Էրտողան Սպառնացած է Եւրոխորհրդարանին - Հայերէն
25 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ցրօն / Ժամ : Խաւարակ

Հայերէն :

26 Kasım 2016  

Էրտողան Սպառնացած է Եւրոխորհրդարանին -

Էրտողան Սպառնացած է Եւրոխորհրդարանին Էրտողան Սպառնացած է Եւրոխորհրդարանին

Նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան արձագանգած է Թուրքիոյ եւրոհամարկումի գործընթացի սառեցման վերաբերեալ Եւրոխորհրդարանին (ԵԽ) ընդունուած բանաձեւին: CNN Türk-ի փոխանցմամբ` Էրտողանը սպառնացած է, որ եթէ Եւրոխորհրդարանը յառաջիկային եւս նոյն ոգիով շարունակէ, ապա Թուրքիան փախստականներուն առջեւ պիտի բանայ դէպի Եւրոպա տանող դարպասները:

«Դուք երբեք մարդկութեան արդար վերաբերմունք չէք ցուցաբերած: 3 միլիոն փախստականները կերակրողը մենք ենք: Դուք ձեր խոստումը չկատարեցիք: Երբ Քափըքուլէի մէջ 50.000 փախստական հաւաքուած էր, դուք սարսափած բացականչեցիք` «Եթէ Թուրքիան սահմանները բանայ, ինչ պիտի ընենք»: Ուրեմն տեսէք, եթէ այսպէս շարունակէք, Թուրքիան պիտի բանայ այդ սահմանները: Ձեր այդ չոր սպառնալիքներէն ոչ ես որեւէ բան կը հասկնամ, ոչ իմ ժողովուրդս»,- ermenihaber.am-ի փոխանցմամբ աւելցուցած է Էրտողան:

Թուրքիոյ նախագահը նշած է, որ Եւրոմիութիւնը արդէն 53 տարի շարունակ (Թուրքիան Եւրոպայի տնտսական համայնքի հետ համագործակցութեան պայմանագիր ստորագրած է 1963-ին- խմբ.) իր դռները չի բանար Թուրքիոյ առջեւ: Սակայն ատկէ Թուրքիան բոլորովին ալ չէ տուժած, չէ կործանած: Ընդհակառակը, վերջին 14 տարուայ մէջ (ճիշդ այդքան ժամանակ երկրին մէջ կ՛իշխէ «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութիւնը /ԱԶԿ- AKP/- խմբ.) Թուրքիան, ըստ Էրտողանի, բաւական մեծ յառաջընթաց արձանագրած է: Եւ այս պահուն իրականութեան մէջ Արեւմուտքն է, որ Թուրքիոյ կարիքը ունի:

Յիշեցնենք, որ Եւրոմիութիւնը կազմաւորուած է 1957-ին` «Եւրպայի տնտեսական համայնք» անունով: Իսկ 1987-ին Թուրքիան ԵՄ անդամակցութեան յայտ ներկայացուցած էլ: Սակայն 39 տարաւայ ընթացքին այս երկիրը չէ կարցած համապատասխանել ԵՄ -ի առաջադրած չափանիշներուն:

Իսկ Յուլիս 15-ի ձախողուած յեղաշրջման փորձէն ետք Թուրքիոյ մէջ ծայր առած համատարած ձերբակալութիւնները, բռնութիւնները եւ օրինախախտումները պատճառ դարձան, որպէսզի Եւրոխորհրդարանին մէջ ներկայացուի եւ ընդունուի Թուրքիոյ Եւրոմիութեան անդամակցելու բանակցութիւններու կասեցումը նախատեսող բանաձեւ: Նոյեմբեր 24-ին քուէարկութեան դրուած բանաձեւը ձայներու մեծամասնութեամբ հաստատուեցաւ:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+