07 Aralık 2015
Կաթողիկէ եկեղեցին սկսած է ``Սուրբ Տարիները`` նշել` Պոնիֆացիոս Ը քահանայապետի օրով։ Ան Սուրբ Տարին պաշտօնապէս հաստատած է 22 փետրուար 1330 թուականին, ներշնչուելով հրէական վաղեմի աւանդութենէն որ կը կատարուէր ամէն 50 տարին անգամ մը, որուն ընթացքին բոլոր հրեաներուն կը շնորհուէր հաւասարութիւնը, իրենց ինչքերը կորսնցուցած ընտանիքներուն նոր առիթներ ստեղծելով, ի մէջ այլոց ստրուկներուն ազատութիւնը։
Պոնիֆաչիօ Քահանայապետը կը նախատեսէր ամէն 100 տարին անգամ մը հռչակել Յոբելենական տարի մը, որուն ընթացքին ``լիակատար ներողութիւն շնորհուի`` ամէն հաւատացեալի որ կ՛ապաշխարէ ու կը վերանորոգէ Աստուծոյ հետ իր յարաբերութիւնը։
Ս. տարին դէպք մըն է, որ կանխեց ու պատրաստեց Յոբելենական տարին, անիկա կերպով մը հոմանիշն է ``հարիւր տարիներու ներողամտութիւն`` ասացուածքին։ Այս ուղղութեամբ առաջին վաւերագրական փաստաթուղթը կը գտնենք 24 Դեկտեմբեր 1299 թուականին, ուր կը խօսուի Հռոմի մէջ զանգուածային ուխտաւորներու ներկայութեան, ընդունելու ``հարիւր տարիներու ներողամտութիւնը`` նոր դարադարձին առաջին օրը։
1475էն սկսեալ Յոբելենական տարին սկսաւ հռչակուիլ ամէն 25 տարին անգամ մը, կարելիութիւն տալու ամէն մէկ սերունդին առ նուազն մէկ անգամ ապրելու Ս. Տարին։ Սովորական Յոբելենական տարիներուն կից կան նաեւ արտակարգ Յոբելենական տարիներ որոնք կը հռչակուին յատուկ առիթներով։ ։
Ցայժմ տօնախմբուած են 26 Յոբելենական ս. Տարիներ, վերջինը 2000-ին։ Իսկ արտակարգ յոբելենական տարիներ հռչակուած են 1933-ին Պիոս ԺԱ Քահանայապետին կողմէ` Տիրոջ փրկագործութեան 19-րդ դարադարձին առթիւ, եւ 1983-ին Ս. Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետէն Տիրոջ փրկագործութեան` 1950 տարուան առթիւ։
ֆրանչիսկոս Քահանայապետը 13 Մարտ 2015-ին յայտարարեց ``Ողորմութեան արտակարգ Ս. Տարուայ`` հռչակումը որուն բացումը պիտի կատարուի Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովի փակման (1965) 50-րդ տարեդարձին առթիւ, իւրայատուկ նշանակութիւն մը տալով եկեղեցւոյ` շարունակելու Վատիկանեան Բ Տիեզերական Ժողովի ընթացքը։
Յոբելենական տարուան ընթացքին, կիրակի օրուայ աւետարանական ընթերցումները պիտի քաղուին ``Ղուկասի Աւետարանէն`` – Ողորմութեան Աւետարանիչը։ Սուրբ Տարուան պաշտօնական հռչակումը տեղի պիտի ունենայ Սուրբ Պետրոսի ``Սուրբ Դուռին`` մօտ` Կիրակի 12 ապրիլ 2015-ին Աստուածային Ողորմութեան տօնին առթիւ` որ հաստատուած է Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետի կողմէ եւ որ կը կատարուի Զատկուայ յաջորդող Կիրակին։
Յոբելենական տարւոյն բացման արարողութիւնը կը կայանայ Սուրբ Պետրոսի Մայր Տաճարին ``Սուրբ Դուռին`` բացումով որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 8 դեկտեմբեր 2015-ին, եւ որուն կը յաջորդեն Հռոմի աւագ միւս պազիլիքաներու սուրբ դուռերու բացումը` Սուրբ Յովհաննէս, Սուրբ Պօղոս եւ Աստուածամօր նուիրուած պազիլիքաները։ Հաւատացեալները այդ սուրբ դուռերէն անցնելով կ՛արժանանան լիակատար ներողութեան։ Սուրբ դուռը կը խորհրդանշէ անցքը դէպի նոր կեանք` դէպի փրկութիւն։
Ողորմութեան Յոբելենական արտակարգ տարին վերջ պիտի գտնէ 20 Նոյեմբեր 2016ին։