Կարօ Փայլան Փոքրամասնութեանց Դէմ Սպառնալիքներուն Հարցով Յստակացում Կը Պահանջէ Վարչապետէն - Հայերէն
26 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Նպատ / Ժամ : Ծայգն

Հայերէն :

25 Kasım 2016  

Կարօ Փայլան Փոքրամասնութեանց Դէմ Սպառնալիքներուն Հարցով Յստակացում Կը Պահանջէ Վարչապետէն -

Կարօ Փայլան Փոքրամասնութեանց Դէմ Սպառնալիքներուն Հարցով Յստակացում Կը Պահանջէ Վարչապետէն Կարօ Փայլան Փոքրամասնութեանց Դէմ Սպառնալիքներուն Հարցով Յստակացում Կը Պահանջէ Վարչապետէն

«Թերթ.ամ» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ եւ խորհրդարանի հայազգի երեսփոխան Կարօ Փայլան, խորհրդարան վերադարձի իր առաջին օրն իսկ` 23 նոյեմբերին, գրաւոր պահանջ ներկայացուցած է վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմին, հետախուզելու համար երկրի կրօնական փոքրամասնութիւններուն ուղղուած եւ վերջերս զգալիօրէն բազմացած ցեղապաշտական բնոյթի սպառնալիքներն ու անոնց ետին կանգնած ազգայնամոլներու գործունէութիւնը:

Պոլսոյ «Ակօս» թերթը կը գրէ, թէ Փայլան նշած է, որ անցեալ տարուան ապրիլ 24-ին Պոլսոյ հայկական «Ակօս» թերթի խմբագրութեան շէնքի մուտքին սեւ ծաղկեպսակներ զետեղած ու ցեղապաշտական նշաններ կատարած թուրք ազգայնամոլները վերջերս անպարտ արձակուած էին թրքական ատեանի մը կողմէ: Ազգայնամոլները «Ակօս»-ի շէնքին դիմաց յայտարարութիւն մը կատարած էին եւ իրենց արարքը արձանագրած ու տեղադրած էին համացանցային կայքերու վրայ` սպառնալով. «Գիշեր մը, առանց նախազգուշացնելու, «Ակօս»-ի մէջ պիտի յայտնուինք»:

Փայլան աւելցուցած է, որ անցեալ շաբաթ, Պոլսոյ Մխիթարեան վարժարանի պատին վրայ եւս գրուած էր վերեւը նշուած սպառնալիքը յիշեցնող այլ սպառնալիք մը` «Գիշեր մը յանկարծակիօրէն պիտի յայտնուինք Ղարաբաղի մէջ» գրութեամբ:

Ամիսներ առաջ թուրք ազգայնամոլները նմանատիպ սպառնալիքներ գրած էին նաեւ Պոլսոյ Ս. Խաչ դպրեվանքի եւ Գալֆայեան վարժարանի պատերուն վրայ:

Փայլան յիշած է նաեւ հրեաներուն եւ ասորիներուն դէմ ուղղուած նման յարձակումները եւ սպառնալիքները` յստակացում պահանջելով վարչապետէն, թէ կառավարութիւնը ինչպիսի՛ քայլերու կը դիմէ` կասեցնելու համար նման արարքներ, «որոնք կը բազմանան եւ անպատիժ կը մնան»:

Այս հարցին վերաբերեալ Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութենէն երեսփոխան Սեզկին Թանրըքուլու եւս ուղղած էր գրաւոր հարցումներ, որոնք ցարդ անպատասխան կը մնան:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+