Բոլորին Գիտցած «Գաղտնիք»ը՝ Իսլամացած Հայերը - Հայերէն
22 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Շաւաղօտ

Հայերէն :

03 Aralık 2015  

Բոլորին Գիտցած «Գաղտնիք»ը՝ Իսլամացած Հայերը -

Բոլորին Գիտցած «Գաղտնիք»ը՝ Իսլամացած Հայերը Բոլորին Գիտցած «Գաղտնիք»ը՝ Իսլամացած Հայերը

Ֆեթհիյէ Չեթինը իրաւաբան, մարդկային իրաւանց պաշտպան եւ Թուրքիոյ ականաւոր գրողներէն մէկն է: 14 Նոյեմբեր 2015 ին, ան հրաւիրուած էր Նիւ Ճըրզիի Ռամաբօ Գոլէճի The Gross Center for Holocaust & Genocide Studies –ի բաժինին մէջ հետեւեալ բանախօսութիւնը ներկայացնելու: Չեթին իր բանախօսութիւնը կարդաց թրքերէն լեզուով, որը նախապէս թարգմանուած էր անգլերէնի Նուրհան Պեչիտեանի կողմէ: Չեթինի ընթերցման հետեւելով, պարբերութիւն առ պարբերութիւն, անգլերէն թարգմանութիւնը կարդացուեցաւ հանրութեան:

Բանախօսութեան հայերէնի այ՛ս թարգմանութիւնը կատարուած է անգլերէնի բնագրէն: Յ.Մ.

Մարդուս կեանքին մէջ կարեւոր անկիւնադարձեր կ’ըլլան. եւ մէյ մը երբ այդ անկիւնադարձը անցնի, կը թուի թէ ոչինչ նոյնն է այլեւս: Ինձ համար նման անկիւնադարձ մըն էր, երբ մեծ մայրս իր հայ ըլլալու պատմութիւնը յայտնեց ինծի:

Ասիկա պատմութիւնն էր 1915-ին հալածանք, բռնութիւն, ջարդ, կողոպուտ եւ ահարկու չարչարանք դիմագրաւող ինը տարեկան աղջկայ մը: Սրտաճմլիկ կեանքի մը պատմութիւնն էր որ այդ աղջիկը կը սկսէր իբր հայ՝ Հրանուշ անունով, եւ կը շարունակէր իբր իսլամ՝ Սէհէր անունով:

Ան ողջ մնացած էր իր մօրմէն բռնութեամբ յափշտակուած ըլլալուն պատճառով՝ խզուելով իր ճանջցած ու վստահած աշխարհէն: Նետուած էր այնպիսի մարդոց մէջ որոնք բնաջնջած էին իր ծնողքն ու սիրելիները, նաեւ մարդոց՝ որոնք դիտա՛ծ՝ բայց ոչինչ ըրած էին իրենց շուրջ կատարուած բռնութիւնները դադրեցնելու համար…Մեծ մայրս կորսնցուցած էր իր մայրենի լեզուն, իր կրօնքը, իր անունը եւ իր ձայնը:

Ան իր պատմութիւնը չպատմած, ես գաղափար իսկ չունէի մեր (Թուրքիոյ) պատմութեան մէջ պատահած այդպիսի ցեղասպանական բռնութեան մասին:

Այն ինչ որ սորվեցայ այդ օր, ցնցում, բարկութիւն եւ ըմբոստացման զգացում ստեղծեց մէջս: Բայց քանի որ այս հարցը հանրութեան մէջ չէր արծածուեր, աձնական նեղ շրջանակներու մէջ իսկ չէր յայտնուեր, ես, այն ատեն, դեռ քաղաքական կապակցութիւնն ու գիտակցութիւնը չունէի ըմբռնելու այս բոլորը:

Այդ շրջանին ես պաշտպանն էի ընկերվարական աշխարահայացքին: Կը խորհէի որ դասակարքերու պայքարն ու անոր հետեւող յեղափոխութիւնը պիտի ջնջեն բոլոր անարդարութիւնները: Դիւրին եւ քլիշէ պատասխաններ ունէի դժուարին հարցերու հանդէպ…

Բայց ունեցած պատասխաններս բաւարար չէին բացատրելու մեծ մօրս այդքան երկար տարիներու լռութեան պատճառը: Իր երկարամեայ լռութիւնն էր որ մղեց ինձ մխրճուելու այսպիսի դժուար հարցերու մէջ:

Մեծ մայրս թէեւ տարիներով լուռ էր մնացեր բայց չէր մոռցեր անունները իր մօր, հօր, մեծ հօր, եւ նոյնիսկ իրենց գիւղապետին (մուխթարին):

Կարծես այս բոլոր բաները ինքզինքին կրկնած էր, իր «լռելեան տարիներու» ընթացքին, որ օր մը կարենայ խօսիլ անոնց մասին: Ասիկա պայքարի մը տեսակն է մոռացութեան դէմ մղուած:

Այն ինչ որ տեղեկացած էի մեծ մօրմէս նախ սկսայ բաժնել զանոնք ազգականներուս եւ ընկեր-բարեկամներուս հետ: Այդ մտերմիկ պահերուն նկատեցի որ բոլորն ալ նման պատմութիւններ ունէին, եւ ձայներնին փսփսուքի վերածուած էր: Լռութիւնը միայն մեծ մօրս չէր պատկաներ: Այլ՝ կը պատկանէր ամբողջ ընկերութեան:

Այսու ամենայնիւ, նոր սերունդն էինք եւ հետամուտ՝ որ կարելի է նոր կարգավիճակ մը ստեղծուի որը պատրաստ կրնայ ըլլայ նման փոփոխութեան մը դէմ յանդիման գտնուելու: Այդ օրերուն, մենք աւելի հետաքրքրուած էինք թէ ինչ կը պատահի Արժանթինի, Շիլէի, Անկոլայի մէջ, եւ բարձրաձայն լոզանքներ կը պոռայինք: Սակայն երբ կը քննարկէինք մե՛ր երկրին մէջ եղած պատահարները , մէկս միւսին ականջին կը փսփսայինք, նոյնիսկ երբ նեղ շրջանակի մէջ ըլլայինք:

Ինչո՞ւ բոլորին ծանօթ այս «գաղտնիքը» չէր քննարկուեր: Ինչո՞ւ…

1915-ի գազանութիւնն ու վայրագութիւնը այնպիսի ծաւալ մը ունէին , որ սովորական պայմաններու մէջ անկարելի թուող բաները կարելիի վերածուեցան: Հարիւր հազարաւոր հայ կիներ եւ երախաներ կրցած էին ողջ մնալ միայն իսլամ դառնալով: Այս հաւատուրացութիւնը եւ անոր շուրջ կաոուցուած լռութեան պատը կը ցուցաբերեն ծաւալը տեղի ունեցած սարսափին:

Կը յիշեմ որ ես շատ զարմացած էի երբ իմացայ որ այս լռութիւնը նաեւ համաշխարհային չափանիշ մը ստացած էր: Պատմութեան ո՛չ մէկ գիրք կը յիշէր Հրանուշ-Սէհէրներու գոյութեան մասին: Այսինքն, իսլամացած հայերու մասին ոչ մէկ տեղ գրուած էր:

Հրանուշ-Սէհէրները անտեսելը, անոնց մասին հրապարակաւ չխօսիլը բացատրելի երեւոյթ մըն էր Թուրքիոյ մէջ կառավարութեան ուռացումի եւ իրականութիւնը խափանելու քաղաքականութեան պատճառով: Բայց անկարող էի հասկնալու պատճառը, թէ ինչու այս հարցը չէր քննարկուեր հայկական պատմագիտութեան ծիրին մէջ: Դեռ աւելին՝ Հրանուշ- Սէհէրներու զաւակներն ու թոռները ամեն տեղ էին, բայց անոնք դուրս ձգուած էին մեր ազգային պատմագիտութեան մէջէն:

Երբ մեծ մայրս մահացաւ 2000 թուականին, անոր մահազդը յայտարարել տուի Ակօս թերթին մէջ: Ծամուցում մըն էր որ կը սկսէր «Իր անունը Հրանուշ էր» բառերով, եւ այդ ձեւով կ’արծարծէր իր իսլամացած ըլլալու պատմութիւնը : Հրանդ Տինքէն իմացայ որ այս մահազդի յայտարարութիւնը նիւթ դարձած էր Ֆրանսայի մէջ հրատարակուող հայկական «Յառաջ» թերթին մէջ խծբծող ծանօթագրութեամբ մը: Նոյնպէս՝ «Յառաջ»ն էր շարժառիթը որ ես կրցայ գտնել ԱՄՆ ապրող իմ ազգականները. գտայ անոնց Մեսրոպ Արք. Աշճեանի միջոցով, որը կարդացած էր «Յառաջ»ին մէջ լոյս տեսած մահազդն ու ծանօթագրութիւնը:

Յայտնապէս, Աշճեան Արքեպիսկոպոսի ընտանիքն ալ մեծ մօրս գիղէն է եղեր: Բարեբախտաբար, Արքեպիսկոպոսի քեռիին՝ Սուրէնին սուր յիշողութեան եւ անոր ամեն ինչ գրի առնելու սովորութեան շնորհիւ, մեծ մօրս քոյրը՝ Մարգրիտը, եւ անոր զաւակները՝ Ռիչըրտը (որը այսօր ներկայ է այս հանդիսութեան), Նանսին եւ Տէպօրան կրցան գտնել ինձ, կապ հաստատելով Իսթամպուլի Ակօս թերթի գրասենեակին հետ: Մեր առաջին հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը տեղի ունեցաւ Հրանդին գրասենեակին մէջ գտնուող հեռաձայնով:

Սրբազան Աշճեանը «Յառաջ»ին մէջ գրած իր յօդուածով թերթը հարցաքննութեան ենթարկելով կ’ըսէր «Այս անգամ «Յառաջ»ը յոյսի դռները կը փակէր Ֆեթհիյէ Չեթինին առջեւ» եւ յետոյ կը շարունակէր հետեւեալ խոսքերով. «Բան մը կար «Յառաջ»ի մօտեցման մէջ որ նեղեց ինձ: Օրինակ՝ եթէ ինձ քննադատած ըլլային հարցնելով .«Ո՞ւր էիր մինջեւ հիմա», «Ինչո՞ւ ձայն մը չհանեցիր», ոչինչ կրնայի ըսել: Բայց այն բառերը որ կ’ըսէին «Բոլոր դռները պէտք է փակուին իմ դիմաց…» կարծես թէ ուղղուած էին Հրանուշին-Սէհէրներուն, …բան մը որ շատ քէշ տպաւորութիւն ձգած է իմ վրաս:»

Մահազդը յայտարարած էի ճշմարտութիւնն ըսելու համար: Ճշմարտութիւն մը՝ որ ծանօթ էր շատերուն բայց քօղարկուած կը պահուէր: Նաեւ՝ բանալու նոր եւ բարեսէր դուռ մը, քննելու 1915-ի ցեղասպանութիւնը, եւ այդ ընելով՝ մեր մեծ հայրերուն եւ մեծ մայրերուն պամութիւնները պատմելու: Սակայն Թուրք հանրութենէն իմ ակնկալած ընդդիմութիւնը եկաւ անակնկալ ուրիշ աղբիւրէ մը: Նախ ես կարծեցի որ «Յառաջ»ի խմբագրութիւնը չէր ուզեր մեծ մօրս պատմութիւնը լսուի: Բայց անոնք ինչո՞ւ իրենց ականջները կը գոցէին, եւ ինչո՞ւ կը փակէին դռները իմ առջեւ:

Իրականութի՛ւն մըն է, որ այս կիներն ու երախաները ողջ վկաներն են Հայկական Ցեղասպանութեան: Անոնք իրական փաստերն էին «Անցեալը ներկային մէջն է » հաստատման: Անո՛նք էին զոհերը ցեղասպանութեան, եւ անո՛նք էին որ կարելի դարձուցին հարցաքննումը պետութեան կողմէ ներկայացուած պատմութեան:

Ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս անոնք իսլամ դարձան: Ինչո՞ւ մինակ են անոնք: Ո՞ւր են անոնց ընտանիքները: Ի՞նչ պատահեցաւ անոնց: Այս հարցումները հարցնելն իսկ 1915 թուականը հարցաքննելի կը դարձնէ: Յետոյ՝ ինչո՞ւ սա լռութիւնը:

Անշուշտ միշտ ալ կարելի է գտնել մարդիկ որոնք կ’ուզեն փոխել իրենց կրօնական հաւատքը: Բայց 1915 թուականի պայմաններուն մէջ, ազատ կամքով շարժելու որեւէ հաւանականութիւն կրնա՞ր ըլլալ :

Ոմանք կրօնափոխ եղան պարզապէս ողջ մնալու համար: Ուրիշներ՝ ըրին ատիկա իրենց զաւակներուն կամ ազգականներուն կեանքերը փրկելու համար: Եւ կան ուրիշներ՝ որոնք առեւանգուած եւ ուժգնօրէն իսլամ դարձուած են: Եւ եթէ խօսքը Հրանուշի նման երախաներու մասին է, կարելի՞ է ազատ կամք ունենալու մասին հարցաքննութիւն ընելը: Անոնք երախաներ էին որոնք յափշտակուած եւ օտար միջավայրի մը մէջ նետուած էին: Ոմանք ստիպուած էին ապրելու նոյն մարդոց հետ որոնք իրենց սիրելիները բռնաբարած եւ սպաննած էին: Ոմանք՝ ընդդիմացան իսլամ ըլլալու: Ուրիշներ՝ խաբեցին թէ իսլամ դարձած են: Եւ կային ոմանք, որոնք իրենց զաւակները խտրութեան եւ մերժումի փորձառութիւններէն փրկելու համար , ջերմեռանդ իսլամի մը դերն ստանցնելով, օրական հինգ անգամ աղօթեցին եւ մզկիթէն դուրս չելան…

Այս մարդիկը՝ որոնք իրենց մտքերուն մէջ յարատեւ պահեցին քազանութեան եւ սարսափի պատկերները, ապրելով այս վայրենի տարածութեան մէջ, յաւելեալ բեռ մըն ալ ունէին կրելիք: Եւ այդ բեռը մահուան եւ սարսափի զգացումն էր որ կը կրէին իրենց ուսերուն: Չկարենալ՝ բարձրաձայն ըսել այն ինչ որ տեսած էին… չկարենալ՝ սգալ կորուստը այս աշխահէն մէկ առ մէկ անհետացող իրենց սիրելիներուն: Դռները այն ընկերութեան որուն կը պատկանէին՝ գոց ուած էին այլեւս իրենց երեսներուն: Բան մը, որ մղեց զիրենք մենութեան եւ ամօթի միջավայրի մը մէջ ապրելու: Բայց անոնցմէ ո՛չ մէկը մոռցաւ իր անցեալն ու հայկական ծագումը: Անոնցմէ շատերը փսփսացին այդ մասին իրենց սիրելիներուն ականջին: Ոմանք խօսեցան այդ մասին իրենց մահուան անկողիններէն: Եւ գրեթէ բոլորն ալ զրոյց մը գրեցին, պատմութեան ասպարէզ կարդալով:

Ոմանք ծանր տանջանքի ենթարկուելով հանդերձ, իրենց վիզէն կախուած խաչը եւ իրենց կրծքին սեղմած Աւետարանը երբէք չհանեցի՛ն, ու մերժեցին իսլամական ծիսական աղօթքներն ընել:

Ոմանք գացին ու կործանուած եկեղեցիներու մէջ մոմ վառեցին եւ աղօթեցին:

Ոմանք ալ ըրի՛ն իսլամական ծիսական աղօթքները, եւ կանոնաւորապէս մզկիթ գացին: Բայց ՝ պատրաստեցին Զատկուայչէօրէկը եւ իրենց դրացիներուն բաժնեցին : Սոխի կեղեւով հաւկիթներ ներկեցին եւ երախաներուն բաժնեցին: Դեռ կային ուրիշներ՝ որոնք յատուկ օրերուն, երկու թգալ խաչի ձեւով իրար կապելով, մօտակայ լիճը կամ գետը նետեցին: Որմէ յետոյ, իրենց զաւակներն ու թոռները, 25 ղուրուշի հատուցումն ստանալու համար, ձեռքերնին իրենց ետեւը կապած ջուրը ցատկեցին, թգալներով շինուած խաչերը գտնելու համար…:

Կարգ մը ընտանիքներ, ցերեկը իբր իսլամ կ’ապրէին, իսկ գիշերը՝ իբր քրիստոնեայ:

Ուրիշներ ալ իրենց զաւակները խտրականութենէ պաշտպանելու համար փորձեցին մոռնա՛լ անցեալը: Փորձեցին ըլլալ ամենէն լա՛ւ իսլամը, ամենէն լա՛ւ թուրքը…

Բայց՝ ո՛չ իրենք, եւ ո՛չ ալ իրենց դրացիները կրցան մոռնալ այդ բոլորը: Երկիրը իր խտրականութեան քաղաքականութեամբ կ’ուզեր որ ժողովուրդը մոռնայ 1915-ը: Բայց այդ ընելով՝ անցեալը աւելի խոռացաւ անոնց մէջ:

Կ’ապրէին այնպիսի ընկերութեան մը մէջ, ուր եթէ նոյնիսկ խոռապէս հաւատացող իսլամներ դարձած ըլլային, անոնց աչքին դեռ դրսեցի պիտի մնային: Հոգ չէ թէ որքան փորձէին, ընկերութեան յիշողութեան մէջ անոնք կը ճանչցուէին վարկաբեկիչ այնպիսի անուններով , ինչպիսին են «կրօնափոխներ»-(տօնմէ), «սուրէն մնացորդաց» (քըլըչ արթըղը), «ֆիլլէ» (հայերը նուաստացնող քրտական բառ ), անհաւատ (կեաւուր): Իսլամացած հայերուն վարկաբեկումն ու վտարումը կը շարունակուէին ընդգրկելով նաեւ անոնց զաւակներն ու թոռները:

Քրտական գաւառէ մը եկող թոռ մը կ’ըսէր, «Մեր հետ այնպէս կը վարուէին կարծես աւրուած կաթ ըլլայինք, եւ կը խրտչէին մեզմէ: Մզկիթի մէջ ետեւս կեցող իսլամները չէին ուզեր աղօթել: Ես՝ «միւսներուն» մէջէն եղող «միւս» մէկն էի (Օթէքինին տէ օթէքինիսիյիմ)»:

Ուրիշ մըն ալ ըսաւ. « Երբէք չեն ձգեր որ մեր ով ըլլալը մոռնանք, եւ յաճախ այդ կը յիշեցնէին մեզ: Մօրուք ձգեցի եւ Գուրանը ձեռքիս պտտեցայ ամեն կողմ: Բայց մզկիթին մէջ, դեռ ետեւս կեցող ո՛չ մէկը կ’ուզէր աղօթել:»

Պետութիւնը անոնց յիշողութենէն 1915-ը սրփելու քաղաքականութիւնը կը հետապնդէր: Բայց այդ ընելով , եւ նո՛յն ատեն, խտրականութեան եւ դրժումի իր այդ գործունէութեամբ, իսլամացած հայերուն եւ անոնց զաւակներուն մէջ իրենց արմատները յիշեցնել կու տար:

Օրինակի համար, քեռիս զինուորական կաճառը չ’ընդունուեցաւ որովհետեւ իր մայրը կրօնափոխ եղած էր: Ասոնց զաւակներն ու թոռները արտօնուած չէին պաշտօնեայ, ոստիկան, դատաւոր , դատախազ ըլլալու: Ոչ միայն իրենք, այլեւ՝ իրենց կիներն ու ամուսիններն ալ ենթակայ էին ապահովութեան մասին եղող հարցերու քննարկումներուն: Ասիկա այն պետութիւնն էր, որ իր քաղաքացիներուն տարբեր ցեղային ծածկանշաններ տուած էր, որովհետեւ չէր վստահիր անոնց:

Եուսուֆ Հալաճօղլուն՝ Թրքական Պատմութեան Ընկերակցութեան նախկին պետերէն մէկը, կը պնդէր որ այս մարդիկը՝ «թագուն հայեր» կոչելով անոնց, թշնամիին գործակալ մարդիկ են եւ կը սպառնան երկրին ապահովութեան:

1984 –ին, PKK-ի Էրուհ Ասպատակութիւնը այսպէ՛ս հաղորդուեցաւ մամուլին մէջ . «Հայերը վերադարձած են իրենց հողերը պահանջելու»: Այդ շրջանի Ներքին Գործոց Նախարարը PKK-ի ղեկավար Ապտուլլա Օչալանին «հայու շառաւիղը» եղող մէկը անուանեց:

2000-ական թուականներու սկիզբը, երբ Հրանդ Տինքը յարձակումներու թիրախ էր դարձեր, երկրին բոլոր տեղեկութիւն հաւաքող մարմինները «թաքնուած հայեր» փնտռելու ելան Անատոլիոյ մէջ: Էրկէնէքօնի դատական փաստաթուղթերուն մէջ, բաւական տեղեկութիւն կայ այս նիւթին շուրջ: Փաստօրէն՝ նօթեր եւ խօսակցութիւններ կան հոն այն մասին, թէ իմ մեծ մօրս հայ ըլլալուն պատճառով է որ, ե՛ս՝ իբր փաստաբան, ստանձնած էի Հրանդ Տինքը ներկայացնելու պաշտօնը:

Այս կը նշանակէ որ իսլամացած հայերուն զաւակներն ու թոռները ապրած են ու կը շարունակեն ապրիլ զոհը դառնալով կրկնակի արտաքսման: Որովհետեւ՝ անոնք ճանջցուած են իբր անվստահելի, անարմատ եւ թափառական պիտակը կրող մարդիկ:

Վերջերս ՝ նախ մեծ մայրերու եւ մեծհայրերու պատմութիւնները, եւ յետոյ, խօսակցութիւններն ու կատարուած պրպտումները իսլամացած հայ ընտանիքներու եւ գիւղերու բնակչութեան մասին ՝ հսկայական ճեղքեր բացած են մէկ դար շարունակուող լռութեան մէջ:

Այն հետաքրքրութիւնը որ իմ առաջին գիրքը՝ «Մեծմայրս»ը ստեղծեց հանրութեան մէջ, պատճառ դարձաւ որ իմ «Թոռները» գիրքս գրէի Այշա Կիւլ Ալթընէի հետ: Մեր առաջին տեսակցութիւնները կատարեցինք 2005-ին, եւ թոռներուն կեղծ անուններ նշանակեցինք:

Երբ գիրքը լոյս տեսաւ 2009-ին, կեղծ անուններ գործածելով հանդերձ, թոռներէն մէկը իր միտքը փոխեց պատմութիւնը հրատարակման մասին: Բայց կրնանք ըսել, որ վերջերս, այս վախն ու անհանգստութիւնը սկսած են փարատիլ: Գիրքեր եւ յօդուածներ սկսած են հրատակուիլ: Վաւերագրական ֆիլմեր կը պատրաստուին: Բերանացի տրուած պատմութիւններու ուսումնասիրութիւններ, հեռատեսիլի վրայ տեսակցութիւններ, քննումներ եւ ծրագիրներ կը սփռուին: Թէեւ ուշ կը կատարուին ասոնք, բայց այլեւս չեն անտեսուիր ակադեմական շրջանակներու կողմէ: Կենսունակ վիճաբանական հաւագոյթներ տեղի կ’ունենան գոլէճական շրջանակերու մէջ ակադիմիոյ երիտասարդ անդամներու միջեւ, եւ այս բոլորը յոյսի եւ հուզման զգացումներ կը ստեղծեն մէջս:

Բայց ինքնութեան եւ պատկանելութեան հարցը իսլամացած հայերուն համար անորոշութիւն մը կը ստեղծէ: Հո՛ս է որ անոնք կը զգան թէ երկու տարբեր խումբերու մէջ սեղմուած են:

Թոռ մը , որ մասնակցած էր Իսլամացած Հայերու Խորհրդաժողովին, հետեւեալ ձեւով բացատրեց այդ հանգամանքը. «Տարիրիներով, կը զգայինք որ մենք Քաւարանին մէջ կ’ապրինք: Իսլամները կը բացառէին մեզի: Տարիներով սպասեցինք որ քրիստոնիայ հայերը ընդունին մեզի: Բայց անոնք ալ մեզ «տաճիկ» որակեցին, եւ չ’ընդունեցին մեզ իրենց մէջ:»

Ուրիշ մը ըսաւ .«Մամուլն ու սփիւռքը մեզ կը մօտենան իբր ծախու ապրանք: Եւ երբ գործերնին վերջանայ՝ կ’անհետանան..».

Ուրիշ մըն ալ ըսաւ. «Անոնք զիջողական դիրք մը ունէին: Իսկ հարցումներն անոնց՝ վիրաւորական..:»

Կային ոմանք որոնք ինքզինքնին «Իսլամ Հայեր» կոչեցին եւ պահանջեցին որ իրենց այս ինքնութիւնը ընդունուի: Ուրիշներ ալ կային որոնք չժխտեցին իրենց հայկական արմատներ ունենալը, բայց ինքզինքնին ներկայացուցին իբր «թուրք», իբր «քիւրտ» , կամ՝ ընդունեցին իրենց մէկէ աւելի ինքնութիւն ունենալը:

Անոնք որոնք մկրտուած էին, կամ՝ անոնք որ Հայոց Պատրիարքարան գացին մկրտուելու համար ,ստիպուած էին վեց ամիս երկարող պարտադրեալ դասընթացքներու հետեւելու: Անոնք դիտել տուին, որ շատ դժուար էր իրենց համար Անատոլիայէն գալ, եւ վեց ամիս հոս մնալ այդ դասերն առնելու համար: Թոռ մը կը գանգատէր ըսելով.

«Ուզածս՝ ինծմէ բռնի առնուածը ետ առնելն է: Ինչո՞ւ այսպիսի դժուարութիւններ կը ստեղծեն»:

Ուրիշ մըն ալ հարցուց. « Ուզենք թէ չուզենք՝ հայ ենք մենք: Նախընտրութիւն մը ունէինք ընելիք. մեռնի՞լ, թէ՝ իսլամ դառնալ: Պէտք էր ընտրէի՝ կամ մա՛հը, եւ կամ ՝ իսլամանա՛լը: Ո՞վ պիտի որոշէ իմ հայկական ինքնութեան ինչ ըլլալը: Դո՞ւք, Պատրիարքութի՞ւնը, թէ ե՛ս՝ մէկը որ վերջին հարիւր տարիներուն անսահման դժուարութիւններ դիմագրաւած է»:

Կային ոմանք որոնք Էջմիածինի մէջ մկրտուած էին: Բայց վերջերս տարաձայնութիւններ սկսած են տարածուիլ, թէ Թուրքիոյ հպատակները պէտք է Թուրքիոյ մէջ մկրտուին:

Անոնց իսլամացած ինքնութիւնը բաւարար չէր զիրենք լրիւ իսլամ դարձնելու: Եւ անոնց պատմական փորձառութիւնն ալ անբաւարար կը սեպուէր իբր հայ մնալու: Որովհետեւ՝ ինքնութեան ու պատկանելութեան կաղապարները այնպէս բնորոշուած են որ չենք կրնար անոնք տեղաւորել մեր մտքերուն մէջ հաստատուած կաղպարերուն մէջ: Այսօր, միլիոններու հասնող խմբակցութիւն մը կայ, որ կը յարմարի ո՛չ Քրիստոնէութեան կողմէ դիմագծուած հայկական կաղապարին մէջ, եւ ո՛չ ալ՝ իսլամութեան կողմէ դիմագծուած թրքական կամ քրտական կաղապարին:

Մարդոց կեանքերն ու պատմութիւնները սկսած են մէջտեղ գալ եւ ծփիլ՝ դժուարացնելով ինքնութեան սովորական սահմանումներուն հաստատումը:

Իսլամ հայ հանգամանքը. նոյնիսկ երբ այն չէ ճանջցուած իբր հաւաքական ինքնութիւն, կը հանդիսանայ իբր նոր սահմանում՝ վերասահմանելու Հայկական Ինքնութիւն կոչուած հասկացողութիւնը , որը ցարդ կապուած է Քրիստոնէութեան հետ:

Վոսփոր Համալսարանին մէջ Հրանդ Տինք Հաստատութեան կազմակերպած գիտաժողովը իր արծարծած նիւթերով կարեւոր բնոյթ մը ստացաւ: Հոն քննուեցան «Իսլամ հայեր», «Ինքնութեան հաստատում», «Պատկանելութեան սահմանում եւ Լռութեան պատճառները» նիւթերուն շուրջ: Գիտաժողովին ընթացքին Ռանըլտ Գրիգոր Սունին ըսաւ. «Վերջին հարիւր տարուան ընթացքին, Հայոց Պատմութեան մասին եղած ուսումնասիրութիւնները գրեթէ անտեսած են իսլամացած հայերու հարցը: Բոլորս ալ պէտք է յարգենք անոնց ,եւ զսպենք մեր անձնական ենթակայական ինքնութիւնը ուրիշներու վրայ պարտադրելը: Ցեղային եւ ազգային ինքնութիւնը, կրօնական ինքնութեան պէս, առարկայական հարց մըն է եւ մէկու մը արեան ու ծագումին հետ կապ չունի: Ինքնութեան ըմբռնումը հիմնուած է պատմութեան եւ փորձառութեան վրայ. մարդկային նշանագիծ մըն է: Վերջապէս՝ նախընտրութեան հարց է: »

Ըստ Վահէ Թաշճեանին , «…1915-էն յետոյ, ազգը վերակառուցելու յոյսով, հայ ժողովուրդին մնացորդացը կազմող այս կիները աշխատեցան հաւաքուիլ, բայց շուտով անդրադարցան որ ատիկա բաւական խրթին հարց մըն էր:

Ողջ մնացող կիներուն հանդէպ հայերը երկու տարբեր կարծիքներ ունէին: Ըստ առաջինին՝ այս կիները «կարմիր գիծը» անցած էին ,եւ՝ պղծած ազգային ու բարոյական օրէնքները: Հետեւաբար՝ անոնք արժանի չէին հայ ժողովուրդին մէջ ընդունուելու:

Եւ ըստ երկրորդին՝ այս կիները ստուար բռնադատութեան ենթարկուած էին : Հետեւաբար՝ անոնք կարիքն ունէին քաջալերանքի, պաշտպանութեան , ցուցմունքի: Եւ՝ պատսպարաններ պէտք է շինուին անոնց համար:

Հապա՞ եթէ անոնք ապօրինի զաւակներ ունենային: Մեծամասնութիւնը դէմ էր այդ զաւակները հայ համայնքին մէջ ընդունելու: Որովհետեւ անոնք թշնամիէն եկած էին, չէին կրնար ընդունուիլ իբր հայ: Կիները միայն մէկ ընտրութիւն ունէին. «Ձգէ՛ զաւակներդ՝ եւ եկուր ու մեր հետ ապրէ:»

Այս խրթին հարցի մասին երբէք չէ՛ր խօսուած, հարցաքննութիւն չէ՛ր եղած. լքուած էր՝ յուսալ ով որ, օր մը կը մոռցուի:

Բայց այս իրողութիւնը չէ՛ր մոռցուած եւ պայթելու աստիճանին էր հասած: Եւ երբ պայթեցաւ՝ բոլոր հատուածներն ալ անակնկալի եկան:

Իսլամացած հայերը, այս երկու համայնքներուն կողմէ մերժուած ըլլալու խնդիրը դիմագրաւելու համար, սկսած են միասին ժողովներ գումարել. ընկերակցութիւն մըն ալ հիմնած են այս թերութիւնները յաղթահարելու համար:

Տիարպէքիրի Սուրբ Կիրակոս Եկեղեցին ժամադրավայր դարձած է անոնց՝ որոնք չեն ուռանար իրենց հայկական ծագում ունենալը: Բայց անոնք իրենց ինքնութիւնը կը հաստատեն տարբեր ձեւերով. օրինակ՝ անոնք կը ներկայանան իբր թուրք, քիւրտ, իսլամ, ալեւի կամ՝ անաստուած անձնաւորութիւններ: Կիրակի օրերը, նոյնիսկ խնճոյքի սեղաններ կը շտկուին եկեղեցւոյ բակին մէջ: Եւ ամեն օր նոր դէմքեր կ’աւելնան Տիարպէքիր-Սուր քաղաքապետութեան մէջ տրուած հայերէն դասընթացքներուն հետեւողներուն: Հոն ուր այս դասերը կը տրուին, ժողովավայրեր դարձեր են նաեւ:

Անոնք որոնք, իրենց հայկական ծագումը ընդունելով կը փափաքին քրիստոնեայ դառնալ, սկսած են ընկերակցութիւններ հիմնել: Կ’ընեն ասիկա՝ հայ համայնքին եւ Պատրիարքարանին իրենց հանդէպ պաղ եւ անհիւրընկալ վերաբերմունք ցուցաբերած ըլլալնուն պատճառով:

Օրինակի համար՝ Տերսիմի Հայ Ընկերակցութիւն, Պիթլիսի Հայ Ընկերակցութիւն, Սասունի եւ Մութքի Համերաշխութեան Ընկերակցութիւն, Մալաթիայի Հայերու Ընկերակցութիւն. այս բոլորը ստեղծուած են անհրաժեշտութեան մը պատճառով: Այս մարդիկը, որոնք անկարող են ինքզինքնին արտայայտելու հայ համայնքին մէջ, տարբեր մերձավայրեր կ’որոնեն ուր պիտի կարենան արտայայտուիլ:

Վերջին քանի մը տարիներուն, բաւական իսլամացած հայեր դիմած են Պատրիարքարան մկրտուելու համար: Կը թուի՝ թէ՛ Պատրիարքարանը, թէ՛ հայ համայնքը անպատրաստ գտնուած են նման պատահականութեան մը առջեւ: Հետեւաբար՝ անոնք կը փորձեն երկարաձգել այս իրականութեան յայտնաբերման լուծում մը գտնելը. անոնց մկրտութեան արտօնութիւնը անմիջապէս չտալով, նաեւ պահանջած են որ անոնք վեց ամիս երկարող դասընթացքներու հետեւին, մկրտութեան արտօնութիւնը ստանալու համար:

Եւ կամ՝ կը խնդրեն անոնցմէ որ իրենց ինքնութեան թուղթին կրօնքի պատկանելութեան մասը փոփոխութեան ենթարկել , եւ «Իսլամ» բառը «Քրիստոնեա՛յ» բառով փոխարինել: Ասիկա խնդրական հարց է կրօնափոխ ըլլալ ուզողի մը համար: Մասնաւորաբար անոնց՝ որոնք պետական պաշտօնեաներ են: Անոնք կը մերժեն այդ ընելը, որովհետեւ նման առարք մը կրնայ իրենց գործերը կորսնցնելուն պատճառ դառնալ:

Երկիրը դադրածէ «ցեղային անձնանշան» գործածելէ: Բայց այն ծնողները որոնք կ’ուզեն իրենց զաւակները հայկական ամենօրեայ վարժարան արձանագրել, հարցը դեռ անլուծելի մնացած է: Պատրիարքութեան ստեղծած մկրտութեան արգելքին պատճառով, չմկրտուած ծնողներուն զաւակները հայկական վարժարաններու մէջ չեն կրնար արձանագրուիլ:

Այս ծնողները կ’ըսեն. «Մենք կրցանք պետութեան պարտադրել, որ ան ընդունի մեր զաւակները հայկական վարժարան ղրկելու իրաւունքը: Բայց՝ դեռ անկարո՛ղ ենք մեր բաղձանքը ընդունելի դարձնել Պատրիարքարանին կողմէ:»

Նիրա Եուվալ Տէյվըս կ’ըսէ. «Պատկանելութիւնը կապուած է զգացական յանձնառութեան հետ. մարդը ինքզինքը իր տան մէջ ըլլալը պէտք է զգայ:» Իսլամացած հայերը, ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով, ինքզինքնին դեռ անտունի կը զգան: Եւ՝ առանց բոյնի:

Պէտք է լսենք այն կանչը որ կ’ըսէ. «Միակ բաղձանքս ինծմէ բռնաբար առնուածին տիրանալն է:» Այս ըմբոստացումն ու բաղձանքը դե՜ռ կը սպասէ լսելի դառնալու: Կը սպասէ՝ խորհրդածութեան նիւթ դառնալու: կը սպասէ՝ լուծումի:

Նիւ Ճըրզի

30 Նոյեմբեր 2015

Գրեց՝ Ֆեթհիյէ Չեթին
Թարգմանեց՝ Յարութիւն մըսրլեան





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+