15 Kasım 2016
Ակնկալելի էր, որ Եւրոպական յանձնաժողովը Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հարցով տարեկան իր զեկուցումին մէջ խիստ շեշտադրումներ եւ ընդգծումներ վերապահած ըլլար Անգարային: Ներթրքական իրադարձութիւնները, մարդկային իրաւունքներու ոտնահարումը, զինուորական «յեղաշրջման» փորձի դիմաց շարունակուող ձերբակալութիւնները, քրտամէտ կուսակցութեան երեսփոխաններու անձեռնմխելիութիւնը չեղեալ նկատելն ու հետագայ ձերբակալութիւնները ստուար թղթածրար կը կազմեն Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան արգելակման առումով:
Պահ մը լուսարձակի տակ առնենք այն կէտերը, որոնք Եւրոպական յանձնաժողովը իր տարեկան զեկուցումին մէջ իբրեւ քննադատութիւն հրապարակած է:
Ա.- Անգարան բացայայտ աջակցած է Պաքուին, ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին:
Բ.- Մատնանշած է թրքական իշխանութիւններու խիստ եւ կանոնաւոր արձագանգը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին մէջ:
Գ.- Անդրադարձած է Հրանդ Տինքի սպանութեան քրէական գործին, հայոց լեզուի դասաւանդման կազմակերպման խոչընդոտներուն, «Գորշ գայլ»-երու հայատեաց գործունէութեան:
Դ.- Նշած, որ Երեւան-Անգարա արձանագրութիւնները մնացած են չվաւերացուած:
Շատ ծանր ամբաստանութիւն է առաջին կէտը. Անգարան իբրեւ «երրորդ կողմ», ոչ միայն զինադուլի հաստատման, կամ խաղաղութեան վերականգնման ուղղութեամբ չէ աշխատած, այլ ընդհակառակն` բացայայտօրէն աջակցած է Ազրպէյճանին: Պրիւքսէլ-Անգարա յարաբերութիւններու յաւելեալ լարուածութեան պահուն այս մեղադրանքը կրնայ շատ աւելի հեռուները երթալ, հասնելու համար նաեւ նախայարձակման մէջ դերակատար եղած ըլլալու եւ մանաւանդ ռազմական յանցագործութիւններուն մեղսակից դարձած ըլլալու իրողութիւններու շեշտումին:
Երկրորդը պարզ բնագրով կը մեկնաբանուի այնպէս, որ Անգարան շարունակած է ժխտողականութեան իր վարքագիծը, հակառակ անոր որ Եւրոպական Միութիւնը բաղկացնող, նաեւ ղեկավարող հիմնական պետութիւններ Անգարային կոչ ըրած են իր սեփական պատմութեան հետ հաշուի նստելու: Այստեղ բնականաբար յատկապէս նկատի կ՛առնուին Գերմանիոյ որոշումն ու անոր հետեւող հիմնաւորումները` անգամ մը եւս համոզելով Եւրոպական Միութիւն – Անգարա յարաբերութիւններու ներկայ պահու թելադրած քաղաքական տրամաբանութեան հետեւող այս դիրքորոշումները:
«Գորշ գայլ»-երուն ուղղութեամբ կատարուած ակնարկը պարզապէս Թուրքիոյ մէջ ծայրայեղականութեան, այլատեացութեան եւ ցեղապաշտ մոլուցքի ենթահողի մասին կարմիր մելանով ընդգծում է եւրոպական բարձրագոյն կառոյցին կողմէ` պարզապէս վերահաստատելու համար, որ Անգարան այսօր իր երկրին մէջ կը թոյլատրէ եւրոպական արժէքներուն ամէնէն սուր կերպով հակադրուող երեւոյթներու ծաւալումը:
Նրբանկատ դիտարկումի կը կարօտի արձանագրութիւններուն բաժինը: Այստեղ պարզ է, որ Անգարան կը մեղադրուի արձանագրութիւնները վաւերացուցած չըլլալու յանցանքով: Բայց թէ Եւրոպան ներկայ պահուն կը գերադասէ՞ Անգարայի կողմէ արձանագրութիւններու վաւերացումը կամ առնուազն կ՛առաջադրէ՞ նման քայլ. տարակուսելի է: Խնդիրը հայկական կողմին համար այն է, որ արձանագրութիւններու վաւերացման յիշեցումը իբրեւ խաղաթուղթերէն մէկը պիտի շարունակուի արծարծուիլ, ամէն անգամ որ մերժողական ուղերձ պիտի յղուի Անգարային:
Եւրոպական քաղաքական տեսակէտէ դիտուած ո՛չ ներթրքական իրադարձութիւնները եւ ո՛չ ալ Երեւան-Անգարա յարաբերութիւնները գերակայ խնդիրներ են Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան համար, որքան դէպի Եւրոպա գաղթականական ալիքի բարձրացումը եւ անոր առընթեր իբրեւ անմիջական հետեւանք տնտեսական ու ապահովական հետեւանքները Եւրոպայի տարածքին:
Զեկուցումներու խստութեան ընդգծումը ուղղակի կապ ունի Պրիւքսէլ-Անգարա յարաբերութիւններու ելեւէջներուն հետ, այդ պատճառով ալ խանդավառուելու առիթ պէտք չէ փնտռել բաւական խիստ այս զեկուցումին հրապարակման մէջ: Այս տրամաբանութեան մէջ ալ պէտք է դիտարկել Թուրքիոյ նախագահին սեռային խտրականութեան, ցեղապաշտական, այլատեացութեան կամ կայսերապաշտական բնոյթի շանթաժային յայտարարութիւնները` Եւրոպայի փակուող դռներուն դիմաց. նոյնիսկ դէպի Ռուսիա եւ Եւրասիական տնտեսական միութիւն դառնալու մտադրութիւններու բարձրաձայնումը:
Հայկական կողմի աշխատանքն ու քարոզչութիւնը Թուրքիոյ հակաեւրոպական արժէքներու դաւանումը շեշտող, այս օրերուն, մեծ ճիգեր չի պահանջեր: Կարեւորը եւրոպական այս գնահատականներուն իրաւական հետեւանք ունենալն է, ինչ որ քաղաքական տրամաբանութեամբ ներկայ պահուն տակաւին տեսանելի չէ: