Ս. Ծննդեան Պատարագ` Ս. Եղիա – Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ Մէջ. «Քրիստոսի Խոստացած Կեանքը Աղբիւր Է - Հայերէն
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Ճառագայթեալ

Հայերէն :

28 Aralık 2015  

Ս. Ծննդեան Պատարագ` Ս. Եղիա – Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ Մէջ. «Քրիստոսի Խոստացած Կեանքը Աղբիւր Է -

Ս. Ծննդեան Պատարագ` Ս. Եղիա – Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ Մէջ. «Քրիստոսի Խոստացած Կեանքը Աղբիւր Է Ս. Ծննդեան Պատարագ` Ս. Եղիա – Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ Մէջ. «Քրիստոսի Խոստացած Կեանքը Աղբիւր Է Յոյսի Եւ Երջանկութեան» Ըսաւ Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը

25 դեկտեմբերին Հայ կաթողիկէ եկեղեցին նշեց Քրիստոսի Ծննդեան տօնը: Այդ առիթով սուրբ պատարագ մատուցուեցաւ հայ կաթողիկէ բոլոր եկեղեցիներուն մէջ: Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը հանդիսապետեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ-Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ առաւօտեան ժամը 10:30-ին մատուցուած հանդիսաւոր սուրբ պատարագին:

Քրիստոսի ծննդեան լոյսը ողողած էր ոչ միայն եկեղեցին, այլեւ հաւատացեալները, որոնք ներկայ էի հաղորդուելու Ծննդեան խորհուրդով: Հայրապետական թափօրը «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ մուտք գործեց եկեղեցի: Առընթերական պատարագակիցներն էին Գէորգ Ծ. վրդ. Եղիայեան եւ Րաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեան: Սուրբ պատարագի հոգեպարար շարականներու երգեցողութիւնը կատարեց «Կռունկ» պատրիարքական երգչախումբը` խմբավարութեամբ դոկտ. Եդուարդ Թորիկեանի:

Յընթացս պատարագին ամենապատիւ հոգեւոր տէրը Քրիստոսի Ծննդեան տօնին առիթով իր հայրապետական պատգամը ուղղեց բոլոր հաւատացեալներուն եւ ըսաւ, որ Քրիստոսի Ծնունդը խոստումի մը իրագործումն է` Աստուծմէ կատարուած, յետ առաջին մարդուն մեղանչումին, որ եկաւ փրկելու անկեալ մարդկութիւնը յաւիտենական խաւարէն:

Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը յայտնեց, որ Քրիստոսի ամէնէն ցայտուն յատկանիշը անոր բացարձակ ու անբաժանելի միութիւնն է Հօր Աստուծոյ հետ, անոր հաւասար` իր էութեամբ, հոգիով ու միտքով: «Ասիկա խորհրդաւոր, անբացատրելի նշանն է Աստուծոյ սիրոյն` մարդուն նկատմամբ, նոյնիսկ անոր ըմբոստութենէն եւ անկումէն ետք, որովհետեւ մարդը իր` աստուածային մտքին յղացումն է, իր ձեռքին գործը, զոր չի կրնար անտեսել, ըսաւ հոգեւոր տէրը, ապա աւելցուց, որ մեզի համար մարդկօրէն անըմբռնելի է այսքա՛ն սէր տիեզերքի Արարիչին ու Տիրոջ կողմէ` իր մեղապարտ արարածին նկատմամբ, եւ դժուարաւ հաւատալի պիտի ըլլար, եթէ Քրիստոս ինք չըլլար այդ ըսողը»:

Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը ըսաւ, որ Քրիստոսի խոստացած կեանքը աղբիւր է յոյսի եւ երջանկութեան. յոյսի, որովհետեւ մարդոց կեանքը անիմաստ ու աննպատակ գոյութիւն մը չէ, իսկ տառապանքներուն անպայման պիտի յաջորդէ խաղաղութիւն եւ ուրախութիւն, ո՛չ միայն անդենականի մէջ, այլ նաեւ երկրաւոր կեանքին մէջ, իսկ երջանկութիւնը քրիստոնեային համար աստուածային որդեգրութեան պարգեւը ստացած ըլլալու ապահովութիւնն է, որ մեր առջեւ կը բանայ անվերջ ու անխառն երջանկութեան դուռը նոր կեանքի մը:

Հոգեւոր տէրը ըսաւ, որ Քրիստոսի գալուստը տօնելու լաւագոյն ձեւը վանելն է խաւարը, ուր թաղուած է կորսուած մարդկութիւնը` արմատախիլ ընելու համար ատելութիւնը, տարածելու համար սէրն ու համերաշխութիւնը, որպէսզի խաղաղութիւնն ու երջանկութիւնը դադրին երազ մը ըլլալէ:

Ան մտաբերել տալով աշխարհի չորս ծագերուն մէջ գտնուող այն մարդիկը, որոնք բախտը չունին վայելելու Քրիստոսի ծնունդը, ըսաւ. «Մեր քրիստոնէական հաւատքն ու սէրը մեզ կը մղեն խորհելու, թէ ինչպէ՛ս կրնանք անոնց տառապանքը մեղմացնել: Մանաւանդ երբ մեր առջեւ կը գտնուի առիթը` ապրելու Ողորմութեան սուրբ տարին, զոր հռչակած է սրբազան քահանայապետը Ֆրանչիսկոս` մեզ հրաւիրելով, որ լիապէ՛ս եւ գործնականապէ՛ս ողորմութիւն գործադրենք»:

Հոգեւոր տէրը ըսաւ նաեւ, որ Ծնունդը կը յատկանշուի մեզի մօտեցնելով Աստուծոյ եւ մարդոց: Տխուր է այն Ծնունդը, ուր բացակայ է Աստուծոյ եւ մարդոց սէրը, որ կը մղէ մեզ հաշտութեան եւ խաղաղութեան:

Իր խօսքի աւարտին հոգեւոր տէրը մաղթեց, որ խաղաղութիւնը իրականութիւն դառնայ համայն աշխարհի, Լիբանանի եւ Հայաստան մայր հայրենիքին համար, եւ աղօթեց, որ դադրին պատերազմներն ու վայրագութիւնները Միջին Արեւելքի աւերուած երկիրներուն մէջ, ուր թշուառ ժողովուրդներ կը հալածուին մանաւանդ իրենց հաւատքին համար:

Ան իր եղբայրական բարեմաղթութիւնները յայտնեց նաեւ քոյր եկեղեցիներու նուիրապետներուն եւ հաւատացեալներուն` հայցելով Տիրոջմէ, որ բանայ սրտերը դէպի միասնական ու կատարեալ միութիւն հաւատքի եւ սիրոյ մէջ: Հոգեւոր տէրը եզրափակեց իր պատգամը ըսելով. «Տէրը իր անսպառ սիրովն ու ողորմութեամբը պարուրէ ձեզ եւ տայ կարողութիւնը` իր հռչակած խաղաղութեան վկաները ըլլալու ձեր ընտանիքներուն ու շրջանակին մէջ»:

Ս. պատարագի աւարտին ամենապատիւ հոգեւոր տէրը խորանին դիմաց Ս. Ծննդեան օրհնութիւնը բաշխեց հաւատացեալներուն:

Նշենք, որ Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը Ս. Ծննդեան շնորհաւորութիւնները ընդունեց Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի դահլիճին մէջ` շաբաթ եւ կիրակի օրերը:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+