12 Ocak 2017
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարք Թոնըր յայտնեց. «Սուրիոյ քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւնը պէտք է Սուրիոյ մէջ երկարատեւ լուծման բանակցութիւններու սեղանին վրայ իր տեղը ունենայ, եւ Սուրիոյ քիւրտերը պէտք է ներառուին այդ հոլովոյթին մէջ»:
Ան նշեց, որ իր երկրին կարծիքով` Սուրիոյ մէջ պատերազմին վերջ տալու միակ ուղին Սուրիոյ մէջ խաղաղութիւն գոյացնելու համար ՄԱԿ-ի հովանաւորութեամբ ջանքերն են:
«Ամերիկեան իշխանութիւնները քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն զէնք չեն մատակարարեր», ըսաւ Թոնըր: