12 Ekim 2015
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, երէկ` կիրակի, 11 հոկտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ բազմաձայն զրոյց` նիւթ ունենալով «Լիբանանահայութեան եւ պոլսահայութեան իրականութեան պատկերացումը գրականութեան մէջ»: Մասնակիցներն էին` Նորվան արք. Զաքարեան, Գրիգոր Պըլտեան, Յարութիւն Քիւրքճեան եւ Սեւան Տէյրմէնճեան:
Բազմաձայն զրոյցին բացման խօսքը արտասանեց Շաղիկ Մկրտիչեան: Ան անդրադառնալով Գրիգոր Պըլտեանի գիրքերուն, որոնց առանցքը կը կազմէ ապրուած վայրը` իր շրջապատով, կարգ մը հարցադրումներ ըրաւ, թէ որքանո՞վ մեր գրականութիւնը իր ստեղծման վայրերուն մէջ կ՛արձագանգէ եւ ինչքանո՞վ անոնց իրականութիւնը մեր գրականութեան մէջ կ՛երեւի:
Առաջին բանախօս Նորվան արք. Զաքարեան, պատմական ակնարկ մը նետելով 1975 թուականին վրայ, երբ քաղաքացիական պատերազմը սկսաւ Լիբանանի մէջ, ըսաւ, որ այդ ժամանակաշրջանին Պըլտեան կ՛ապրէր Փարիզի մէջ եւ ներշնչուելով այդ դէպքերէն լծուեցաւ «Քանդուող քաղաքի մը համար» գործին: Նորվան արք. Զաքարեան հաստատեց, որ ասիկա հոյակապ հնարք եւ որակ ունեցող գործ մըն է, որուն մէջ կ՛արտացոլայ Պըլտեանի հանճարը: Ան կարդաց գիրքէն հատուած մը, որ առնչուած էր Պէյրութին` շեշտելով Պըլտեանի բանաստեղծական զգայնութեան կարողութիւնը, որովհետեւ ընթերցողը պահ մը կը հաւատար, որ հեղինակը Պէյրութ կը գտնուէր այդ աշխատութիւնը գրած ատեն, մինչ ան հեռաւոր Փարիզի մէջ էր: Եզրափակելով իր խօսքը` սրբազանը հաստատեց, որ Պըլտեան լիբանանահայութեան իրականութեան պատկերացումը տուած է գրականութեան մէջ:
Այնուհետեւ Ռուպինա Մկրտիչեան կարդաց «Սեմեր» գիրքէն հատուած մը` վերլուծելով զայն:
Երկրորդ բանախօս Յարութիւն Քիւրքճեան իր խօսքին սկիզբը նկատել տուաւ, որ գրականութեան տեսութիւնը եւ պատմութիւնը մէկէ աւելի չափումներ կ՛ընծայեն` գնահատելու համար յարաբերութիւնը տուեալ հաւաքականութեան եւ իր ստեղծած գրականութեան: Ան ըսաւ, թէ սփիւռքի յատուկ ամէն տեսակի հակումներ մաս կը կազմեն անոր կեանքին եւ անոնցմէ բխող գրականութիւնը ընդհանուր ձեւով կրնայ նկատուիլ անոնց ցոլացումը: Քիւրքճեան հաստատեց, որ Շահնուրի եւ Պըլտեանի գործերը ցոլացումն են սփիւռքի գրականութեան: Անդրադառնալով Մերձաւոր Արեւելքին` ան ըսաւ, որ 30-50-ական թուականներու արտադրութիւնները զուրկ են սփիւռքի մասին տեղեկութիւններէ` տալով օրինակներ գործերու, որոնց մօտ հազուադէպ է միջավայրի զգայնութիւնը: Եզրափակելով իր խօսքը` Քիւրքճեան շեշտեց, որ մեր կեանքը անորոշ եւ խեղճ ներկայութիւն է մեր գրականութեան մէջ, ինչպէս որ հայ գրականութեան տեղը անորոշ է մեր կեանքին մէջ:
Սեւան Տէյրմէնճեան իր ելոյթին մէջ ակնարկ մը նետեց 1908 թուականին, երբ մշակութային զարթօնքը սկսաւ եւ պոլսահայութիւնը իր գրական որոնումներուն մէջ իր հայեացքը ուղղեց դէպի գաւառ` ներկայացնելով գաւառի կեանքը, որ տարիներ ետք բանաձեւուեցաւ «Հայաստանեայց գրականութիւն» պիտակով: Ան օրինակ բերաւ Մնձուրին, որ հազուագիւտ գրողներէն մէկն էր, որուն գրութիւններուն կը հանդիպինք 1915-էն առաջ եւ վերջ: Անդրադառնալով 1923 թուականի յաջորդող ժամանակաշրջանին` ան ըսաւ, որ պոլսահայ գրողներուն համար նոր փորձարկում մը եղաւ, երբ անոնք սկսան տալ իրականութիւնը, սակայն ոչ զուտ հայկական կեանքին, օրինակ բերելով Զաւէն Պէրպէրեանը, Ճանճիկեանը, որոնց գործերուն մէջ միջավայրի հարազատութիւն կար: Ակնարկելով ներկայ վիճակին` Տէյրմէնճեան ըսաւ, որ ներկայիս Պոլսոյ մէջ գրականութիւնը հայոց լեզուով չ՛ըլլար:
Օրուան չորրորդ բանախօս Գրիգոր Պըլտեան հաստատեց, որ 1970-ական թուականներէն սկսեալ, երբ տակաւին կը փորձէր գրող ըլլալ սոյն երեկոյի նիւթը մտահոգած է զինք, որովհետեւ այդ շրջանին թերթերու եւ ամսաթերթերու մէջ չէր նկատեր շրջապատին մասին գրութիւններ եւ իր շուրջ գտնուող իրականութեան պատկերը չէր տեսներ: Ան առաջնահերթութիւն նկատած է իրականութիւնը գրել: Ան նկատել տուաւ, որ ֆրանսահայ գրականութիւնը կը տարբերի այլ գրականութիւններէն` պարզ այն պատճառով, որ 1926-էն սկսեալ ունինք խումբ մը գրողներ, որոնք արձակ եւ վէպ արտադրած են: Օրինակներ տալով, ինչպէս` Շահնուր, Որբունի, Զարդարեան, ան ըսաւ, որ անոնք փորձած են Ֆրանսայի մէջ իրենց ապրած կեանքը գրել առանց յիշելու անցեալը, ինչ որ յայտնաբերուեցաւ 40-ական թուականներուն եւ յիշողութիւնը դարձաւ գրողի մտահոգութիւններէն մէկը: Պըլտեան շեշտեց, որ իրականութեան պատկերացման հարցը մնայուն մտահոգութիւն եղած է Ֆրանսայի մէջ, որովհետեւ մեր գրականութեան մէջ իրականութեան պակասը կայ:
Բազմաձայն զրոյցի աւարտին առիթը տրուեցաւ ներկաներուն լուսաբանական հարցումներ ուղղելու զեկուցաբերներուն: