25 Kasım 2016
Անգարայի մէջ Գերմանիոյ դեսպանատունը բողոքագիր մը յղած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան:
Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ դեսպանի խորհրդականը անհիմն որակած է վերջին շրջանին տարբեր թուրք քաղաքական գործիչներու, ներառեալ երկրի նախագահին կողմէ Գերմանիոյ հասցէին հնչող մեղադրանքները:
Ան նշած է, որ այն պնդումները, թէ թրքական կողմը Գերմանիոյ յանձնած է ՔԱԿ-ի վերաբերող 4500 դատական գործի թղթածրար, չի համապատասխաներ իրականութեան:
Նամակին մէջ Գերմանիան Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յիշեցուցած է նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի շրջանակին մէջ իր կողմէ կատարուած շարք մը քայլերը:
Յիշեցնենք, որ օրեր առաջ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան նշած էր, որ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրները, որոնց շարքին` Գերմանիան, ապաստան դարձած են քիւրտ զինեալներու համար, եւ այդտեղ ՔԱԿ-ը չէ ճանչցուած իբրեւ ահաբեկչական խմբաւորում:
«Ատիկա չի վայելեր գործընկեր նկատուող երկրին», ըսած էր Էրտողան` ակնարկելով Գերմանիոյ: