Թուրքիա Կը Սպառնայ Եւրոպական Միութեան. «Յարաբերութիւնները Խզելը Գաղթականներով Ողողուիլ Կը Նշանակէ» Կ՛ըսէ Ե - Հայերէն
27 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Վահագն / Ժամ : Բաւական

Հայերէն :

26 Kasım 2016  

Թուրքիա Կը Սպառնայ Եւրոպական Միութեան. «Յարաբերութիւնները Խզելը Գաղթականներով Ողողուիլ Կը Նշանակէ» Կ՛ըսէ Ե -

Թուրքիա Կը Սպառնայ Եւրոպական Միութեան. «Յարաբերութիւնները Խզելը Գաղթականներով Ողողուիլ Կը Նշանակէ» Կ՛ըսէ Ե Թուրքիա Կը Սպառնայ Եւրոպական Միութեան. «Յարաբերութիւնները Խզելը Գաղթականներով Ողողուիլ Կը Նշանակէ» Կ՛ըսէ Եըլտըրըմ

Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ թրքական պետական «Թէ.Ռէ.Թէ.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին զգուշացուց. «Առանց Թուրքիոյ օժանդակութեան Եւրոպան կրնայ գաղթականներու ալիքներով ողողուիլ»: «Եւրոպական Միութեան հետ բանակցութիւններու խզումը Եւրոպայի համար աւելի վնասակար պիտի ըլլայ, քան Թուրքիոյ», ընդգծեց ան:

«Մենք Եւրոպան պաշտպանող ազդակներէն մէկն ենք: Եթէ գաղթականներուն արտօնուի անցնիլ, ապա պիտի հոսին ու ներխուժեն Եւրոպա. Թուրքիան ատոր արգելք կը հանդիսանայ», նշեց Եըլտըրըմ:

«Կ՛ընդունիմ, որ Եւրոպայի հետ յարաբերութիւններու խզումը վնաս պիտի պատճառէ Թուրքիոյ, սակայն Եւրոպային հինգ կամ վեց անգամ աւելի վնաս պիտի պատճառէ», ըսաւ Թուրքիոյ վարչապետը:

Ան անգամ մը եւս մեղադրեց Եւրոպան Թուրքիոյ մէջ իբրեւ ահաբեկչական ճանչցուած Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) եւ 15 յուլիսի յեղաշրջման փորձի գլխաւոր կազմակերպիչ նկատուող թուրք իսլամ քարոզիչ Ֆեթհուլլա Կիւլենի «Հիզմեթ» շարժումին աջակցելու համար:

«Գոյութիւն ունին Եւրոպական Միութիւնը թունաւորող երկու խմբաւորումներ` կիւլենականներն ու ՔԱԿ-ը», ըսաւ Եըլտըրըմ:

Մէկ օր առաջ Եւրոպական խորհրդարանը 479 թեր, 37 դէմ եւ 107 ձեռնպահ քուէներով որդեգրած էր Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան շուրջ բանակցութիւններու սառեցման մասին որոշում մը:

Նշենք, որ Անգարան Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան դիմում ներկայացուցած է 1987-ին, իսկ անդամակցութեան բանակցութիւնները սկսած են 2005-ին:

Թրքական «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան իր կարգին սպառնացած է Եւրոպա ուղարկել Թուրքիա գտնուող 3 միլիոն գաղթականները:

«3-3,5 միլիոն գաղթական այս երկրին մէջ կերակրողը մենք ենք, ծովու ափերուն խեղդուած մանուկներու մարմինները հաւաքողը մենք ենք, դուք ձեր խօսքը չպահեցիք: Երբ 50 հազար գաղթական հասաւ Քափըքուլէ (թուրք-պուլկարական սահման), սկսեցաք լալ, թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ, եթէ Թուրքիան բանայ Քափըքուլէի դռները: Եթէ այսպէս շարունակէք` գիտցէ՛ք, որ Թուրքիան ալ ճիշդ այդպէս պիտի ընէ», յայտարարած է Էրտողան:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+