Նախագահ Սերժ Սարգսեան Նիւ Եորքի Մէջ Մասնակցած Է «Հայաստան. Ներդրումային Համաժողով 2016»-ին - Հայերէն
25 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ցրօն / Ժամ : Շաւաղօտ

Հայերէն :

13 Ekim 2016  

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Նիւ Եորքի Մէջ Մասնակցած Է «Հայաստան. Ներդրումային Համաժողով 2016»-ին -

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Նիւ Եորքի Մէջ Մասնակցած Է «Հայաստան. Ներդրումային Համաժողով 2016»-ին Նախագահ Սերժ Սարգսեան Նիւ Եորքի Մէջ Մասնակցած Է «Հայաստան. Ներդրումային Համաժողով 2016»-ին

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի մասնակցութեամբ 10 հոկտեմբերին Նիւ Եորքի մէջ սկսած է Հայաստանի ներդրումային համաժողովը, որուն հիմնական նպատակը օտար ներդրողներուն Հայաստանի ներդրումային կարելիութիւնները ներկայացնելն է, եւ որ կազմակերպած է Հայաստանի զարգացման հիմնադրամը ներդրումներու խթանման նպատակով:

Երկօրեայ համաժողովին մասնակցեցան տարբեր մարզերու յառաջատար ընկերութիւններու, ինչպէս նաեւ միջազգային ֆինանսական կառոյցներու ներկայացուցիչներ, փորձագէտներ եւ շուրջ 100 միջազգային ներդրողներ:

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ անդրադարձած է Հայաստանի ներկայ տնտեսական եւ քաղաքական առաջնահերթութիւններուն, քառորդ դարեայ անկախութենէն ետք Հայաստանի ձեռքբերումներուն, երկրի մրցակցային առաւելութիւններուն ու ներդրումային կարելիութիւններուն, իրականացուող բարեփոխումներուն, բարենպաստ գործարար միջավայրին, շրջանային շուկաներ Հայաստանի միջոցով մուտքի դիւրացման եւ մաքրոտնտեսական կայուն միջավայրին: Հանրապետութեան նախագահը ներդրողներուն առաջարկած է Հայաստանի կարելիութիւնները օգտագործել իբրեւ դարպաս` դէպի շրջանի հիմնական շուկաներ:

Ելոյթներով հանդէս եկած են Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովի խմբակցութեան նախագահ Տիգրան Սարգսեան, Ասիական զարգացման դրամատան փոխնախագահ Վենքա Ժանք, Համաշխարհային դրամատան գործադիր տնօրէն Ֆրանք Հիմսքերք, Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան անդամ Ֆրանք Փալոն:

Համաժողովի մասնակիցներուն ներկայացուած է համաշխարհային զարգացումներու ծիրին մէջ ձեւաւորուած, Հայաստանի կամրջող դերը Եւրոպայի եւ Ասիոյ, Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ, ինչ որ արտաքին ներդրողներուն շահաւէտ այլընտրանք կ՛առաջարկէ յատկապէս նկատի առնելով միջազգային տարբեր կառոյցներու Հայաստանի անդամակցութեան եւ ազատ առեւտուրի համաձայնագիրներու առկայութեան փաստը: Շեշտուած է, որ Հայաստանը 180 միլիոն շուկայ ունեցող Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ պետութիւն է, ազատ առեւտուրի համաձայնագիր ունի ԱՊՀ բոլոր երկիրներուն հետ, որ ընդհանուր առմամբ ունի 230 միլիոն սպառող: Հայաստանը, միաժամանակ, պիտի օգտուի Եւրոպական Միութեան արտօնութիւններու համալրուած ընդհանուր համակարգէն (ԱԸՀ), որ արտօնութիւն կը տրամադրէ շուրջ 6400 ապրանքներու վերաբերեալ: Երկիրը ԱԸՀ-ի դրութիւն ունի նաեւ Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի, Ճափոնի, Զուիցերիոյ եւ Նորվեկիոյ հետ, իսկ Իրանի հետ աւանդական դարձած առեւտրական ու տնտեսական կապերը այսօր օղակ կը հանդիսանան այլ տնտեսութիւններու համար դէպի իրանական շուկայ:

Համաժողովի մասնակիցներուն ներկայացուած են նաեւ երկրի ընձեռած մրցակցային առաւելութիւնները` ռազմավարական շուկաներու մուտքի դիւրութիւնը, կրթուած եւ ոչ սուղ աշխատուժը, նպաստաւոր եւ անընդհատ բարեփոխուող առեւտուրի միջավայրը, որոնք Հայաստանը հրապուրիչ վայր կը դարձնեն ներդրումներու համար ու կ՛ընձեռեն արտօնութիւն` օգտուելու շրջանի այլ շուկաներէն: Համաժողովի ծիրին մէջ կազմակերպուած 10 լիագումար նիստերուն ընթացքին հաւանական ներդրողներու առաջին ձեռքէն` անմիջականօրէն Հայաստանի կառավարութեան ներկայացուցիչներէն, տեղեկութիւններ կը տրամադրուին հանքարդիւնաբերութեան, գիւղատնտեսութեան, հեռահաղորդակցութեան, երթեւեկութեան, դեղագործութեան, զբօսաշրջութեան, ֆինանսական մարզերուն մէջ Հայաստանի առաջարկած նորարարական կարելիութիւններուն մասին: Ընդարձակ զեկուցում նախատեսուած է նաեւ ֆինանսական ուսումնարաններուն կողմէ մասնաւոր ներդրումներու աջակցման գործիքներու վերաբերեալ:

Շարք մը օտար ներդրողներ` «Արմենիա Մարիոթ Երեւան», «Քոնթուր Կլոպալ», «Ազատ ֆարմայ Էյճի», «Նեշընըլ Ինսթրումենթս», «Սինոփսիս», «Զուարթնոց» միջազգային օդակայան, «Քոքա քոլա Հելլենիք Արմենիա» եւ այլ ընկերութիւններ համաժողովի մասնակից գործարարներուն կը ներկայացնեն Հայաստանի մէջ ներդրումներու իրենց յաջողած փորձը:

Համաժողովի ընթացքին նախատեսուած են շարք մը հանդիպումներ եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան մարզին մէջ յուշագիրի ստորագրութիւն: Աւելի մանրամասն տեղեկատուութիւն զետեղուած է «Հայաստան» ներդրումային համաժողովի պաշտօնական կայքին մէջ` http://invest-armenia.com:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+