս ապրիլ այդ երկրին մէջ:

«Հողը թեթեւ գայ, սիրելի՛ Հրանդ»:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+