25 Kasım 2015
Human Rights Watch իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը կ՝ահազանգէ, որ Թուրքիան Սուրիոյ պատերազմէն մազապուրծ փախստականները սահմանէն ետ կ՝ուղարկէ:
Ըստ NEWS.am-ի՝ թուրք սահմանապահները սկսած են չընդունիլ սուրիացի փախստականները` ետ ուղարկելով զանոնք մահուան:
Թուրքիոյ սահմանները փախստականներուն առջեւ փակելը կը հարկադրէ յղիներուն, երեխաներին,ու մեծահասակներուն եւ հիւանդներուն բախիլ թուրք սահմանապահներու հետ, որպէսզի կարենան փախչիլ Սուրիոյ պատերազմի սարսափէն։ Գրած է պարբերականը:
HRW-ի փախստականներու հարցերով մասնագէտ Կարի Սիմփսընը կը քննադատէ Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը: HRW-ի տեղեկութիւններուն համաձայն` այս տարուան Մարտէն արդէն Թուրքիան միայն բացառիկ պարագաներու թոյլ կու տար սուրիացի փախստականներուն օրինական կացութեան իրաւունք ստանալ իր երկրի մէջ: Դեռ բաց մնացած 2 անցակէտերը` Անթաքիոյ եւ Քիլիսի մէջ, կը գործածուին միայն մարդասիրական օգնութիւն մատակարարելու եւ արձանագրուած առեւտրականներու համար: Թուրքիան մինչ այս գրկաբաց կ՝ընդունէր սուրիացիները: Երկիրը ի հարկէ իր սահմաններու անվտանգութիւնը ապահովելու իրաւունք ունի: Սակայն անոնք իրաւունք չունին ապաստան խնդրող փախստականները ետ ուղարկելու»,- կը նշէ Սիմփսընը:
Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմէն յետոյ Թուրքիան ընդունած է 2.2 միլիոն սուրիացի փախստական: Սակայն անոնց մեծ մասը կ՝ապրի ինքնուրոյն` առանց փախստականի կամ քաղաքական ապաստանի կարգավիճակի:
Այն բանէն յետոյ, երբ ԱՄՆ հանդէս եկած էր Թուրքիոյ քննադատութեամբ` նշելով, որ իշխանութիւնները բաւական ջանքեր չեն գործադրեր իսլամական պետութեան զինեալներու մուտքը երկրի տարածք կանխելու համար, Թուրքիան քանի մը ամիս խստացուց սահմանային հսկողութիւնը: HRW-ի փորձագէտի կարծիքով Թուրքիոյ իշխանութիւնները կ՝օգտագործեն այդ հնարաւորութիւնը նաեւ Սուրիայէն եկող փախստականներու հոսքը կանխելու համար: