Սրբազանին Հետ Հայախօս Ու Հայազգի Դպրոցներու Կարօտով (Վերամուտի Եւ Թարգմանչաց Տօնին Առիթով) - Հայերէն
20 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Արագած / Ժամ : Լուսակն

Հայերէն :

11 Ekim 2016  

Սրբազանին Հետ Հայախօս Ու Հայազգի Դպրոցներու Կարօտով (Վերամուտի Եւ Թարգմանչաց Տօնին Առիթով) -

Սրբազանին Հետ Հայախօս Ու Հայազգի Դպրոցներու Կարօտով (Վերամուտի Եւ Թարգմանչաց Տօնին Առիթով) Սրբազանին Հետ Հայախօս Ու Հայազգի Դպրոցներու Կարօտով (Վերամուտի Եւ Թարգմանչաց Տօնին Առիթով)

Եւ ճշմարիտ գիտութիւնը ճանչցած սքանչելի մեր հայրերը (թարգմանչաց սերունդ) այդ գիտութեամբ պայծառակերպ նորոգեցին մեր երկիրը` զայն հայախօս ու հայագիր դպրոցներով ողողելով, եւ ուսման ատակ բոլոր մեր զաւակները սնուցելով «Բան»-ին քաղցրութեամբ, արբեցնելով լոյսին գինիով:

ԶԱՐԵՀ ԱՐՔ. ԱԶՆԱՒՈՐԵԱՆ

Սրբազանին մատուցելիք սրտի պարտք մը ունէի, որովհետեւ ստացած ըլլալով անոր գիրքը` «Զաստուած տեսնել», օրին, ինչպէս միշտ, յափշտակութեամբ ընթերցած էի աւելի քան հարիւր յիսուն էջ` աւելի ուշ հատորը ամբողջացնելու խոստումով:

Ի դէպ, գեղատիպ հատորը (537 էջ) հրատարակուած է Երեւան, 2014-ին: Ունի պատկառելի բովանդակութիւն, կ՛ընդգրկէ աստուածաբանական-քարոզախօսական, քրիստոնէական-խոհական, ազգային-եկեղեցական ու մարդկային հոգեշահ գրութիւններ եւ ուսումնասիրութիւններ, որոնք արտացոլացումն են Զարեհ արք. Ազնաւորեանի ներհուն մտքերուն եւ եզակի աշխարհահայեացքին:

Հատորը բծախնդրօրէն խմբագրած է Գէորգ Եազըճեան, իսկ կազմած, շարած եւ յառաջաբանը գրած` Յակոբ Քորթմոսեան:

Օրին, թէեւ փափաքած էի իր լրումին հասցնել ընթերցանութիւնս եւ ապա յաւուր պատշաճի սպիտակ թուղթին յանձնել ստացած տպաւորութիւններս, սակայն օրերու եւ ամիսներու խժալուր թաւալքը, կեանքի անսովոր հեւքն ու այլապէս կամքի թուլութիւնը պատճառ դարձած էին, որ տուայտիմ փափաքի իրականացման եւ խոստումի յարգումին միջեւ, երբ ամէն շիլ հայեացքի ուշադրութիւնս կը գրաւէին գրասեղանին վրայ կայք հաստատած եւ ընթերցման սպասող տուեալ հատորն ու անոր նման բազում շահեկան գիրքեր:

Վերջերս, երբ վերամուտի եւ թարգմանչաց տօնին առիթով մտովին կ՛որոճայի, թէ ի՞նչ ձեւով նորութիւն պէտք է բերել նման նիւթի արծարծման եւ կենսունակութեան համար, յանկարծ վերյիշեցի սրբազանին գրած գողտրիկ (3 էջ) ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ գրութիւնը, որ կը վերաբերի հայոց Ոսկեդար կերտած Մեսրոպ Մաշտոցին ու անոր աշակերտած բազում նուիրեալ թարգմանիչներուն, որոնք եթէ երբեք մէկ կողմէ հիմը դրին ու խարսխեցին ազգային ինքնութեան սիւները, ապա միւս կողմէ, շնորհիւ իրենց ճարտար մտքին, փայլատակող գիտութեան, ազգ կերտելու տեսլականին ու հզօր երեւակայութեան, յետնորդ սերունդներու ժառանգեցին ինքնահաստատման, դիմագիծի, տեսակի ու որակի պահպանման, յառաջդիմութեան, քաղաքակրթական նուաճումներ արձանագրելու եւ ճանաչողական յաղթանակներ ապահովելու զէնքը` հայ գիրն ու տառը, հայ միտքն ու բանը:

Իսկ ամէնէն ուշագրաւն ու իմաստալից արարքը, անոնք` մեր թարգմանիչ հայրերը, իրենց նեցուկ ունենալով օրուան հոգեւոր դասն ու պետական աւագանին, յանձինս` Սահակ Պարթեւ հայրապետի եւ Վռամշապուհ արքայի, խիզախ ու յանդուգն քայլով մը կը հաստատէին լուսաւորումի հիմնաքարը` հայագիր ու հայախօս դպրոցներու ցանցը, յանուն ազգի պաշտպանութեան եւ յարատեւութեան:

Այլ խօսքով, անոնք` թարգմանչաց սերունդի ռահվիրաները, քաջ գիտակցելով տուեալ ժամանակի զինուորական, քաղաքական, ընկերային, բարոյահոգեբանական եւ ժողովրդական մակարդակի բազմաբեւեռ դժուարութիւններն ու գոյութիւն ունեցող մտահոգութիւնները, հաւաքական այլասերումի թէ ինքնութեան կորուստի մեծղի մարտահրաւէրները, նետուեցան պայքարի դաշտ` պաշտպանելու ազգային ինքնուրոյնութիւնն ու հայօրէն ապրելու իրաւունքը:

Սա է խորքին մէջ մաշտոցեան գիւտին (404-406) գաղափարական սխրանքն ու հետագայ տասնամեակներու թարգմանչաց սերունդին քաղաքակրթական խոյանքը:

Այս առումով դիպուկ են բարեպաշտ, ազգասէր ու բանիմաց սրբազանին բնորոշումները թարգմանչաց սերունդը յատկանշող, երբ զանոնք կը ներկայացէ իբրեւ ճշմարիտ ուսուցիչներ, յեղափոխականներ եւ նորարարներ:

Արդեօք դարերու խորքէն թռիչք առած ճշմարիտ ապրումներու, զգացումներու եւ արարքներու հարցը չէ՞, որ ամէն քայլափոխի լոյսին կը բերենք, երբ կ՛արծարծենք մանաւանդ հայ վարժարանի վերապահուած դերն ու տեղը հայ իրականութեան զարգացման եւ հայեցի դիմագիծի պահպանման մէջ:

Եթէ գիտակից ենք այս իրողութեան, ապա ինչո՞ւ տակաւ կ՛ափսոսանք հայախօս ու հայագիր դպրոցներու շիջումին ու կ՛ապրինք անոնց կարօտը:

Ինչո՞ւ զիջած ենք ազգային ինքնութեան պահպանման մեր դարաւոր պարտաւորութիւններուն մէջ, ինչո՞ւ կը նօսրանան մեսրոպաշունչ եւ արարատապաշտ զինուորագրեալներու շարքերը:

Ի՞նչպիսի քայլերու պէտք է ձեռնարկուին փրկելու այն տղաքն ու աղջիկները, որոնք գիտակցաբար կը նետուին օտարամոլութեան ճահիճին մէջ ու առանց խղճմտանքի կը յանձնուին աշխարհաքաղաքացիի կերպարին:

Զո՞վ մեղադրել, երբ համատարած հոգեկան ու մտաւորական սով կ՛ապրինք հաւաքաբար, ինչո՞ւ այսքան արագ տարողութեամբ հայը կը հեռանայ իր ազգային ինքնութենէն եւ ինքնաճանաչողութենէն, հայրենիքի հանդէպ սիրոյ ու պաշտամունքի վեհափառ զգացողութենէն:

Եթէ երբեք սփիւռքահայու պարագային անհայրենիք ըլլալու իրողութիւնն է, հայրենի հողէն, ջուրէն եւ օդէն հեռու ապրիլն է, ապա, հայապահպանութիւնը պէտք ունի նորովի ռազմավարութեան եւ արդիւնաւէտ մտածողութեան:

Այս առումով հարկ է մատնանշել, թէ արդեօք լոկ հայութի՞ւնն է, որ ունի սփիւռք(ներ), դրացի ազգեր ու ժողովուրդներ նման կացութիւններու մէջ չե՞ն գտնուիր եւ կամ չե՞ն դիմագրաւեր նմանօրինակ մարտահրաւէրներ: Ինչո՞ւ անոնց մօտ զգալի է փրկարար լաստեր եւ համապատասխան գիտական աշխատելաոճեր որդեգրելու ունակութիւնը, խանդն ու հրայրքը, աւելի՛ն. ինքզինք ինքնասրբագրելու կամքն ու եռանդը, բայց մանաւանդ` հաստատութենական մտածողութեամբ յառաջանալու մտքի փայլքը:

Գիտենք, նորութիւն չէ ըսել, թէ անխուսափելի են սփիւռքի(ներու) շիջումն ու տակաւայլակերպութիւնը, հակառակ տարուող հսկայական ճիգերուն եւ շնորհալի նախաձեռնութիւններուն: Սակայն էական հարցադրում մը ինքզինք կը յուշէ եւ շատ անգամ կը պարտադրէ, թէ արդեօք ստեղծուած ահաւոր կացութեան դէմ յանդիման, ի՞նչպիսի միջոցներով կարելի պիտի ըլլայ փրկել սերունդներու հայաշունչ ու հայեցի դիմագիծը, եթէ ոչ մայրենիին եւ հոգեմտաւոր արժէքներու առաւել բոցավառումով եւ տարածումով:

Այո՛, մայրենիին ամբողջական եւ անմնացորդ աջակցութեամբ ու խորապէս արժեւորումով, եւ առանձնապէս այս ուղղութեամբ իրաւ առաջադրանքներու կենսագործումով:

Փաստօրէն, յետեղեռնեան հայութիւնը կրցաւ վերապրիլ իր հայկականութիւնն ու ինքնութիւնը շնորհիւ հայ վարժարանին, գիրին ու պատմութեան: Այսօր ո՞ւր ենք, մօտիկ անցեալին հետ բաղդատած: Այսօր ի՞նչ վիճակ կը պարզէ հայ գիրքն ու մամուլը, հայախօսութիւնն ու հայաշունչ ձեռնարկները:

Այդուհանդերձ,

Վերամուտի զանգը կրկին հնչեց հայ աշխարհին մէջ, գաղութահայ կեանքի մայր երակը վերագտաւ իր կենսունակութիւնը` ամրան արձակուրդի կապուտազարդ հոգեկան հանդարտութենէ ետք, հայ ոգին կրկին սաւառնելու սկսաւ հայ նորահաս սերունդի ներաշխարհին մէջ:

Հայ վարժարանի հոգին դարձեալ լեցուեցաւ հայաշունչ մեղեդիով, հայ դպրոցի սիրտը սկսաւ տրոփել յանուն ազգային արժէքներու շնչաւորումին, դասարաններու լռութիւնը խզուեցաւ ժպտադէմ ու անուշիկ մանուկներու ճռուողիւններով, հայ վարժարանի բակը վերահայացաւ, եւ, ինչպէս ամէն տարի, հայ ուսուցիչը ի տես նորահաս սերունդին` վերանորոգուած հոգեկանութեամբ լծուեցաւ իր սրբազան առաքելութեան` հայաշունչ դաստիարակութեան:

Արդ, սրբազանին այն հոգեգրաւ հաստատումը, որ «յեղափոխականը սոսկ գաղափարի մարդը չէ, այլ նաեւ` տեսիլքի մարդը, նախաձենութեան մարդը, խիզախ ծրագրումներու մարդը, գործի՛ մարդը», խորքին մէջ բանաձեւումն իսկ է այն իրողութեան, թէ սովորական եւ ժամավաճառ գործընթացները ոչ մէկ տեղ կը հասցնեն մեզ` հաւաքաբար, այլասերիչ յորձանուտերու դիմաց:

Այլ խօսքով, հայ վարժարանին վերապահուած առաքելութիւնը հարկ է, որ բազմապատկուի եւ արժեւորուի իբրեւ տաճար ուսումի եւ խորան հայակերտումի:

Յայտնապէս, քաջաբար պէտք է խոստովանիլ, թէ ի՞նչ բանի կը ծառայեն այն բոլոր ժողովները, սեմինարներն ու գիտաժողովները, երբ տարուէ-տարի հայասիրտ ու հայախօս աշակերտութիւն ունենալու մեր ակնկալութիւնները տակաւ կը նուազին եւ հայոց այբուբենի պաշտպան նուիրեալներու փաղանգը կը տարտղնուի:

Միւս կողմէ, առանց թերագնահատելու տարուած աշխատանքները` հայ վարժարանի թէ կրթական համակարգի արդիականացման եւ առաւել զարգացման, մեզ մտահոգողը կը մնայ այն, թէ ինչո՞ւ հայ վարժարանէն շրջանաւարտ տղան ու աղջիկը ա՛լ դադրած է հայախօս ըլլալէ, սեփական ինքնութեամբ հետաքրքրուելէ, իսկ հայ վարժարանի շրջանաւարտ ծնողներ արդէն համոզուած եւ առանց խպնանքի իրենց զաւակները կ՛ուղարկեն օտար վարժարան` զանոնք յանձնելով օտարի շունչին ու քմայքին:

Զարեհ արք. Ազնաւորեան կ՛արժեւորէ թարգմանչաց սերունդի ռահվիրաները յայտնելով, թէ անոնք իրենց անկրկնելի արարքով եւ բարձր իմացականութեամբ «… յեղափոխեցի՛ն հայ կեանքը, յեղափոխեցի՛ն մեր պատմութիւնը: Անոնք զինեցի՛ն հայ հոգին, վառեցի՛ն հայուն ազգային գիտակցութիւնը, իր արժէքներուն հպարտութի՛ւնը տուին անոր, եւ յաւերժութեան պայքարի ու յաղթանակի վստահութիւնը ներարկեցին անոր արեան մէջ»:

Այսինքն, ի՞նչն է, որ մեզի կը պակսի` հայ կեանքը յեղափոխելու եւ առաւել արժեւորելու, երբ արդէն հայութիւնը կ՛ապրի 21-րդ դարու արձանագրած յառաջադէմ մտածողութիւնն ու արհեստագիտութեան փայլքը, երբ վերանկախ Հայաստան ու պետականութիւն ունինք:

Այլապէս ալ, նորակերտ ու նորազարդ հայ վարժարանի գոյութիւնը ի՞նչպիսի գոհունակութիւն պիտի պատճառեն մեզի` հաւաքաբար, երբ տուեալ վարժարանի դասարանէն, բակէն եւ մթնոլորտէն կը բացակային մեր նախնեաց ոգեկան աշխարհի գեղեցկութիւնները:

«Այսօր աշակերտութիւնն ու ուսուցչութիւնը կորսնցուցեր են իրենց որակն ու բարձրութիւնը, յեղափոխական անուանումը շահաբեր դիմակ դարձեր է մակաբոյծ բախտախնդրութեան, նորարութիւնը կը շփոթուի աճպարարութեան եւ անճարակ ներկայութեան հետ», այսպէս կը ներկայացնէ հայ սրտցաւ հոգեւորական եւ իրաւ մտաւորական սրբազանը, լաւապէս ճանչնալէ ետք իր սեփական ժողովուրդին մէկ կարեւոր տոկոսն ու ահաւոր կացութիւնը:

Ընդգծելով հանդերձ հայ իրականութեան մէջ առկայ անախորժ եւ մտահոգիչ երեւոյթները, որոնք յատկապէս կը վերաբերին հայ վարժարանին ու մայրենիին, յուսահատութիւնը չէ, որ մեզ կ՛առաջնորդէ, այլ զգօ՛ն ըլլալու, հայ գիրն ու միտքը արժեւորելու եւ համապատասխան աշխատելաոճեր որդեգրելու հարցն է, որ մեր շրջապատին սեփականութիւնը կ՛ուզենք դարձնել:

Առանց մայրենիին ճիշդ ու որակեալ իմացութեան, առանց հայ սերունդներու ճիշդ արժեւորումին եւ հաստատութենական մտածողութեամբ պարուրելու յոյժ կարեւոր գիտակցութեան, հայ վերամուտն ու թարգմանչաց սերունդի պատգամը պիտի դառնան մեր առօրեան զուարճացնող բարբաջանքներ:

Փաստօրէն, եթէ երբեք հայութիւնը հայ վարժարանի շրջանաւարտ աշակերտութեան եւ կամ հայագիտական ուսմանց հետեւող ուսանողներու ցոյց պիտի չտայ համապատասխան նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւն, կիրթ ու արժանավայել վերաբերում, բայց մանաւանդ` աշխատանքի ասպարէզ ու գիտական նորութիւններով յագեցած միջավայր, դժուար թէ ազգովին կարենանք շրջանցել եւ յաղթահարել մեր ինքնութեան ու դիմագիծին սպառնացող մարտահրաւէրները:

Միւս կողմէ, մտահան չենք ըներ երբեք, թէ հայ կեանքը ծաղկեցուցած, հայոց լեզուին, գիրքին ու մամուլին պաշտպանութեան լծուած ճշմարիտ ուսուցիչի, լեզուաբանին, քերականագէտին, գրականակէտին, գրողին, հրապարակագիրին թէ հրապարակախօսին մեր ջերմագին երախտագիտութիւնը պէտք է յայտնենք, որովհետեւ անոնք ցարդ կը պայքարին յանուն հայ վարժարանին ու մայրենիին պաշտպանութեան, թէեւ իրենց կարգին կը դառնան վերջին մոհիկանները հայ իրականութեան:

Ափսոսանք կլանած է մեր հոգին, հարկ է վերադառնալ նախնեաց կտակին:

Համբիկ Պիլալեան





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+