10 Ekim 2016
Թրքական Biristanbulhayali.com կայքը անդրադարձած է Սթամպուլի մէջ կանգուն մնացած ամենահին հիւրատան մասին, որ, ինչպէս կը նշէ սիւնակագիր Ռամազան Պետիւքը, պատկանած է Գաւաֆեան գերդաստանին:
Պետիւքը այդպէս ալ չի խօսիր Կաւաֆեան ազգանուան հայկական ըլլալուն մասին, նիւթին մէջ ներկայացուած են հիւրատան կառուցման վերաբերեալ տարբեր վարկածներ, որոնցմէ մէկուն մէջ միայն հեղինակը խոստովանած է, որ «շատ հնարաւոր է` հիւրատունը կառուցած ըլլայ հայ ճարտարապետ մը», կը գրէ Tert.am-ը:
Ներկայիս Սթամպուլի ամենաշքեղ թաղամասերէն Պեպեքի մէջ գտնուող հնագոյն հիւրատունը արդեն 264 տարեկան է: Անիկա ժամանակակից Սթամպուլի մէջ պահպանուած ամենահին տունն է:
1954 թուականին տան մասին թուրք ճարտարապետ Սետաթ Հաքքը Էլտեմը իր անդրադարձին մէջ ըսած է, որ Գաւաֆեաններու հիւրատունը «թրքական տան ճարտարապետութեան պահպանուած եւ չաղաւաղուած օրինակ» է:
Որոշ պատմաբաններ անիկա կը համարեն հին յունական տուն, որ յետագային անցած է հայ ընտանիքին ձեռքը ու վերանուանուած իբրեւ «Գաւաֆեաններու հիւրատուն», իսկ ոմանք ալ կը խոստովանին, որ հիւրատունը կառուցուած է ծագումով Երզնկայէն հայ վարպետի մը կողմէ:
Տան վերջին բնակիչները եղած են Սամուէլ եւ Պէաթրիս Գաւաֆեանները, որոնք մինչեւ 1998 թուական իրենց իսկ տան մէջ իբրեւ վարձակալ ապրածե են , որովհետեւ 1980 թուականին թրքական պետութիւնը սեփականաշնորհեց հայ ընտանիքին ունեցուածքը: