19 Ağustos 2015
Երկիր Մետիա կը հաղորդէ, թէ Տիգրանակերտ ծնած Էրտալ անունով տղամարդ մը, որ Հայաստան կը գտնուէր մասնակցելու Համահայկական 6-րդ խաղերուն, հրաժարած է իսլամութենէն եւ մկրտուած է Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ մէջ:
Երիտասարդը վերադարձած է Տիգրանակերտ, տեղւոյն անձնագրային բաժանմունքին մէջ փոխած է անձնագիրը, որուն մէջ նշուած էր, թէ ազգութեամբ թուրք է, իսկ կրօնով իսլամ: Նոր անձնագիրին մէջ գրուած է, որ ան հայ է եւ քրիստոնեայ: Մկրտուելէ ետք Էրտալ ունեցած է նոր անուն եւ կոչուած Փարամազ:
Տարիներ առաջ նման քայլի դիմած էր Տէրսիմի հայերու միութեան նախագահ Միհրան Փրկիչ: Վերջինս ծնած է Տէրսիմ եւ աւելի քան 50 տարի Սելահաթթին Կիւլթեքինի ինքնութեամբ ապրելէ ետք մկրտուելով դարձած է Միհրան Փրկիչ: