14 Mart 2016
Հետաքրքրական համաձայնական եզրերու ձեւաւորումներ տեղի կ՛ունենան Անգարա-Եւրոպական Միութիւն ուղղութեան վրայ, այն պահուն, երբ Անգարան բռնապետութեան, գրաքննութեան եւ քիւրտ ազգաբնակչութեան դէմ կիրարկած ոչ ընկալեալ պատերազմի եղանակներով կ՛ամբաստանուի միջազգային ընտանիքին եւ միջազգային հանրային կարծիքին կողմէ:
Նախ տեսնենք, թէ Անգարան ի՛նչ ձեռք ձգեց այս համաձայնութենէն.
Եւրոպական Միութիւնը Թուրքիոյ պիտի տրամադրէ 3 միլիառ եւրօ:
Բացի ատկէ, եւրոպական երկիրները համաձայնած են քննարկել ի յաւելումն ատոր մինչեւ 2018 թուականը լրացուցիչ եւս 3 միլիառ եւրոյի տրամադրման հարցը:
Թուրքիան կը պարտաւորուի ընդունիլ Յունաստան ներթափանցած ներգաղթեալները:
Այդ բոլորին դիմաց Եւրոպական Միութիւնը կը պարտաւորուի մինչեւ այս տարուան յունիս ոչ այցեգրային դրութիւն սահմանել Թուրքիոյ քաղաքացիներուն համար, ինչպէս նաեւ վերսկսիլ Եւրոպական Միութեան Թուրքիոյ անդամակցութեան շուրջ բանակցութիւնները:
Ձեռք բերուած համաձայնութիւնը տակաւին պէտք է համաձայնութեան արժանանայ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու նախագահներու եւ կառավարութեան ղեկավարներու 17-էն 18 մարտին տեղի ունենալիք վեհաժողովին:
Դէպի Եւրոպա ճամբայ փակելուն դիմաց գումար ստանալը համաեւրոպական մարդասիրական, տնտեսական եւ ապահովական հսկայ ճգնաժամի ահագնացման ընթացքը կանխարգիլելու կը միտի: Եւ եթէ միայն քաղաքական այս առեւտուրը ըլլար Անգարա-Պրիւքսէլ սակարկութիւններու արդիւնքը, աւելի հասկնալի կը դառնար, որ Եւրոպան պիւտճէով կը փորձէ լուծել իր միաւորման սպառնացող տագնապը: Պարզ եւ ամփոփ բացատրութեամբ գաղթականներու զանգուածային հոսքը դէպի Եւրոպա կը սպառնայ շէնկէնեան գօտիին, որմէ դուրս գալու տրամադրութիւններու գործնականացման առաջին քայլերը առնուեցան` ժամանակաւորապէս սառեցնել համաձայնագիրը եւ այլն: Իսկ շէնկէնեան գօտիի սասանումը փաստօրէն իբրեւ Եւրոպական Միութեան կազմալուծման հաւասարազօր երեւոյթ կը մեկնաբանուէր:
Բայց այս առեւտուրին ներառուած է նաեւ այցեգիրներու փոխազատականացման կէտը, որ Անգարայի` Եւրոպական Միութիւն անդամակցութեան քաշքշուող ընթացակարգի կարեւոր իրաւադրոյթներէն կը համարուի: Մինչ, այս ընթացակարգի իւրաքանչիւր հանգրուանի նուաճումը եւրոպական իրաւաքաղաքական արժեհամակարգին հետ համարկման կարեւոր բեկումնային քայլեր կ՛ենթադրեն:
Միեւնոյն Եւրոպական Միութեան կառոյցներուն կողմէ բռնապետութեան, գրաքննութեան եւ ցեղային զտում իրականացնող, չհաշուած ահաբեկիչներուն սատարելու իրականութիւնը մատնացոյց ընելու եւրոպական սլաքները, մեղադրուող Անգարան հիմա քայլ կ՛առնէ դէպի Եւրոպական Միութիւն:
Պարզ է եւ այստեղ եւս անտրամաբանական ոչինչ կայ, որ Եւրոպական Միութիւնը իր իրաւական ընթացակարգերը եւս կ՛ընկալէ զուտ քաղաքական մօտեցումներով եւ այս պահու դրութեամբ եթէ իրեն սպառնացող զանգուածային գաղթականական ալիքի բարձրացումը պիտի կանխէ, ոչ միայն պիտի վճարէ անոր, որ այս ալիքի մակընթացութիւնները կը ղեկավարէ, այլ նաեւ անոր, որ բռնապետութիւն, գրաքննութիւն եւ ցեղային զտումներ կ՛իրականացնէ:
Կարճաժամկէտ կտրուածքով Անգարան, իր ներքին եւ արտաքին կուտակուող տագնապներուն մէջ երեւութապէս առաւել կ՛արձանագրէ այս ձեւով: Տագնապը կը ստեղծէ եւ նոյն տագնապի լուծման համար գումարներ կը գանձէ ու քաղաքական առաւելներ կը շահի: Բայց…
Դէպի Եւրոպա սահման փակելով Թուրքիան այլ սահմանագօտիի մը խնդիրին սեւեռակէտը ունի: Դրացի Սուրիոյ տարածքին, ժողովրդագրականէն ու քաղաքականէն այլեւս ռազմականի վերածուած քրտական գործօնը կը շարունակէ մղձաւանջ մնալ Անգարային համար, որ ամէնէն հակաեւրոպական միջոցներով կը փորձէ զսպել իր դէմ ծաւալուող քրտական ապստամբութիւնը:
Դէպի Թեհրան շրջադարձի փորձեր կատարելը նաեւ այս մղձաւանջի փարատման ճիգերով կը բացատրուի. հիմա ալ գաղթականները դէպի Եւրոպա ուղարկելու իր գործողութիւնները կասեցնելու խոստումով, Անգարան կը նպատակադրէ միջազգային արգելքներու վերացում` քրտական հարցը անարգել լուծելու իր ոճով:
Ուաշինկթընն ու Մոսկուան սակայն, որոնք հրադադարի հաստատման կամ Անգարայի առաջադրած անվտանգութեան գօտին մերժելու լուռ համաձայնութիւն ունին իրարու հետ, կը թուի, որ ներառած են նաեւ քրտական ռազմական գործօնի զարգացումը թոյլատրելու երեւոյթը եւս իրենց չյայտարարուած համաձայնութեան:
Իսկ այս հարցին մէջ Անգարան այլ խաղաթուղթ պէտք է փնտռէ գործընթացներուն տարբեր հունաւորում տալու իր մարտավարութեան մէջ: Զանգուածային գաղթականներու վտանգ ո՛չ Ուաշինկթընին, ո՛չ ալ Մոսկուային կը սպառնայ, որոնք գլխաւոր խաղացողներն են սուրիական պատերազմին եւ որոնք մինչեւ հիմա չեն ընդառաջած Անգարայի առաջնային պահանջին: