Անգարան Լաւատես Չէ. Էրտողան. «Թուրքիան Լուռ Պիտի Չմնայ Մեր Պատմական Ու Ապագայ Գործընկեր Սուրիոյ Մէջ Ողբերգու - Հայերէն
24 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Արփող

Հայերէն :

24 Şubat 2016  

Անգարան Լաւատես Չէ. Էրտողան. «Թուրքիան Լուռ Պիտի Չմնայ Մեր Պատմական Ու Ապագայ Գործընկեր Սուրիոյ Մէջ Ողբերգու -

Անգարան Լաւատես Չէ. Էրտողան. «Թուրքիան Լուռ Պիտի Չմնայ Մեր Պատմական Ու Ապագայ Գործընկեր Սուրիոյ Մէջ Ողբերգու Անգարան Լաւատես Չէ. Էրտողան. «Թուրքիան Լուռ Պիտի Չմնայ Մեր Պատմական Ու Ապագայ Գործընկեր Սուրիոյ Մէջ Ողբերգութեան Նկատմամբ»

Թուրքիոյ փոխվարչապետ Նոման Քուրթուլմուշ յայտարարեց. «Անգարա կ՛ողջունէ Սուրիոյ մէջ զինադուլի ծրագիրը, սակայն քաղաքական փոխանցման շուրջ բանակցութիւններու դրական արդիւնքի մը յանգելուն նկատմամբ լաւատես չէ»:

Ան աւելցուց. «Անգարա վերապահութիւններ ունի սուրիական չափաւորական ընդդիմութեան եւ քաղաքայիններուն դէմ ռուսական ուժերու հաւանական քայլերուն վերաբերեալ»

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու մէկ օր առաջ բացառած էր Սուրիոյ մէջ ցամաքային գործողութեան մը շղթայազերծումը` նշելով, որ ատիկա օրակարգի վրայ չէ եւ այդպիսի քայլ մը կրնայ առնուիլ միայն ամերիկեան ղեկավարութեամբ Միջազգային դաշինքի բոլոր անդամներուն մասնակցութեամբ:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ յայտարարեց, որ իր երկիրը լուռ պիտի չմնայ Սուրիոյ ողբերգութեան նկատմամբ, որովհետեւ «Սուրիան պատմական եւ ապագայ գործընկեր է»: Ան սուրիական վարչակարգը ամբաստանեց միջազգային ուժերու աջակցութեամբ Հալէպն ու անոր հիւսիսային գիւղերը ռմբակոծելու, Հալէպը քանդելով 600 քաղաքայիններ սպաննելու յանցանքով:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Սուրիոյ կառավարութիւնը իր համաձայնութիւնը յայտնած է «ռուս-ամերիկեան համաձայնութեան համապատասխան զինուորական գործողութիւնները դադրեցնելու»: Սակայն ընդգծեց, որ Սուրիոյ բանակը «Պիտի շարունակէ պայքարը ՏԱՀԵՇ-ի եւ Քայիտայի դէմ: Նշենք, որ «Ռոյթըրզ»` յղում կատարելով ՍԱՆԱ-ին հաղորդեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ 22 փետրուարին ստորագրած է հրամանագիր մը` երկրին մէջ խորհրդարանական ընտրութիւնները նշանակելով 13 ապրիլին:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի յայտարարեց, որ շատ արագ յայտնի պիտի դառնայ, եթէ երկիրները Սուրիոյ մէջ զինադուլի հաստատման նկատմամբ լուրջ են` նշելով, որ զինադուլի փուլ գալուն այլընտրանքներ գոյութիւն ունին:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա ողջունեց Սուրիոյ շուրջ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու վճռորոշ դերակատարութեամբ գոյացած զինադուլի հաստատման համաձայնութիւնը` ընդգծելով, որ այժմ կարեւոր է զայն կատարել: Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին իր կարգին յայտարարեց. «Տակաւին նոր հեռաձայնային հաղորդակցութիւն տեղի ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի հետ: Խօսակցութիւնը նախաձեռնած էր ռուսական կողմը, սակայն շահագրգռութիւնը, անտարակոյս, երկուստեք էր: Հաղորդակցութեան ընթացքին մենք հաւանութիւն տուինք Սուրիոյ մէջ մարտական գործողութիւններու դադրեցման վերաբերեալ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միացեալ յայտարարութեան»:

Մինչ այդ, Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրա յայտարարեց, որ պիտի կազմէ աշխատանքային խմբակ մը` հսկելու համար 27 փետրուարի կէս գիշերին ուժի մէջ մտնելիք զինադուլին գործադրութեան:

Ռուսական «Սփութնիք» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով միջսուրիական բանակցութեանց մօտիկ աղբիւր մը, հաղորդեց, որ Զուիցերիոյ մէջ 25 փետրուարին նախատեսուած բանակցութիւնները պիտի յետաձգուին 1 մարտին: Այդ մասին յայտարարութիւն պիտի կատարէ տը Միսթուրա:

Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆիլիփ Համընտ բրիտանական խորհրդարանին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Վերջին շաբաթներուն ընթացքին մենք տեսած ենք մտահոգութիւն յառաջացնող վկայութիւններ այն բանին, որ սուրիացի քիւրտերու ուժերուն, սուրիական վարչակարգին եւ ռուսական օդուժին միջեւ համակարգում կը կատարուի, ինչ որ մեր մօտ տագնապ կը յառաջացնէ այդ բոլորին մէջ քիւրտերուն դերակատարութեան առնչութեամբ:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+