Թրամփ Ռուսիոյ Ձեռք Բերած Վարկաբեկիչ Տեղեկութիւններուն Մասին Նիւթերը Կը Նկատէ «Վհուկներու Որս» - Հայերէն
26 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Նպատ / Ժամ : Հուրփեայլեալ

Հայերէն :

12 Ocak 2017  

Թրամփ Ռուսիոյ Ձեռք Բերած Վարկաբեկիչ Տեղեկութիւններուն Մասին Նիւթերը Կը Նկատէ «Վհուկներու Որս» -

Թրամփ Ռուսիոյ Ձեռք Բերած Վարկաբեկիչ Տեղեկութիւններուն Մասին Նիւթերը Կը Նկատէ «Վհուկներու Որս» Թրամփ Ռուսիոյ Ձեռք Բերած Վարկաբեկիչ Տեղեկութիւններուն Մասին Նիւթերը Կը Նկատէ «Վհուկներու Որս»

«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփ «վհուկներու քաղաքական որս» նկատած է ամերիկեան լրատուամիջոցներու այն հաղորդումները, թէ Ռուսիոյ գաղտնի սպասարկութիւնները ձեռք բերած են նիւթեր, որոնք կը վարկաբեկեն զինք:

Ամերիկեան քանի մը հրատարակութիւններ` վկայակոչելով անանուն պաշտօնատարներ, հաղորդած էին, որ անցեալ շաբաթ ամերիկեան գաղտնի սպասարկութիւնները Թրամփին յանձնած են անոր մասին չհաստատուած եւ վարկաբեկող նիւթեր, որոնք իբրեւ թէ Ռուսիան ձեռք ձգած է:

Թրամփ` չնշելով այդ յօդուածները, «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է. «Մտացածին նորութիւններ. վհուկներու ընդհանուր քաղաքական որս»:

Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով իր կարգին յայտնեց, որ Քրեմլին Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահը կամ նախագահութեան դեմոկրատական թեկնածու Հիլըրի Քլինթընը շանթաժի ենթարկելու որեւէ տեղեկութիւն չունի:

Ան շեշտեց, որ Ռուսիա այդ գործելաոճը չորդեգրեր` աւելցնելով, որ այդ «սուտ» պնդումներուն նպատակը Ուաշինկթընի հետ յարաբերութիւններուն վնասելն է:

Միւս կողմէ, «Տեմոքրաթհապեր» հաղորդեց, որ Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը հերքած է Միացեալ Նահանգներու կողմէ Թուրքիոյ դէմ գործուած համացանցային յարձակումներուն մասին մեղադրանքները:

Թուրքիոյ ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Պերաթ Ալպայրաք յայտարարած էր, որ Պոլսոյ մէջ արձանագրուած ելեկտրականութեան անջատումներուն պատճառները Միացեալ Նահանգներէն եկող համացանցային յարձակումներն են:

Ի պատասխան այդ յայտարարութիւններուն, դեսպանատունը յայտնած է, որ ատիկա իրականութեան չի համապատասխաներ: «Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ միջեւ համացանցային յանցագործութիւններու դէմ պայքարի հարցին մէջ ամուր համագործակցութիւն կայ», նշած է դեսպանատունը` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներ պատրաստ են Թուրքիոյ հետ շարունակելու համացանցային յարձակումներու դէմ միացեալ պայքարը:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+