Արմաւենի Միրօղլուի Պոլսահայերը (1923-1939) - Հայերէն
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Հուրփեայլեալ

Հայերէն :

07 Ağustos 2016  

Արմաւենի Միրօղլուի Պոլսահայերը (1923-1939) -

Արմաւենի Միրօղլուի Պոլսահայերը (1923-1939) Արմաւենի Միրօղլուի Պոլսահայերը (1923-1939)

Օրեր առաջ Պոլսոյ «Ժամանակ» թերթի խմբագ­րա­տան մէջ հիւ­րըն­կա­լուած է վաս­տա­կա­ւոր կրթա­կան մշակ ու գիտ­նա­կան Դոկտ. Ար­մա­ւե­նի Մի­րօղ­լուն, որ խմբագրութեան նուի­րած է Ե­րե­ւա­նի մէջ վեր­ջերս հրա­տա­րա­կուած իր գիր­քը, որ կը կո­չուի «Պոլ­սա­հա­յե­րը (1923-1939)»։ Այս մասին կը յայտնէ Պոլսոյ «Ժամանակ» թերթը:

Ար­մա­ւե­նի Մի­րօղ­լու վեր­ջին տա­րի­նե­րուն դոկտո­րա­կա­նի աշ­խա­տանք կը տա­նէր Հա­յաս­տա­նի Գի­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին ա­կա­դե­միոյ Պատ­մու­թեան կա­ճա­ռէն ներս։ Այդ աշ­խա­տան­քին հի­ման վրայ պաշտ­պա­նեց իր թե­զը՝ նուա­ճե­լով գի­տա­կան կո­չու­մը։ Իսկ ներ­կա­յիս հրա­տա­րա­կուած գիր­քը, իր կար­գին, պատ­րաս­տուած է տոք­թո­րա­կա­նի թե­զին հի­ման վրայ։ «Մես­րոպ Արք. Աշ­ճեան» մա­տե­նա­շա­րէն հրա­տա­րա­կուած է այս գիր­քը՝ որ­պէս 145-րդ գոր­ծը։

Ար­մա­ւե­նի Մի­րօղ­լուի կող­մէ տա­րուած աշ­խա­տան­քը ան­տա­րա­կոյս յատ­կան­շա­կան է հայ ի­րա­կա­նու­թեան տե­սան­կիւ­նէն։ Պոլ­սա­հայ կրթա­կան մշակ­նե­րու շար­քին սա­կաւ է թի­ւը ա­նոնց, ո­րոնք յա­ւե­լեալ մաս­նա­գի­տա­կան աշ­խա­տանք կը տա­նին, կամ կը խո­րա­նան ա­կա­դե­մա­կան աս­պա­րէ­զի մէջ։ Մաս­նա­ւո­րա­պէս հա­յե­րէ­նի ու­սու­ցիչ­նե­րու պա­րա­գա­յին այս ե­րե­ւոյ­թը ու­նի կա­րե­ւոր նշա­նա­կու­թիւն։ Ար­մա­ւե­նի Մի­րօղ­լուի աշ­խա­տան­քը այս ա­ռու­մով ա­նան­տե­սե­լի է։ Իր գոր­ծը գնա­հա­տան­քի ար­ժա­նի է նաեւ բո­վան­դա­կու­թեան տե­սան­կիւ­նէն։ Յայտ­նի գիտ­նա­կան Ալ­պերթ Խա­ռա­տեա­նի կող­մէ խմբագ­րուած այս գիր­քը լոյս կը սփռէ կա­րե­ւոր ժա­մա­նա­կա­հա­տու­ծի մը վրայ։ Հե­ղի­նա­կը խո­շո­րա­ցոյ­ցի տակ ա­ռած է Թուր­քիոյ Հան­րա­պե­տու­թեան հիմ­նադ­րու­թե­նէն սկսեալ մին­չեւ Բ. Աշ­խար­հա­մար­տի ծա­գած ժա­մա­նա­կա­հա­տուա­ծը։ Սա իս­կա­պէս ե­զա­կի շրջան մըն է, ո­րու մա­սին տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը սահ­մա­նա­փակ են։ Այս շրջա­նի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը թէեւ թրքա­հա­յու­թեան ներ­կայ ի­րա­կա­նու­թեան վրայ անշր­ջա­դար­ձե­լի ազ­դե­ցու­թիւն մը գոր­ծած են, սա­կայն ան­ցու­մա­յին ի­րա­վի­ճա­կի թո­հու­բո­հին մէջ մեր օ­րե­րուն ժա­ռան­գուա­ծը էա­պէս սահ­մա­նա­փակ է՝ թէ՛ տար­րա­կան տե­ղե­կա­տուու­թեան եւ թէ վեր­լու­ծու­թիւն­նե­րու տե­սան­կիւ­նէն։ Այս հան­գա­ման­քը ի զօ­րու է ինչ­պէս մեր հա­մայն­քին, այն­պէս ալ ընդ­հան­րա­պէս հայ­կա­կան աշ­խար­հին տե­սա­կէ­տէ։

Այս ի­րո­ղու­թեան լոյ­սին տակ Ար­մա­ւե­նի Մի­րօղ­լուի ու­սում­նա­սի­րու­թիւ­նը կու գայ լրաց­նել լուրջ բաց մը։ Ան փոր­ձած է ներ­թա­փան­ցել ա­կունք­նե­րուն՝ լա­ւա­գոյնս պատ­կե­րաց­նե­լու հա­մար ի­րադ­րու­թիւ­նը այն փու­լին, որ­մէ ան­դին թրքա­հա­յու­թիւ­նը սկսաւ ապ­րիլ կրօ­նա­կան փոք­րա­մաս­նու­թեան կար­գա­վի­ճա­կով։ Այս ամ­բող­ջին մէջ ան նկա­տի ա­ռած է թրքա­հա­յու­թեան ներ­քին հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն­ներն ու հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն հա­մա­պա­տաս­խա­նե­ցու­մը՝ նոր ի­րա­վի­ճա­կին։ Ի լրումն այդ բո­լո­րին, ներ­կա­յա­ցուած են պե­տու­թեան վե­րա­բեր­մուն­քը փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն նկատ­մամբ եւ փոք­րա­մաս­նա­կան միւս տար­րե­րուն հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը։

Ար­մա­ւե­նի Մի­րօղ­լու հա­ւա­քա­կան մեր կեան­քը ցո­լա­ցու­ցած է ա­ռանց զանց առ­նե­լու կրթա­կան, մշա­կու­թա­յին եւ գե­ղա­րուես­տա­կան կեան­քը։ Լե­զուի նիւ­թը նոյն­պէս ա­ռանց­քա­յին տեղ մը կը զբա­ղեց­նէ իր ու­սում­նա­սի­րու­թեան մէջ։

Տոք­թո­րա­կա­նի տա­րի­նե­րուն Ար­մա­ւե­նի Մի­րօղ­լուի կող­մէ կու­տա­կուած փոր­ձա­ռու­թիւնն ու պա­շա­րը լա­ւա­գոյնս ամ­փո­փուած են այս գիր­քին մէջ, որ կը ցո­լաց­նէ տուեալ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը խոր­քա­յին ձե­ւով պատ­կե­րաց­նե­լու, ա­նոր ծալ­քե­րուն ներ­թա­փան­ցե­լու բազ­մա­կող­մա­նի ջանք մը։ Ուս­տի, ջեր­մօ­րէն կը շնոր­հա­ւո­րենք Տքթ. Ար­մա­ւե­լի Մի­րօղ­լու Մուհ­թա­րեանն ու կը մաղ­թենք, որ ան անս­պառ ե­ռան­դով տե­ւա­կա­նաց­նէ իր գի­տա­կան ար­տադ­րու­թիւ­նը։





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+