22 Ocak 2017
«Նոր զարթօնք» կազմակերպութիւնը հրապարակած է մամուլին եւ հասարակութեան ուղղուած հետեւեալ կոչը.
«Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան պատգամաւոր Կարօ Փայլանը սահմանադրական փոփոխութիւններուն մասին ելոյթ մը ունեցած է խորհրդարանին մէջ, 13 յունուար 2017 թուականին: Փայլան իր ելոյթին մէջ անդրադարձած է 19-րդ դարու Օսմանեան կայսրութեան մէջ ազգերու համակարգին եւ առաջին սահմանադրութեան բազմաձայն ոգիին: Նաեւ, ան յիշեցուցած է Գրիգոր Օտեանի դերը:
Ցաւօք սրտի, այս սահմանադրութիւնը, ընդունելութենէն կարճ ժամանակ ետք, օսմանեան-ռուսական պատերազմին պատրուակով գործադրութենէ դադրեցուած է Ապտուլ Համիտի կողմէ: Մահմետական (56 պատգամաւորներ) եւ ոչմահմետական (40 պատգամաւորներ) ժողովուրդներու ներկայացուցիչներէն բաղկացած այս բազմաձայն խորհրդարանը պիտի փակուէր սուլթանին կողմէ (14 փետրուար, 1878):
Այս պալատական յեղաշրջման յաջորդած է 30 տարուան բռնատիրական շրջան մը: Այս շրջանը, որ մեծ տառապանքներու պատճառ եղած է, «Հաւասարութիւն, եղբայրութիւն, խաղաղութիւն» կարգախօսներով պիտի վերջանար: Իթթիհատական եռեակին իշխանութեան գլուխ գալուն եւ անոր յաջորդող Ա. Աշխարհամարտին պատճառով Օսմանեան կայսրութիւնը կործանեցաւ: Թալէաթէն, Էնվերէն եւ Ճեմալէն բաղկացած այս եռեակը, պատերազմը յարմար առիթ համարելով, հայերուն եւ ասորիներուն դէմ ցեղասպանութիւն գործեց:
Կարօ Փայլան իր ելոյթին մէջ մատնանշած է այս պատմական իրականութիւնը: Այս առիթով ան թուարկած է պատմութեան ընթացքին բազմիցս, տարբեր վայրերու մէջ յայտնուած միապետական վարչաձեւին վնասները:
Այս օրինակելի ելոյթը անարգաբար ընդհատուած է այլ քաղաքական կուսակցութիւններու պատգամաւորներու կողմէ: «Չկայ ցեղասպանութիւն», «Ապրուածները ցեղասպանութիւն չէք կրնար անուանել» պոռչտուքներուն տակ` Փայլան չէ կրցած շարունակել իր ելոյթը:
Խորհրդարանի փոխնախագահ Ահմետ Այտըն` «Գիտէ՞ք, թէ ի՛նչ կ՛ըսէք, հիմա ես ի՞նչ ընեմ: Ուշադրութիւն ըրէք ձեր շարժումներուն: Դուք չէք կրնար օգտագործել այս ազգը վիրաւորող արտայայտութիւններ» ըսելով` միջամտած է: Ան այս խօսքերով յարձակած է Կարօ Փայլանի խօսքի ազատութեան ու ամպիոնի անձեռնմխելիութեան վրայ, նաեւ պատիժի ենթարկած է Կարօ Փայլանը` զայն յաջորդ երեք նիստերուն մասնակցելու իրաւունքէն զրկելով, հակառակ անոր որ հայ պատգամաւորը վիրաւորական կամ նուաստացուցիչ ո՛չ մէկ բառ արտայայտած էր:
Կ՛ապրինք այնպիսի՛ վարչակարգի մը մէջ, ուր պատգամաւոր մը իսկ չի կրնար բացատրել իր գաղափարները ազատօրէն, նոյնիսկ` խորհրդարանական ամպիոնէն: Եթէ ընդունուի, ապա նոր սահմանադրութիւնը աւելի ծանր պայմաններ պիտի բերէ: Անգամ մը եւս կ՛ուզենք յայտարարել, որ կը մերժե՛նք միապետական վարչակարգը, որ պատմութեան ընթացքին մարդկութեան ոչ մէկ բան բերած է` բացի պատերազմէն, աղքատութենէն եւ տառապանքէն, եւ ոչ մէկ նպաստ ունի հասարակական խաղաղութեան, հաւասարութեան եւ ազատութեան պայքարին մէջ:
Կը զօրակցի՛նք Կարօ Փայլանին, որ իրականութիւնը համարձակօրէն յայտնած է խորհրդարանի ամպիոնէն, եւ` իր կուսակից պատգամաւորներուն, որոնք զօրակցած են իրեն:
Կեցցէ՛ ժողովուրդներու համերաշխութիւնը»:
«Մենք Հետդ Ենք, Կարօ՛».
Սերժ Թանգեանը` Փայլանին
Ամերիկահայ յայտնի երաժիշտ Սերժ Թանգեան, իբրեւ աջակցութիւն Թուրքիոյ խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլանին, գրառում մը կատարած է Դիմատետրի իր էջին վրայ` Փայլանը «իսկակա՛ն հերոս» անուանելով:
«Այսօր (յունուար 16), երբ մենք կը յիշենք Մարթին Լութըր Քինկը եւ այն արժէքները, որոնց համար ան կը պայքարէր, Էրտողանի իշխանութիւնը Թուրքիոյ մէջ խորհրդարանի պատգամաւորը կը հեռացնէ նիստերէն` Ցեղասպանութիւնը յիշատակելուն համար: Կարօ Փայլան իսկակա՛ն հերոս է, որովհետեւ չափազանց դիւրին է ճշմարտութիւնը ըսել այնպիսի հասարակութեան մը մէջ, ուր այդ քայլը հետեւանքներ պիտի չունենայ, բայց շա՛տ վտանգաւոր է նոյնը ընել այնպիսի հասարակութեան մը մէջ, ուր անիկա կրնայ հետեւանքներ ունենալ: Ինծի համար մեծ պատիւ էր հանդիպիլ Կարոյի հետ անցեալ տարի: Մենք հետդ ենք, Կարօ՛», գրած է Թանգեան: