07 Ocak 2016
Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան տօնը կը սկսի Յունուար 5-ի երեկոյեան, քանի որ եկեղեցական օրը կը փոխուի երեկոյեան ժամերգութենէն ետք` ժամը 17.00-էն:
Սուրբ Ծնունդը կը սկսինք տօնել Յունուար 5-ի երեկոյեան եւ Յունուար 6-ին: Յունուար 5-ի երեկոյեան բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կը մատուցուի Ճրագալոյցի Ս. Պատարագ: Ճրագալոյցի Ս. Պատարագը տարին միայն 2 անգամ կը մատուցանուի` Ս. Ծննդեան եւ Ս. Յարութեան տօներուն: Ճրագալոյց կը նշանակէ ճրագ (մոմ) լուցանել, այսինքն` վառել:
Այսօր երեկոյեան մարդիկ եկեղեցւոյ մէջ վառած ճրագները իրենց հետ տուն կը տանին: Անիկա կը խորհրդանշէ աստուածային լոյս, եկեղեցւոյ օրհնութիւն: Ճրագալոյցը կը խորհրդանշէ Բեթղեհեմեան աստղի լոյսը, որ առաջնորդեց մոգերը դէպի Մանուկ Յիսուսը:
Ըստ Հայ Եկեղեցւոյ, Ս. Ծննդեան նախորդող մէկ շաբաթը պահոց շրջան է: Դեկտեմբեր 29-ի երեկոյէն մինչեւ Յունուար 5-ի երեկոյ մարդիկ պահք կը պահեն: Այդ ընթացքին կ՛օգտագործուի բացառապէս բուսական ուտելիքներ:
Պահքէն դուրս կու գան Յունուար 5-ի երեկոյեան, երբ եկեղեցւոյ մէջ կը կատարուի Ս. Ծննդեան Ճրագալոյցի Ս. Պատարագ եւ կը տրուի Ս. Ծննդեան աւետիսը: Մարդիկ զիրար կ՛ողջունեն «Քրիստոս Ծնաւ եւ Յայտնեցաւ, ձեզի մեզի մեծ Աւետիս» խօսքերով, ապա կը նստին տօնական սեղանի շուրջ:
NEWS.am STYLE-ը կը ներկայացնէ այն կերակուրները, որոնք պէտք է ըլլան սուրբ ծննդեան սեղանին․ թանապուր, նիվիկ (սպանախով եւ սիսեռով ճաշ), ձուկ, չամիչով եւ չիրերով փիլաւ, կանաչեղէնով ձուածեղ, կաթայ։ Սուրբ ծննդեան սեղանէն պէտք է անպակաս ըլլայ կարմիր գինին: Կրնաք դնել նաեւ ընդեղէն եւ չիրեր։