Մխիթարեան Երկրորդական Վարժարանի Ամավերջի Հանդէս - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Կամաւօտ

Հայերէն :

04 Ağustos 2015  

Մխիթարեան Երկրորդական Վարժարանի Ամավերջի Հանդէս -

Մխիթարեան Երկրորդական Վարժարանի Ամավերջի Հանդէս Մխիթարեան Երկրորդական Վարժարանի Ամավերջի Հանդէս

Շաբաթ, 21 յունիս 2015-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին տեղի ունեցաւ Մխիթարեան երկրորդական վարժարանի ամավերջի վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը:

Վարժարանիս երգչախումբին փոքրիկները բեմ բարձրացան Հայաստանի եւ Լիբանանի զոյգ քայլերգներէն ետք, անոնք իրենց անմեղ աչուկներով գրաւեցին ներկաներուն ուշադրութիւնը եւ ներկայացնելով փունջ մը հայրենասիրական երգեր` արժանացան անոնց ծափահարութեան: Ապա խօսք առաւ Մխիթարեան վարժարանի տնօրէն` հայր Յովսէփ Թոփալեան, որ անդրադարձաւ վարժարանի ուսուցիչներուն, որոնք ջանք չխնայեցին տալու լաւագոյն ուսումն ու կրթութիւնը, մարդկայնականը, հայկականը ու քրիստոնէականը: Մասնաւոր յիշատակութեամբ նշեց մանկապարտիզպան Հայկուշ Շահապեանին տարած աշխատանքները, որ մօր մը պէս գուրգուրաց փոքրիկներուն, նաեւ` Մարալ Շահապեանին, որ արթուն պահակն էր վարժարանիս իր պատասխանատու կեցուածքով: Ան կոչ ուղղեց ծնողներուն` ըսելով. «Այո՛, քաջ ու խիզախ եղէք դուք, ծնողներ, ձեր եւ մեր դպրոցի գոյութիւնը, առաքելութիւնը եւ ազդեցութիւնը հայ ազգին ու հայ ժողովուրդին համար»: Ապա հայկական պարերով ելոյթ ունեցան վարժարանիս պատանիներն ու պարմանուհիները: Առաջին պարով ներկայացան, Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նուիրուած անմոռուկ պատկերով: Անոնք իրենց հեզաճկուն շարժումներով գրաւեցին հանդիսատեսին ուշադրութիւնը, որոնք իրենց խանդավառ ծափողջոյններով գնահատեցին վաստակաւոր պարուսոյց Հուրի Սերոբեանին անձնուէր աշխատանքն ու կորովը, ապա յաջորդաբար ներկայացուցին հինգ տարբեր պարեր: Խօսք առաւ Հազմիէի քաղաքապետ Ժան Իլիաս Ասմար, ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ քաղաքապետարանի ու Մխիթարեանի միաբանութեան սերտ յարաբերութիւններուն մասին` 1970-ական թուականներէն ի վեր, երջանկայիշատակ հայր Վարդան Աշգարեանի օրերէն, հպարտութեամբ յայտարարեց, թէ պաշտօնական բոլոր գործերը տարուած են դպրոցի պողոտան կոչելու երջանկայիշատակ վարդապետին անունով: Իր խօսքը փակեց` խոստանալով զօրավիգ կանգնիլ միաբանութեան յարատեւութեան ու յաջողութեան ի խնդիր:

Հանդէսի աւարտին բեմ բարձրացան մանկապարտէզի 18-ը եւ երկրորդականի 18 աշակերտներ ու աշակերտուհիները եւ ստացան վկայականներ` ձեռամբ Ժան Իլիաս Ասմարի եւ հայր Յովսէս Թոփալեանի:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+