14 Aralık 2016
Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութենէն՝ Պոլսոյ հայ երեսփոխան Սելինա Տողան, Դեկտեմբեր 12-ին խորհրդարանին մէջ խիստ ելոյթ մը ունենալով՝ քննադատած է երկրի փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ նախատական կամ անհանդուրժողական արտայայտութիւն ունեցող քաղաքագէտները, որոնք Յուլիս 15-ի պետական հարուածէն ետք զանազան առիթներով թիրախ դարձուցած են փոքրամասնութիւնները։ Ըստ Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթին՝ Տողան ըսած է. «Մենք այլեւս այս երկրին մէջ ամէն ժամանակուան կասկածելիները նկատուիլ չենք ուզեր։ Իշխանութեան ձեր նախկին ընկերակիցին կողմէ գործուած սխալներուն պատասխանատուութիւնը՝ (փոխվարչապետ) Նուման Քուրթուլմուշին բառերով՝ «կեաւուր»ներուն վրայ մի բեռցնէք»։
Տողան խորհրդարանին մէջ այս ելոյթը ունեցած է, երբ կը խօսուէր գաղթի վարչութեան ամավարկին մասին։ Հայ երեսփոխանը, իբրեւ օրինակ, յիշած է ամերիկացի հոգեւորական Էնտրու Պրանսընը հսկողութեան տակ առնելը։ Պրանսըն, որ 22 տարիէ ի վեր Թուրքիա կը գտնուի, Հոկտեմբեր 7-ին հսկողութեան տակ առնուած էր ու աւելի քան երկու ամիսէ ի վեր կը մնայ բանտարկուած։ Տողան յիշեցուցած է, որ արտակարգ վիճակի մէջ իսկ, հսկողութեան տակ պահուելու առաւելագոյն ժամանակը 30 օր է, ուրեմն ո՞ր օրէնքի լոյսին տակ է, որ 64 օրէ ի վեր հսկողութեան տակ կը պահուի յիշեալ հոգեւորականը։
Տողան նաեւ ըսած է, որ պետական հարուածի փորձէն ետք, իշխանամէտ կուսակցութեան անդամ չեղողները սկսած են կասկածելիներ նկատուելու։ Ան յիշեցուցած է, որ իշխանամէտ թերթերէն մէկը նոյնիսկ պատասխանատւութիւն բեռցնել փորձած է Յունաց պատրիարքարանին վրայ, իսկ ուրիշ մըն ալ պնդած է, թէ Ֆեթհուլլահ Կիւլեն հա՛յ է։ «Ի՞նչ պիտի ըլլար, եթէ ան հայ ըլլար», հարց տուած է Տողան եւ աւելցուցած, թէ այս գծով վերջին օրինակը եկած է անտառներու պահպանութեան նախարար Վէյսել Էրօղլուէն, որ ըսած էր, որ եթէ Կիւլեն մեռնի Ամերիկայի մէջ, ան պիտի թաղուի հրեաներու գերեզմանատան մէջ։
«Յարգելի երեսփոխաննե՛ր, մենք, իբրեւ այս երկրի փոքրամասնութիւնները, անհանգի՛ստ ենք։ Ինչպէս «Քազապլանքա» նշանաւոր ժապաւէնին մէջ, ուր կտրուկ կերպով կը հրահանգուի հաւաքել ամէն ժամանակուան կասկածելիները, մենք չե՛նք ուզեր ամէն ժամանակուան կասկածելիները նկատուիլ»,- եզրակացուցած է Տողան։