10 Şubat 2016
Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ալեքսէյ Մեշքով յայտարարեց. «Անգարա գիտէ, թէ Մոսկուայի հետ յարաբերութիւնները վերականգնելու համար ճիշդ ի՛նչ պէտք է ընէ»:
«Թուրքիան պէտք է փոխհատուցում կատարէ անցեալ 24 նոյեմբերին ռուսական «Սու-24» օդանաւը վար առնելուն համար, ներում հայցէ եւ խոստանայ այսպիսի յարձակումներ չգործել», ըսաւ ան:
«Լարուածութիւնը մագլցումի մղելու եւ Ռուսիոյ դէմ շինծու ամբաստանութիւններ ուղղելու փոխարէն, թուրքերը պէտք է հայելիին նային եւ երկիրներուն միջեւ քաղաքակիրթ յարաբերութիւններու ծիրին մէջ պէտք եղածը կատարեն, իսկ մեր կեցուածքը չէ փոխուած», յայտնեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարը:
Ռուսական «Իզվեսթիա» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Տումայի Համայնավար կուսակցութենէն անդամներ Վալերի Ռաշքին եւ Սերկէյ Օպուխով նամակ յղած են Ռուսիոյ նախագահին եւ արտաքին գործոց նախարարին` առաջարկելով ջնջել 16 մարտ 1921-ի Մոսկուայի ռուս-թրքական բարեկամութեան եւ եղբայրութեան մասին համաձայնագիրը:
Անոնք իրենց նամակին մէջ այդ քայլը հիմնաւորած են Թուրքիոյ յարձակողապաշտ կեցուածքով:
Ռուսական լրատուամիջոցներու տրամադրութեան տակ յայտնուած նամակին մէջ հիմնաւորումներու շարքին նշուած է նաեւ. «Վրաստանը եւ Հայաստանը չեն ճանչնար համաձայնագիրին պայմանները` զանոնք անարդար նկատելով»:
Կը նշուի, որ այս նախաձեռնութեան կը սատարեն նաեւ Արդար Ռուսիա կուսակցութեան անդամներ:
Աղբիւրը կը յիշեցնէ, որ Հայաստանը չ՛ընդունիր Մոսկուայի եւ Կարսի համաձայնագիրները, որոնցմով պոլշեւիկեան Ռուսիան Թուրքիոյ յանձնեց Կարսի նահանգը, Սուրմալուն` Արարատ լեռով միասին:
Կը յիշեցուի, որ 2005-ին Վրաստանը ջնջած է Կարսի համաձայնագիրը: Իսկ մինչ այդ այդպիսի փորձեր կատարած է նաեւ խորհրդային իշխանութիւնը, սակայն Ստալինի մահէն ետք փորձերը դադրեցուած են: