15 Aralık 2016
Դեկտեմբեր 7-ին, Լոնտոնի Սբ Քաթպըրթի եկեղեցիին մէջ, Միացեալ Թագաւորութեան «Մարդասիրական օգնութեան նպաստող հիմնադրամը» (HART)` գլխաւորութեամբ պարոնուհի Քերոլայն Քոքսի, կազմակերպած էր Սուրբ Ծննդեան նուիրուած ամենամեայ համերգ: Այս մասին կը հաղորդեն «Թէքէյեան Կեդրոն» հիմնադրամէն:
Համերգին, պարոնուհի Քոքսի հրաւէրով, կրկին իր մասնակցութիւնը ունեցաւ Լոնտոնի Թէքէյեան Խնամակալ Մարմինի (Tekeyan Trust) «Կոմիտաս» երգչախումբը:
Երգչախումբին անդամները` իբրեւ յարգանք 1915 Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին՝ կը կրէին անմոռուկներով կրցքանշաններ. իսկ երգչախումբին ելոյթէն առաջ՝ խմբավար Սիփան Օլահ իր ողջոյնի խօսքին մէջ անդրադարձաւ անմոռուկներու խորհուրդին, յիշատակելով պատմութեան դառն էջերը: Օլահ նաեւ ընդգծեց, որ սոյն օրը հայ ժողովուրդի համար յիշատակի այլ օր մըն է, քանզի 1988 Դեկտեմբեր 7-ին, Հայաստի մէջ տեղի ունեցաւ աղէտալի երկրաշարժը, որ խլեց հազարաւոր մարդոց կեանքեր:
Համերգին «Կոմիտաս» երգչախումբը կատարեց Կոմիտասի «Այսօր տօն է Սբ Ծննդեան», ուելսական օրօրոցային «Սիօ Գան», Ստեփան Լուսիկեանի «Ազատ Հայաստան» եւ Ստեփան Շաքարեանի «Հայկական ժողովրդական երգեր» ստեղծագործութիւնները` Սիփան Օլահի խմբավարութեամբ եւ Էլլա Բաբայեանի դաշնամուրային նուագակցութեամբ:
Սիփան Օլահ՝ հանդիսանալով օփերային թենոր՝ կատարեց դասական երկու ստեղծագործութիւն` Ք. Ու. Կլիւքի “J’ai perdu mon Eurydice” Օրփէոսի արիան «Օրփէոս» օփերայէն եւ Ֆ. Շուպերթի «Սերենադ»-ը: Այս ստեղծագործութիւնները եւ 18 այլ դասական արիաներ ու երգեր ան կատարած էր իր մենահամերգին, որ տեղի ունեցած էր Լոնտոնի Իլինկ Թաուն Հոլինմէջ, Նոյեմբեր 18-ին:
Սուրբ Ծննդեան համերգին իրեց մասնակցութիւն կը բերէին նաեւ Լոնտոնի ուկանտական «Աքոլի» երգչախումբը եւ չինացի օփերային սոփրանօ Չենկ Ուանկը:
Պարոնուհի Քերոլայն Քոքս շնորհաւորեց համերգի մասնակիցները եւ մեծ գնահատանքի արժանացուց՝ իրենց բարի կամքի դրսեւորումը համերգին: Ան մասնաւորապէս շեշտեց «Կոմիտաս» երգչախումբին ակնյայտ կատարողական աճը եւ շնորհաւորեց երգչախումբի նախագահ, Լոնտոնի Թէքէյեան Խնամակալ Մարմինի պատուաւոր քարտուղար Վարդան Ուզունեանը, թենոր, գեղարուեստական ղեկավար եւ խմբավար Սիփան Օլահը եւ երգչախումբի անդամները` ողջունելով անոնց ծաւալած կարեւոր մշակութային գործունէութիւնը ինչպէս հայ համայնքէն ներս, այնպէս ալ բրիտանական հասարակութեան մէջ