19 Aralık 2016
Հռոմի Սրբազան քահանայապետ Ֆրանչիսկոս պապը Դեկտեմբեր 17-ին կը նշէ իր ծննդեան 80-ամեակը: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը, աշխարհի տարբեր երկիրներու առաջնորդներ շնորհաւորած են կաթոլիկ աշխարհի հոգեւոր առաջնորդին յոբելեանի առթիւ:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան նոյնպէս շնորհաւորական ուղերձ յղած է Նորին Սրբութիւն Հռոմի Պապին` ծննդեան 80-ամեակին առիթով` մաղթելով անոր քաջառողջութիւն, ամենայն բարիք եւ մեծագոյն յաջողութիւններ աշխարհի մէջ խաղաղութեան ամրապնդման ուղղուած անոր վճռական ջանքերուն համար:
«Դուք վայելում էք խորին յարգանք, մեծ համակրանք եւ բարձր հեղինակութիւն հայ ժողովրդի կողմից, ինչը առիթ ենք ունեցել զգալու 2016 թուականի Յունիսին Հայաստան կատարած Ձեր այցի ժամանակ:
«Ջերմութեամբ լի Ձեր այցը Հայաստանի եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ միջպետական եւ միջեկեղեցական աւանդական բարեկամական յարաբերութիւնների պերճախօս վկայութիւնն է եւ համերաշխութեան կարեւոր պատգամ այսօրուայ հակամարտող աշխարհին»,-ըսուած է ՀՀ նախագահի շնորհաւորական ուղերձին մէջ:
Պուէնոս Այրեսի նախկին արքեպիսկոպոս Խորխէ Մարիօ Պերկոլիոն Հռոմի 266-րդ պապ դարձած է 2013 թուականի Մարտին: Ան յայտնի է հայերու եւ Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ ունեցած դրական դիրքորոշմամբ: Հայոց ցեղասպանութեան 91-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներու ժամանակ Պուէնոս Այրեսի մէջ ան նա կոչ ըրած էր Թուրքիոյ ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը իբրեւ «Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայ ժողովուրդի եւ ողջ մարդկութեան հանդէպ իրականացուած ծանրագոյն յանցագործութիւն»:
2015 թուականի Ապրիլ 12-ին Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը մատուցեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած պատարագ: Այս պատմական իրադարձութեան ներկայ էին ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ կաթողիկոս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա․ կաթողիկոս, ինչպէս նաեւ հայ կաթոլիկներու պատրիարք Ներսէս Պետրոս XIX: Պատարագի ժամանակ Ֆրանչիսկոս պապը նշեց, որ 20-րդ դարուն տեղի ունեցած է Ցեղասպանութիւն, որուն զոհ գացած են հայեր, յոյներ ու ասորիներ: Պատարագի ընթացին Հայ եկեղեցւոյ սուրբերու շարքը դասուած Գրիգոր Նարեկացին հռչակուեցաւ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ տիեզերական վարդապետ:
2016 թուականի Յունիս 24-ին Հռոմի պապը այցելեց Հայաստան: Երկար սպասուած այցելութիւնը իրականացուեցաւ «Այց առաջին քրիստոնեայ երկիր» խորագիրին ներքոյ: Հայաստանի մէջ ան այցելեց Ծիծեռնակաբերդ` Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշահամալիր, ծաղկեպսակ դրաւ յուշակոթողին եւ աղօթեց: Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ պատուոյ այցելուներու գիրքին մէջ ան գրեց. «Այստեղ կ՛աղօթեմ` ցաւը սրտիս մէջ, որպէսզի այլեւս երբեք նման ողբերգութիւններ, ինչպիսին սա է, չկրկնուին, որպէսզի մարդկութիւնը չմոռնայ եւ իմանայ չարութեան բարութեամբ յաղթել: Թող Աստուած պարգեւի սիրեցեալ հայ ժողովուրդին եւ ամբողջ աշխարհին խաղաղութիւն եւ մխիթարութիւն: Աստուած պահպանէ հայ ժողովուրդի յիշողութիւնը: Յիշողութիւնը կարելի չէ ոչ պղտորել, ոչ մոռնալ: Յիշողութիւնը խաղաղութեան եւ ապագայի աղբիւրն է»:
Հռոմի պապը այցելած էր նաեւ Հայ Առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ համար կարեւորագոյն սրբավայրերէն մէկը` Խոր Վիրապ, ուր Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի հետ աղօթելէ ետք անոնք աղաւնիներ թռցուցին Արարատի ուղղութեամբ: