02 Eylül 2016
Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճօ Պայտըն երէկ (24 օգոստոս) պաշտօնական այցելութեամբ հասաւ Անգարա: Հազիւ ոտքը թրքական հողին դրած, Անգարայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան կայքին վրայ լոյս տեսաւ Պայտընի կողմէ գրուած խմբագրական մը` «Թուրքիոյ անթեք յանձնառութիւնը` ժողովրդավարութեան» խորագիրով: Որքան տարօրինակ էր այս խորագիրը, նոյնքան զայրացուցիչ էր անոր բովանդակութիւնը ամերիկացի քաղաքացիին եւ մանաւա՛նդ ամերիկահայութեան համար, որուն երկարատեւ բարեկամը եղած է Պայտըն:
Թուրքիոյ ժողովրդավարական սայթաքումներուն եւ մենատիրական ձգտումներուն մասին արդէն համատարած համամտութիւն գոյութիւն ունի միջազգային հասարակութեան, մամուլի, ակադեմիական շրջանակներու եւ քաղաքական ղեկավարութեան մօտ: Այս համամտութիւնը գրեթէ համատարած է: Հակառակ այս գերակշռող իրականութեան, Միացեալ Նահանգներու
փոխնախագահը 5500 մղոն կը ճամբորդէ հիւսելու համար գովքը մենատիրական երկրի մը «ժողովրդավար» դիմագիծին:
Տասնամեակներէ ի վեր ժողովրդավարութեան շղարշի տակ Թուրքիա զինուորական աշխարհիկ հանրապետութիւն մըն էր: Այս շղարշը սկսաւ պատռիլ, երբ 2002-ին Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան եւ իր Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը տիրացան իշխանութեան: Ներկայիս ժողովրդավարութեան շղարշը վերացած է, եւ կրօնական գունաւորումով մենատիրութեան հաստատումի գործընթացը հասած է իր ամբողջացուցիչ փուլին:
Արդ, նոյնիսկ ամերիկեան գերակայ շահերու դիտանկիւնէն Պայտըն չէր կրնար անտեսել Թուրքիոյ մէջ բռնատիրութեան ամրացման ընթացքը: Թուրքիոյ մէջ տիրող իրավիճակը յստակօրէն կը պարզէ, թէ ժողովրդավարութիւնն ու Էրտողանը անհամատեղելի դարձած են: Թուրքիա սկսած է վերածուիլ միակուսակցական դրութեան` ճիշդ այնպէս, ինչպէս երբեմնի Պոլշեւիկեան խորհրդային միութիւնը եւ Նացիական Գերմանիան: Այսուհանդերձ, Պայտըն յանդգնութիւնը կը ցուցաբերէ լորձնաշուրթն գովաբանանքը կատարելու Թուրքիոյ դիմակաւոր ժողովրդավարութեան:
Իր գրութեան մէջ Պայտըն կը դրուատէ «Թուրքիոյ արի քաղաքացիները», որոնք պետական հարուածի վերջին փորձին ընթացքին «իրենց կեանքը վտանգելու գնով պաշտպանեցին իրենց ժողովրդավարութիւնը:» Ասիկա, ըստ իրեն, «անհաւատալի ապացոյց էր թուրք ժողովուրդի քաջութեան եւ սրտոտ կազմուածքին, ինչպէս նաեւ իրենց անթեք յանձնառութեան` ժողովրդավարութեան նկատմամբ»:
Իբրեւ Միացեալ Նահանգներու քաղաքացի, կը նկատեմ, թէ իմ պետութեանս փոխնախագահը ինքնախաբէութեան մէջ ինկած է կամ գիտակցաբար կը մեղանչէ մեր երկրի ժողովրդավար աւանդութիւններուն դէմ: Իսկապէս միտք չարչրկող անամօթ փառաբանանք է «ժողովրդավարութեան հանդէպ Թուրքիոյ անթեք յանձնառութեան» մասին Պայտընի կատարած անտեղի դրուատանքը:
Սակայն Պայտըն այսքանով չի բաւարարուիր: Ան աւելի անդին կ՛երթայ` փորձելով զուգահեռներ գծել եւ նմանութեան եզրեր հաստատել Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ ժողովրդավար փորձառութեանց միջեւ: Մեղմ ըսած, սահմռկեցուցիչ է այս փորձը: Պայտըն կը գրէ անհաւատալին եւ անընդունելին.-
«Մեր երկու ժողովուրդներուն միջեւ բարեկամութիւնը եւ մօտիկութիւնը կ՛երթան մեր պաշտօնական կապերէն անդին: Անոնք արմատաւորուած են խորապէս ընկալուած այն արժէքներուն մէջ, որոնք կը հիմնաւորեն մեր ժողովրդավարութիւնները: Այսինքն` տարրական յարգում մարդկային իրաւունքներու եւ հիմնական ազատութիւններու, յանձնառութիւն ի խնդիր հանդուրժողութեան եւ հաւասարութեան…» եւ այլն:
Միացեալ Նահանգներու ժողովրդավարական արժէքներու նոյնացումը թրքական բռնատիրական մշակոյթին հետ մեծագոյն նախատինքն է ամերիկացի ժողովուրդին ու անոր ժողովրդավարական արժէքներու համակարգին դէմ: Պայտընի այս փորձը դրժումն իսկ է Միացեալ Նահանգներու հիմներգի այն հաստատումին, որ Ամերիկան «ազատագրուած մարդու հողն է եւ քաջ մարդու հայրենիքը»:
Քաղաքական յարաբերութիւններու մէջ երբեմն կը պատահին պահեր, երբ երկրի մը ներկայացուցիչը գիտակցաբար որոշ կքում կը կատարէ, որպէսզի որոշ շահ ապահովէ իր ժողովուրդին: Սակայն քաղաքական նման կքումներ ունին իրենց սահմանները, որոնցմէ անդին կարելի չէ անցնիլ: Միացեալ Նահանգներու համար ռազմավարական որոշ արժէք կը ներկայացնէ Թուրքիա, որուն նկատմամբ որոշ կքումներ ընդունելի կ՛ըլլան ամերիկացի ժողովուրդին համար: Սակայն Պայտընի գրութիւնը գլելով անցաւ արտօնուած կքումներու սահմանը: Պայտըն մոռցաւ, որ Ամերիկան տակաւին ազատագրուած եւ քաջ մարդուն հայրենիքն է: Ափսոս որ Թուրքիա իր այցելութեան ընթացքին ան թերացաւ քաջութիւն ցուցաբերելու իր պարտականութեան մէջ: Ան պարզապէս կքեցաւ եւ կքելով նուաստացուց իր ներկայացուցած ամերիկացի ժողովուրդը:
Արդարացնելու համար Թուրքիոյ առջեւ իր կքումը, Օպամայի վարչութիւնը Պայտընի ճամբով ապաւինեցաւ Միացեալ Նահանգներու ժողովրդավարական արժէքներուն եւ այդ արժէքներուն համարժէք գտաւ Թուրքիոյ մէջ շարունակուող բռնատիրական գործընթացը: Միացեալ Նահանգներու այս լկտիութիւնը, այսինքն ժողովրդավարութեան շահագործումը, մեզի պէտք է յուշէ Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութեան միւս երեսը, ուր Միացեալ Նահանգները ջատագովը եւ ֆինանսաւորող ուժը կը հանդիսանայ այլ երկիրներու մէջ ժողովրդավարութեան կայացման համար իշխանափոխութեան առաջադրութեան:
Միացեալ Նահանգները Պայտընի ճամբով Թուրքիան կը նկատէ ժողովրդավար պետութիւն: Եթէ Միացեալ Նահանգներու չափանիշերով ճիշդ է այս արժեւորումը, այդ պարագային Հայաստան, հակառակ իր իշխանաւորներու սայթաքումներուն, Միացեալ Նահանգներուն կողմէ պէտք է արժեւորուի իբրեւ ժողովրդավարութեան տիպար օրինակ: Բացատրելի ու բացայայտելի շատ բան կայ այն իրողութեան մէջ, որ Միացեալ Նահանգներ Թուրքիա կը գործուղէ իր փոխնախագահը` ջատագովելու համար անգոյ ժողովրդավարութիւնը, իսկ այլ երկիրներուն կ՛առաքէ լաւապէս ֆինանսաւորուած իր ոչ-կառավարական կազմակերպութիւնները, որպէսզի յանուն ժողովրդավարութեան քաղաքական անկայունութիւն յառաջացնեն:
Ասիկա թզենիի այն տերեւն է, որուն ետին Միացեալ Նահանգները իշխանութիւնները կը փորձեն ծածկել իրենց քաղաքական մերկութիւնը: