03 Şubat 2016
Թուրքիոյ մէջ հայկական համայնքի համար 2016 թուականին գլխաւոր խնդիրը կը շարունակէ մնալ պատրիարքի եւ համայնքային հաստատութիւններու վարչութիւններու ընտրութեան հարցը: Այս մասին «Արմենփրես»-ին յայտնած է Սթամպուլի հայկական «Ակօս» պարբերականի հայերէն բաժնի պատասխանատու խմբագիր Բագրատ Էստուկեան:
«Այդ ընտրութիւնները կարգաւորող կանոնադրութիւնը կը բացակայի, հետեւաբար արդէն քանի տարիէ չենք կրնար ընտրութիւն իրականացնել: Պատրիարքի ընտրութեան հետ կապուած նոյնպէս խոչընդոտներ կան: Նոր պատրիարք պէտք է ընտրենք, բայց կարգադրութիւնները ձեռնտու չեն: Ահա ասոնք են գլխաւոր խնդիրները»,- ըսած է Բագրատ Էստուկեան:
Անոր խօսքով, օրեր առաջ այդ հարցերու հետ կապուած ընդհանուր ժողով կազմակերպուած էր: Կը մասնակցէին տեղի համայնքի բոլոր հաստատութիւններու ներկայացուցիչները: Ժողովին կարծիք հնչած է, որ յոյս չկայ, թէ մինչեւ 2017 թուական հնարաւոր ըլլայ ընտրութիւն կազմակերպել: Ատիկա կը վերաբերի ե՛ւ պատրիարքի, ե՛ւ վարչութիւններու ընտրութեան:
Ըստ Բագրատ Էստուկեանի` ասիկա իրականութեան մօտ կարծիք է: Պատճառը այն է, որ հայկական համայնքին մէջ չեն կրնար այդ հարցերուն շուրջ ընդհանուր եզրակացութեան գալ: Ըստ անոր` այս գործընթացը հայկական համայնքի քայքայման պատճառ կը դառնայ: «Սթտամպուլահայութիւնը բաւական կազմակերպուած համայնք եղած է 10 տարի առաջ: Վերջին տարիներուն այս անորոշութիւնները համայնքի համակարգը կը խանգարեն, նոյնիսկ այս իրավիճակը անդամներուն մօտ յուսալքութիւն, հիասթափութիւն կ՛առաջացնեն: Ատիկա վատ հետեւանքներ կրնայ ունենալ»,- ըսած է խմբագիրը:
Ընտրութիւններուն վերաբերող հարցերուն զուգահեռ Թուրքիոյ հայկական համայնքի համար տնտեսական լուրջ խնդիրներ կան: Բագրատ Էստուկեանի փոխանցմամբ, դպրոցները ֆինանսական դժուարութիւններ ունին, մասնաւորապէս, ծախսերը աւելցած են: «Ֆինանսական միջոցներու ելքն ու մուտքը հնարաւոր չէ հաւասարակշռել: Սովորաբար ամէն տարի այս շրջանին տնտեսական առումով ճգնաժամ կ՛ունենանք, բայց բարեգործական միջոցներով, նուիրատուութիւններով կը փորձենք մուտքերն ու ելքերը հաւասարկշռել: Այս տարի որոշ դժուարութիւններ կան: Մեր յոյսը հայկական համայնքի միջոցներով իրավիճակը շտկելն է»,- աւելցուցած է Բագրատ Էստուկեան:
Անդրադառնալով հայկական համայնքի անվտանգութեան խնդրին` ան նշած է, որ Սթամպուլի մէջ այդպիսի խնդիր առայժմ չկայ, հոս եկեղեցիներուն համար սպառնալիք չկայ: Միայն Տիարպեքիրի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին նման վտանգի տակ է, որովհետեւ պատերազմի գօտիի մէջ կը գտնուի: «Ոչ հայ հասարակութեան, ոչ հայկական հաստատութիւններուն համար լուրջ սպառնալիքներ կան»,- եզրափակած է «Ակօս» թերթի հայերէն էջի խմբագիրը: