Հիւրրիյէթ Կազմած Է Թուրքիոյ 10 Ամէնէն Գեղեցիկ Գիւղերուն Ցանկը, Անոնց Մէջ Տեղ Գտած Են Նաեւ Հայկական Գիւղեր - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Լուսափայլ

Հայերէն :

30 Kasım 2016  

Հիւրրիյէթ Կազմած Է Թուրքիոյ 10 Ամէնէն Գեղեցիկ Գիւղերուն Ցանկը, Անոնց Մէջ Տեղ Գտած Են Նաեւ Հայկական Գիւղեր -

Հիւրրիյէթ Կազմած Է Թուրքիոյ 10 Ամէնէն Գեղեցիկ Գիւղերուն Ցանկը, Անոնց Մէջ Տեղ Գտած Են Նաեւ Հայկական Գիւղեր Հիւրրիյէթ Կազմած Է Թուրքիոյ 10 Ամէնէն Գեղեցիկ Գիւղերուն Ցանկը, Անոնց Մէջ Տեղ Գտած Են Նաեւ Հայկական Գիւղեր

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը հրապարակած է Թուրքիոյ 10 ամէնէն գեղեցիկ գիւղերու ցանկը, որուն մէջ շարք մը հայկական գիւղերու անուններ եւս տեղ գտած են:

Աչքի զարնող առաջին հայկական շրջանը Էրզինճանի (հայկական Երզնկա) հայկական Ապչաղա գիւղն է: Թուրքիոյ մէջ շատեր անգիր գիտեն Ահմեթ Քուցի Թեճերի հրատարակած «Այնտեղ հեռուն գիւղ մը կայ» բանաստեղծութիւնը, որ նուիրուած է նոյն ինքն Ապչաղային: Սակայն քիչերը գիտեն, որ գիւղին հայկական իսկական անունը Աբուջեղ է, այս մասին կը նախընտրէ լուռ մնալ նաեւ «Հիւրրիյէթ»-ը: Կ՛ըսեն, թէ Եփրատ գետի ամէնէն գեղեցիկ տեսարաններէն մէկը այս բարձր լեռնային գիւղէն կ՛երեւի:

«Հիւրրիյէթ» նաեւ անդրադարձած է հայկական Վագըֆ (թրքերէն Վագըֆլը, Մուսա լեռ) գիւղին, որ պաշտօնապէս արձանագրուած է իբրեւ Թուրքիոյ տարածքին մէջ գտնուող միակ հայկական քրիստոնէական գիւղը: Թերեւս այս փաստը թոյլ տուած է թերթին համարձակօրէն գիւղին հայկական ըլլալը նշելու: Գիւղը ունի իր եկեղեցին եւ պանդոկը: Կիլիկիոյ վերջին հայաբնակ գիւղը նկատուող Վագըֆի մասին թրքական թերթը կը գրէ. «Նարինջի եւ կիտրոնի իր ծառերով առանձնայատուկ գեղեցկութեան մէջ ընկղմած Վագըֆլը գիւղին մէջ կրնաք հայկական մշակոյթին ծանօթանալ եւ տեղական խոհանոցի համերը ճաշակել»: Նշուած է, որ այդ գիւղին մէջ տակաւին կ՛ապրին մօտ 80 հայեր:

Ցանկին մէջ տեղ գտած է նաեւ համշէնական Մարալ գիւղը, որ Արդուինի զմրուխտապատ լեռներուն մէջ կը գտնուի: Գիւղին ամէնէն յայտնի տեսարժան վայրը Մաճահել կոչուող ջրվէժն է: Այստեղ հին համշէնական փայտէ տնակները եւ խիտ անտառները պահպանուած են: Ինչպէս կը նշէ թերթը` մարդկային ձեռքը տակաւին չէ դպած Մարալի բնութեան:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+