Անգարա. «Զինադուլի Հաստատման Գլխաւոր Արգելքը Ռուսիան Է». Ռուս-Ամերիկեան Համաձայնութիւն` 27 Փետրուարին Սուրիո - Հայերէն
24 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Այգ

Հայերէն :

23 Şubat 2016  

Անգարա. «Զինադուլի Հաստատման Գլխաւոր Արգելքը Ռուսիան Է». Ռուս-Ամերիկեան Համաձայնութիւն` 27 Փետրուարին Սուրիո -

Անգարա. «Զինադուլի Հաստատման Գլխաւոր Արգելքը Ռուսիան Է». Ռուս-Ամերիկեան Համաձայնութիւն` 27 Փետրուարին Սուրիո Անգարա. «Զինադուլի Հաստատման Գլխաւոր Արգելքը Ռուսիան Է». Ռուս-Ամերիկեան Համաձայնութիւն` 27 Փետրուարին Սուրիոյ Մէջ Զինադուլը Սկսելու

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան դիմատետրեան էջը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի 21 փետրուարի երեկոյեան դարձեալ քննարկած են Սուրիոյ մէջ զինադուլի հաստատումը` կատարելով երկու յաւելեալ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ:

«21 փետրուարի երեկոյեան Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի միջեւ տեղի ունեցած են երկու յաւելեալ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ: Անոնց ընթացքին տեղի ունեցած է Սուրիոյ մէջ զինադուլի յարաչափերու շուրջ համաձայնութեան ամբողջացում», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը նշէ, որ բանակցութիւններու արդիւնքները զեկուցուած են Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներ Վլատիմիր Փութինին եւ Պարաք Օպամային:

21 փետրուարին, աւելի կանուխ, Քերրին եւ Լաւրովը արդէն ունեցած էին հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ, որոնց աւարտին Քերրի յայտնած էր, որ կողմերը նախնական համաձայնութիւն գոյացուցած են զինադուլի հիմնական պայմաններու շուրջ: Ան նաեւ յոյս յայտնած էր, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ նախագահները յառաջիկային պիտի բանակցին ամբողջութեամբ համաձայնութեան հասնելու համար:

Աւելի ուշ, նոյն շրջագիծին մէջ «Ռոյթըրզ» հաղորդեց, որ հրապարակուած է ամերիկեան-ռուսական հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուած է, թէ 27 փետրուարէն սկսեալ Սուրիոյ մէջ պիտի գործէ զինադուլի դրութիւնը, որ կը բացառէ ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Նուսրայի դէմ գործողութիւնները:

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ 21 փետրուարին սպանական «Էլ Փայիս» օրաթերթին մէջ հրապարակուած հարցազրոյցին մէջ յայտնած էր, որ պատրաստ է զինադուլի, սակայն պայմանաւ որ ատկէ պէտք չէ օգտուին ահաբեկչական կազմակերպութիւններու զինեալները:

20 փետրուարին հաղորդուած էր, որ Ժընեւի մէջ համաձայնութիւն գոյացած է Սուրիոյ մէջ հրադադարի հաստատման շուրջ:

Միւս կողմէ, թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթի կայքը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարած է, որ Սուրիոյ ճգնաժամի լուծման հիմնական խոչընդոտը Ռուսիան է: Ան յայտարարած է, որ Ռուսիա Սուրիոյ մէջ զինուորական գործողութիւն ձեռնարկելուն ատեն յայտարարած էր, որ պիտի պայքարի ՏԱՀԵՇ-ի դէմ, սակայն մինչեւ հիմա զբաղած է ընդդիմութեան դիրքերն ու խաղաղ բնակիչները ռմբակոծելով:

Չաւուշօղլու իտալական «Լա Սթամփա» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Ռուսիան Ժընեւի բանակցութիւնները եւս օգտագործած է իբրեւ «վարագոյր»` Սուրիոյ մէջ օդային յարձակումները աշխուժացնելու համար: Պատասխանելով Սուրիոյ ճգնաժամը չյաղթահարելու մասին մեծագոյն խոչընդոտին մասին հարցումին` Չաւուշօղլու ըսած է. «Անկասկած Ռուսիան»:

Ան յայտարարած է, որ Թուրքիան պատրաստ է համագործակցելու, սակայն յոգնած է իր սահմանները ինչպէս պաշտպանելու մասին ճառեր լսելէ:

Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու եւս երէկ յայտարարեց. «Ռուսական օդային հարուածները Սուրիոյ մէջ զինադադարի հաստատման մեծագոյն արգելքն են»: Նշենք, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան մէկ օր առաջ յայտարարած էր, որ Թուրքիան իրաւունք ունի զինուորական գործողութիւններ շղթայազերծելու Սուրիոյ եւ այլ վայրերու մէջ, ուր կը գտնուին Թուրքիան թիրախ դարձնող ահաբեկչական խմբաւորումներ:

Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Քաթարի Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանի իշխանը հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկած են Սուրիոյ մէջ ստեղծուած կացութիւնը: «Շարունակելով բանակցութիւնները, որոնք տեղի ունեցած են Քաթարի իշխանի` վերջերս Մոսկուա կատարած այցելութեան ընթացքին, ղեկավարները քննարկած են Սուրիոյ կացութեան հրատապ հարցերը: Մասնաւորաբար, համաձայնութիւն գոյացած է աշխուժացնելու տարբեր մակարդակներու վրայ երկկողմ շփումները, որոնք նպատակաուղղուած են ճգնաժամի լուծման աջակցութեան», նշած է Քրեմլին:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+