22 Ocak 2017
«Արմէնփրես»` յղում կատարելով Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթին, կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան 18 յունուարին նախագահական պալատին մէջ ընդունած է հայ համայնքի հիմնադրամներու միութեան եւ Ս. Փրկիչ հիւանդանոցի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Պետրոս Շիրինօղլուն:
Հանդիպումը տեղի ունեցած է լրագրողներու համար փակ ձեւաչափով: Անիկա տեւած է շուրջ մէկ ժամ: Հանդիպումին արդիւնքներուն մասին Շիրինօղլու «Ժամանակ» օրաթերթին փոխանցած է շարք մը տուեալներ:
Ան յայտնած է, որ Թուրքիոյ նախագահին հետ հանդիպումի ընթացքին քննարկուած հարցերու շարքին եղած են պատրիարքի եւ համայնքային հաստատութիւններուն մէջ ընտրութիւն կատարելու հարցը:
«Էրտողան ըսած է, որ տեղեակ է այս հարցին մէջ եղած ակնկալութիւններէն: Ըստ անոր, յապաղումը ունի երկու հիմնական պատճառ: Առաջինը` հայ համայնքին մէջ գոյութիւն ունեցող տարակարծութիւններն են: Երկրորդը` պետական մարմիններու չափազանց ծանրաբեռնուածութիւնն է: Էրտողան յայտնած է, որ պատկան մարմինները կը շարունակեն զբաղիլ Թուրքիոյ հայ համայնքի խնդիրներուն լուծման կարելիութիւններով: Մօտալուտ հանրաքուէէն ետք պէտք է լուծուին պատրիարքական ընտրութեան, ինչպէս նաեւ համայնքային ընտրութիւններուն հարցերը», կը գրէ օրաթերթը: