18 Ekim 2016
Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատի յայտարարեց, որ Մուսուլը ՏԱՀԵՇ-էն ազատագրելու գործողութիւնը սկսած է: Ան աւելցուց, որ քաղաք մուտք պիտի գործեն միայն իրաքեան բանակն ու ոստիկանութիւնը:
«Սքայ Նիուզ Արապիա» պատկերասփիւռի կայանին տուեալներով` գործողութեան մասնակցող ցամաքային ուժերուն թիւը կը գերազանցէ 60 հազարը: Անոնց աջակցութիւն կը ցուցաբերէ Միացեալ Նահանգներու գլխաւորած Միջազգային դաշինքը, իրաքեան օդուժն ու հրետանին:
Կառավարական ուժերուն կազմին մէջ են Իրաքի բանակի զինուորները, ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ստորաբաժանումները, համերկրային եւ տեղական ոստիկանութեան անդամները, քիւրտ փեշմերկաները, շիիներու ժողովրդային աշխարհազօրայինները եւ տեղւոյն սիւննի ցեղախումբերու զինեալները:
Միջազգային դաշինքի ուժերու հրամանատար զօր. Սթիվըն Թաունսենտ յայտնած է, որ Մուսուլի ազատագրման գործողութիւնը կրնայ տեւել քանի մը շաբաթ կամ աւելի երկար:
«Իրաքի երկրորդ մեծագոյն քաղաքի վերահսկողութեան վերականգնման ձգտող այս գործողութիւնը հաւանաբար տեւէ շաբաթներ, հաւանաբար ալ` շատ աւելի երկար», յայտարարած է Թաունսենտ:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան զարմանք յայտնեց, որ Թուրքիայէն կը պահանջուի չմասնակցիլ Մուսուլի գործողութեան, «երբ մենք հասարակաց երկար սահման ունինք»: «Բոլորին կ՛ըսեմ, որ Մուսուլի գործողութեան մէջ գործուն դերակատարութիւն պիտի ունենանք», ընդգծեց Էրտողան:
«Մուսուլի շրջանը մեզ միացնող հասարակաց պատմութիւն ունինք», նշեց Էրտողան` աւելցնելով. «Եթէ Թուրքիան Մուսուլի գործողութեան չմասնակցի` հետեւանքները պիտի ըլլան ծանր»:
«Թուրքիան գործուն մասնակցութիւն պիտի բերէ Մուսուլի ճակատամարտին», ըսաւ Թուրքիոյ նախագահը` ընդգծելով. «Ուզեն կամ չուզեն, մեր ուժերը պիտի մասնակցին Մուսուլի ճակատամարտին:
Յիշեցնենք, որ Մուսուլը յունիս 2014-ին գրեթէ առանց դիմադրութեան յանձնուած էր ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն, որոնք այդ քաղաքը կը նկատեն Իրաքի մէջ իրենց մայրաքաղաքը:
Մուսուլ գտնուող ՏԱՀԵՇ-ի վեց հազար զինեալները պատանդ կը պահեն քաղաքի 1,3 միլիոն բնակչութիւնը