03 Aralık 2015
Նամիպիոյ մայրաքաղաք Վինտհուքի մէջ 30 նոյեմբերէն սկսեալ իր աշխատանքը սկսած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պահպանման միջկառավարական կոմիտէի 10-րդ նստաշրջանը:
Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ, տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապի վարչութենէն յայտնած են, որ այլ հարցերու կողքին քննարկուած են Մարդկութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ներկայացուցչական ցանկին վրայ արձանագրուելու համար ներկայացուած 35 դիմումներ, որոնց շարքին է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ազգային յանձնախումբի` «Քոչարի. աւանդական խմբային պար» դիմումը:
Հայրենի պատուիրակութեան ներկայացուցած փաստարկներուն շնորհիւ կոմիտէն վերատեսութեան ենթարկած է փորձագիտական խումբի նախնական որոշումը: Կոմիտէի անդամներու, փորձագէտներու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան անդամներու միջեւ ծաւալած քննարկումներուն իբրեւ արդիւնք` կոմիտէն հաստատած է, որ «Քոչարի» աւանդական խմբային պարը` ըլլալով ազգային ինքնութեան դրսեւորում, տարածուած է Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ: Հայաստան լրացուցիչ մշակումի ենթարկուած դիմումը պիտի ներկայացնէ կոմիտէի հետագայ քննարկման: