Գալուստ Կիւլպէնկեան Թարգմանական Մատենաշար - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Լուսակն

Հայերէն :

11 Aralık 2015  

Գալուստ Կիւլպէնկեան Թարգմանական Մատենաշար -

Գալուստ Կիւլպէնկեան Թարգմանական Մատենաշար Գալուստ Կիւլպէնկեան Թարգմանական Մատենաշար

Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքը ձեռնարկած է թարգմանական մատենաշարի մը, որուն նպատակն է մարդկային ու ընկերային գիտութիւններու հիմնական բնագիրներ տրամադրելի դարձնել հայերէնով, ինչպէս եւ հայերէն կարեւոր բնագիրներ մատչելի դարձնել այլ լեզուներով:

«Գալուստ Կիւլպէնկեան թարգմանական մատենաշար»-ը պիտի կեդրոնանայ 19-րդ դարու վերջերէն մինչեւ մեր օրերը ստեղծուած բնագիրներու վրայ: Ան պիտի ընդգրկէ թարգմանական չորս բնագաւառներ.

Օտար լեզուներէ հայերէնի թարգմանութիւններ: Այս բաժինին թիրախը պիտի հանդիսանան ընկերային/մարդկային գիտութիւններու հիմնարար բնագիրներ, գլխաւորաբար` եւրոպական լեզուներէ, որոնք հայերէնի թարգմանուած չեն: Կալուածներու լայն շարք մը նկատի պիտի առնուի` ըստ անոնց (միջ)ճիւղային (interdisciplinary) ներգործութեան:

Հայերէնէ օտար լեզուներու թարգմանութիւններ: Հայ իրականութեան մէջ այժմէական նշանակալից բանավէճերու բնագիրներ թարգմանական ծրագիրի կիզակէտը պիտի ըլլան, դարձեալ` գլխաւորաբար եւրոպական լեզուներէ:

Թրքերէնէ հայերէն թարգմանութիւններ: Ծրագիրը պիտի կեդրոնանայ թուրք ժամանակակից ընկերային եւ քաղաքական մտածողութեան ընտրանիի մը վրայ. թարգմանութեան կիզակէտը պիտի ըլլայ` խմբագրուած ծաղկաքաղերու կերպարանքով:

Հայերէնէ թրքերէն թարգմանութիւններ: Վերոյիշեալ մօտեցումը պիտի կիրարկուի` Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ առկայ կարեւոր բանավէճերու թարգմանութիւններու մատուցումով:

Ըստ թարգմանիչներու առկայութեան, թարգմանութիւնները արեւելահայերէն կամ արեւմտահայերէն կրնան ըլլալ: Այս նախաձեռնութեամբ, մեր նպատակն է տուեալ բնագիրները տրամադրելի դարձնել գիտնականներու եւ ուսանողներու` գլխաւորաբար Հայաստանի մէջ, մտաւորական խօսոյթի (discourse) յառաջընթացին սատարելու համար:

Այս նախաձեռնութիւնը նաեւ պիտի նպաստէ հայերէնի արդիականացման` նոր բառապաշարի ընդգրկումով, եւ պիտի ընդլայնէ հայերէնի եւ հայերէնէ թարգմանիչներու թիւը: Նպատակ ունինք գործիքներ եւ պաշարներ զարգացնելու եւ տարածելու, ինչպէս եւ թարգմանիչներու վարժընթացներու մեր աջակցութիւնը բերելու:

Թարգմանելի բնագիրներ յանձնարարելու համար ստեղծուած է մասնագէտներու միջազգային յանձնախումբ մը, որուն անդամներն են.

Վարդան Ազատեան` Երեւանի գեղարուեստի պետական ակադեմիա. Աշոտ Յովհաննիսեանի անուան հումանիտար հետազօտութիւններու հիմնարկ, դասախօս, Երեւանի ժամանակակից արուեստի հիմնարկ (Հայաստան):

Շուշան Աւագեան` գրական թարգմանիչ եւ դասախօս, Վկայեալ թարգմանութեան ծրագիր, Մարդկային եւ ընկերային գիտութիւններու քոլեճ, Հայաստանի ամերիկեան համալսարան (Հայաստան):

Ռեմոն Գէորգեան` հետազօտութեան վաստակաւոր տնօրէն, Աշխարհաքաղաքականութեան ֆրանսական հիմնարկ, Փարիզ-VIII համալսարան, Սեն-Տընի (Ֆրանսա):

Արմինէ Իշխանեան` դասախօս եւ ընկերային քաղաքագիտութեան ու զարգացման մագիստրոսներու ծրագիրի տնօրէն, Լոնտոնի տնտեսագիտութեան եւ քաղաքագիտութեան համալսարան (Մեծն Բրիտանիա):

Յակոբ Կիւլլիւճեան` հայագիտութեան դասախօս, Մերձաւոր Արեւելքի լեզուներու եւ մշակոյթներու բաժանմունք, Քալիֆորնիոյ համալսարան, Լոս Անճելըս (Միացեալ Նահանգներ):

Արտաշէս Մարկոսեան` «Արաս» հրատարակչատան նախկին խմբագիր (Թուրքիա):

Սմբատ Յովհաննիսեան` դասախօս, Համաշխարհային պատմութեան ամպիոն, պատմութեան բաժին, Երեւանի պետական համալսարան (Հայաստան):

Արա Սանճեան` հայոց եւ միջինարեւելեան պատմութեան դասախօս, Հայագիտական հետազօտութեանց կեդրոնի վարիչ, Միշիկընի համալսարան, Տիրպոռն (Միացեալ Նահանգներ):

«Գալուստ Կիւլպէնկեան թարգմանական մատենաշար»-ը յատուկ կայք մը պիտի հաստատէ, ուր պիտի հրամցուին թարգմանութիւններու ելեկտրոնային տարբերակներ (ըստ կարելիութեան), նոր եզրոյթներու թարգմանութիւններ, թարգմանական հարցերու քննարկումներ, պաշարներ եւ առիթներ` թարգմանիչներու եւ հրատարակիչներու համար, ինչպէս եւ լուրեր` նախաձեռնութեան զարգացման մասին:

«Գալուստ Կիւլպէնկեան թարգմանական մատենաշար»-ի պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ փետրուար 2016-ին, երբ թարգմանուելիք ու հրատարակուելիք բնագիրներու սկզբնական ցանկը յայտարարենք: 2016-ի առաջին ամիսներուն նաեւ պիտի սկսինք ընտրել թարգմանիչներ եւ հրատարակիչներ, որոնց հետ գործակցութիւնը պիտի կայանայ մրցոյթի եւ ուղղակի պատուէրի խառն գործընթացով:

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, հաճեցէք կապ հաստատել «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքին հետ, գրելով carmenias@gulbenkian.pt հասցէին կամ հեռաձայնելով 351 21 782 3347 թիւին:

Յ. Գ. Նկատեցինք, որ մեր անգլերէն մամլոյ հաղորդագրութիւնը արդէն իսկ հայերէն թարգմանուած ու շրջանառութեան մէջ դրուած է: Թէեւ կը գնահատենք լրասփիւռներու նախաձեռնութիւնը` մեր յայտարարութիւնները հայերէնով մատչելի դարձնելու, այս պարագային ցաւով պէտք է մատնանշենք, որ հայերէն տարբերակը, զոր չէինք տեսած հրատարակութենէն առաջ, փաստական կարգ մը սխալներ կը պարունակէ: Մեր պաշտօնական յայտարարութիւնը վերի բնագիրն է. կը խնդրենք լրասփիւռներէն, որ այս տարբերակը օգտագործեն:






Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+