Հայկական Ձեռագործներու Աննախընթաց Ցուցահանդէս Պէյրութի Մէջ - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Բաւական

Հայերէն :

08 Şubat 2016  

Հայկական Ձեռագործներու Աննախընթաց Ցուցահանդէս Պէյրութի Մէջ -

Հայկական Ձեռագործներու Աննախընթաց Ցուցահանդէս Պէյրութի Մէջ Հայկական Ձեռագործներու Աննախընթաց Ցուցահանդէս Պէյրութի Մէջ

Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան եւ օծման 60-ամեակին առթիւ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Մեսրոպ Ա. քհնյ. Քերքեզեան եւ եկեղեցւոյ միաւորները` Թաղական խորհուրդը, Տիկնանց յանձնախումբը եւ Աղքատախնամ մարմինը Հոկտեմբեր 2015-Հոկտեմբեր 2016 տարուան համար ծրագրած են եկեղեցական եւ մշակութային ձեռնարկներու շարք մը: Այս մասին կը գրէ Եւնիկէ Եագուպեան։

Արդ, ձեռնարկներու ծիրին մէջ, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը եւ Տիկնանց յանձնախումբը միասնաբար գեղեցիկ գաղափարը յղացած էին ցուցահանդէս-վաճառքի մը, որ կը տարբերէր իր տեսակին մէջ այլ ցուցահանդէսներէ: Ցուցահանդէսին նպատակն էր մեր մայրերուն եւ մեծ մայրերուն հայկական ձեռագործները եւ ձեռային աշխատանքները ցուցադրել եւ վաճառել հանրութեան: Այսպիսով, 3-9 դեկտեմբերին Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ «Տիրան Պապիկեան» սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, տեղի ունեցաւ ցուցահանդէս-վաճառք:

2015 տարին 100-ամեակն է Ցեղասպանութեան, եւ մեր ցեղասպաննուած ժողովուրդին յարութեան: Մեր ժողովուրդը սուրիական անապատներէն թափառական, անօթի ու ծարաւ հասաւ Լիբանան, ուր տարիներ բնակեցաւ հիւղաւաններու մէջ: Բայց իր ապրելու եւ գոյատեւելու կամքը զօրաւոր էր: Ան շէնցուց իր նոր տունը, շինեց եկեղեցիներ, դպրոցներ: Քրիստոնէութիւնը իր մէջ արմատացած էր եւ հաւատքը` զօրաւոր: Կը հաւատար ՀԱՅ ԸՆՏԱՆԻՔ կառոյցին: Կը հաւատար աւանդութիւնները` հոգեւոր թէ մշակութային ժառանգութիւնները, պահպանելու եւ յաջորդ սերունդին փոխանցելու անհրաժեշտութիւնը: Մեր մայրերը ձեռագործի հմուտ վարպետներ էին, անոնք կ՛աշխատէին եւ շարունակեցին աշխատիլ իրենց ապրուստը հոգալու եւ, յատկապէս, իրենց զաւակներուն օժիտ պատրաստելու համար: Հայրենի իւրաքանչիւր գաւառ ունէր իրեն յատուկ ոճի ձեռագործներ, ինչպէս` Այնթապի, Մարաշի, Վանի, Ուրֆայի եւ այլ շրջաններու: Մեր մեծ մայրերն ու մայրերը շարունակեցին այդ աւանդը պահել սերունդէ սերունդ: Բոլորս ալ մեր տուներուն մէջ ունինք մեր մայրերէն, եւ մեծ մայրերէն մնացած ձեռագործներ, երբեմն` պատառիկներ, որոնք իսկական գոհարներ են: Այս ցուցահանդէսին առաջին նպատակը ինչպէս վերը յիշեցինք, ցուցադրել էր մեր մեծ մայրերուն ու մայրերուն աշխատած ձեռագործները: Ցուցադրուեցան նրբաճաշակ տարբեր տեսակի ձեռագործներ, ասեղնագործեր, ժանեակներ, նոյնիսկ մէկ քանին հասած էին Այնթապէն եւ Խարբերդէն: Երկրորդ` հոն կային նաեւ մե՛ր սերունդին ձեռագործները, գեղանկարները, սրբանկարները եւ ձեռային աշխատանքները, որոնք իսկապէս հիանալի աշխատանքներ էին: Մեր սերունդը նկատի ունեցանք, որպէսզի առաջին հերթին գնահատենք ու քաջալերենք զիրենք, որոնք իրենց ժառանգած աւանդը վար պահելով` իրենց կարգին կը փոխանցեն զայն յաջորդ սերունդներուն: Եւ երրորդ մեր փափաքն էր, որ այցելուները գնահատէին ցուցադրուած բոլոր ձեռագործները եւ ձեռային աշխատանքները` գնելով եւ գործածելով զանոնք, որպէսզի անոնք ալ իրենց բաժինը բերած ըլլային վառած ջահին փոխանցումի գործընթացին մէջ:

Յատուկ շնորհակալական խօսք ունինք մեր բոլոր հայ կիներուն, որոնք սիրայօժար մեզի տրամադրեցին եւ վստահեցան այդ շատ թանկագին եւ «անթիք» ձեռագործները: Նաեւ յատուկ շնորհակալութիւն` մեր երիտասարդ կիներուն եւ օրիորդներուն, որոնք իրենց ձեռային աշխատանքներով յաւելեալ փայլք տուին այս ցուցահանդէսին: Շնորհակալութիւն` նաեւ բոլոր օժանդակ կիներուն, որոնք իրենց թանկագին ժամանակը տրամադրեցին` մեր ցուցահանդէսի օրերուն օգտակար հանդիսանալով մեզի:

Վարձքը կատար բոլորին:






Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+