Ակնարկ. Անգարան Փորձ Կը Կատարէ Խախտելու Կանոնները - Հայերէն
24 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Լուսափայլ

Հայերէն :

16 Şubat 2016  

Ակնարկ. Անգարան Փորձ Կը Կատարէ Խախտելու Կանոնները -

Ակնարկ. Անգարան Փորձ Կը Կատարէ Խախտելու Կանոնները Ակնարկ. Անգարան Փորձ Կը Կատարէ Խախտելու Կանոնները

Այն պահուն, երբ միջազգային ընտանիքը սկսած էր թուականով խօսիլ Սուրիոյ մէջ զինադուլ հաստատելու մասին, Թուրքիոյ կողմէ սուրիական տարածքներու վրայ քրտական կեդրոններու դէմ իրականացուած յարձակումները մագլցողականութեան նոր աստիճանաչափ արձանագրեցին:

Պարզ դարձած էր արդէն, որ ժընեւեան բանակցութիւնները խափանողը` նախապայմանային մօտեցումներով Անգարան էր, որ անընդհատ կը փորձէր խոչընդոտել քրտական մասնակցութիւնը: Արեւմուտքի պահուածքը այստեղ տարանջատում բերող էր` Թուրքիոյ քիւրտերը ահաբեկչական որակելով եւ այդ պիտակաւորումէն դուրս ձգելով սուրիական Քիւրտիստանը: Արդիւնքը այն էր, որ ժընեւեան բանակցութիւնները իրողապէս կը խափանուէին. միջազգային ընտանիքի գնահատումը կ՛ուշանար. ո՞վ էր բանակցութիւններու մեկնարկը արգելակողը:

Միւնիխի հանդիպումը սկսած էր խօսիլ զինադուլի մասին, որուն սկզբունքով պէտք է յաջորդէին բանակցութիւնները: Զինադուլի տեսանելիութիւնը շատ անորոշ էր, այսուհանդերձ յայտարարի շուրջ համաձայնութեան գալը` պատերազմական գործողութիւնները հանգրուանի մը համար դադրեցնելու, սկսած էր ուրուագծուիլ իբրեւ ռուս-ամերիկեան ընդհանուր համաձայնութիւն:

Նման մթնոլորտի մէջ էր փաստօրէն, որ Անգարան իրեն դէմ ուղղուած քրտական յարձակումներ պատրուակելով դիմեց ռազմական քայլի, ռմբակոծելով քրտական յենակէտեր` սուրիական տարածքներու վրայ:

Կը թուի, որ ՏԱՀԵՇ-ն ու քրտական գործօնը հետզհետէ կը նահանջեն երկրորդ գիծ, եւ պատերազմը տակաւ կը տեղափոխուի ռուս-թրքական հարթութիւն: Մէկ կողմէ սուրիական կառավարական, ռուսական, որոշակիօրէն իրանեան եւ քրտական, միւս կողմէ թրքական, ՏԱՀԵՇ-ական եւ գէթ պատրաստակամութիւն յայտնելու առումով սէուտական-արաբական ճակատ:

Արդէն իսկ միջազգային մամուլը սկսած է խօսիլ կայուն տեղաշարժերու մասին, որոնք անուղղակիօրէն կ՛ընդգծեն ռուսական ուժերու, կառավարական ուժերու եւ քիւրտ զինեալներու ռազմական գործողութիւններուն յայտնաբար համակարգուած ըլլալուն մասին:

Գետնի վրայ տեղաշարժը, Արեւմուտքի կամ աւելի ճիշդը Ուաշինկթընի կողմէ արգելակումը Անգարայի առաջադրած միջազգային երաշխիքով անվտանգութեան գօտի ստեղծելու, աւելի ետ երթալով դարձեալ Ուաշինկթընի հետ համաձայնեցուած ռուսական օդուժի աշխուժ ներգրաւումը սուրիական պատերազմին, բայց մանաւանդ Արեւմուտքի ցուցաբերած հովանաւորութիւն քրտական գործօնին կողմէ արձանագրուող զարգացման, կը մղեն Անգարան ժընեւեան բանակցութիւններ կամ միւնիխեան զինադուլներ նման եղանակներով խափանելու: Անգարայի քայլը նեղ իրավիճակի մէջ յայտնուած պետութեան քայլ է, որ միայն Ուաշինկթընի ուղղուած յայտարարութիւններով չի բացատրուիր` Միացեալ Նահանգներ պէտք է ընտրութիւն կատարեն քիւրտերուն եւ Անգարայի միջեւ:

Ուաշինկթըն կը թուի, որ այդ ընտրութիւնը որոշ առումով կատարած է արդէն: Անգարան առայժմ միայն Ռիատի զինակցութիւնը ունի սուրիական տարածքներ ռմբակոծելու իր վարքագիծին մէջ: Իսկ Ռիատը նեղ կացութեան մատնուած պետութեան աջակցելու ի՛ր պատճառները ունի, որոնք կը բխին իր հերթին նեղ կացութեան մատնուած ըլլալէ:

Քարիւղապետական համակարգի երկիրը յայտարարած էր իր պատրաստակամութիւնը սուրիական տարածք ցամաքային ուժերով ներխուժելու: Սէուտական Արաբիան օդանաւեր տեղակայած է Ատանայի մէջ գտնուող Ինճիրլիք զօրակայանին մէջ: Փետրուար 14-ին այդ մասին յայտարարած էր Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու: Սէուտական օդուժը, ըստ յայտարարութիւններու, պիտի ներգրաւուի ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին:

Խնդիրը այն է, որ Ուաշինկթընի երկու ռազմավարական գործընկերները իրենց նախկին նշանակութիւնը չեն ներկայացներ: Թուրքիոյ մասնատման հաւանականութիւններուն մասին հետզհետէ կը բազմանան հրապարակումները, իսկ քարիւղը հետզհետէ կ՛արժեզրկուի:

Արտակարգ իրավիճակներ ստեղծելու միտող քայլերը պարզապէս ժամանակաւոր կացութիւն կը ստեղծեն եւ կրնան միայն յետաձգել աշխարհաքաղաքական կեդրոններու որոշած երկարաժամկէտ ծրագիրները:

Ռուսական օդուժի աշխուժ ներգրաւումը, Թուրքիոյ կողմէ սուրիական տարածքներու վրայ գործող քրտական յենակէտեր ռմբակոծելը, Սէուտական Արաբիոյ օդուժի ահազանգային վիճակի մէջ գտնուիլն ու թրքական ռազմակայաններ տեղակայումը կամ ցամաքային մասնակցութեան հաւանականութեան շեշտումը աշխարհամարտի տեղայնացուած պատերազմի նախադրեալները կը պարփակեն: Իրադրութիւններու ընթացքը կը յուշէ, որ աշխարհաքաղաքական ծրագիրը գէթ այս պահու դրութեամբ կ՛ընթանայ վերահսկելի աշխարհամարտի կանոններով: Այդ կանոնները խախտելու փորձեր է, որ կը կատարէ Անգարան:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+