06 Şubat 2015
Հոգեբանական վէպին անվիճելեի վարպետը , Զապէլ Եսաեյան ծնած է ,4 Փետրուար1878 թուականին Իսթանպուլի Սկիւտար թաղին մէջ: Տաղանդաւոր վիպագիր ու գրագէտ ԶապԷլ սկսած է 1890 թուականին Զապէլ Յովաննէսեան անունով գրել, ան իր ուսումը ամբողջուցած է Փարիզ -Սօրպօն համալսարանի մէջ: Այդ շրջաններուն մեր կիներուն մէջ անսովոր ու անօրինակ էր, բարձրաստիճան ուսում ունենալը.
Զապէլ Եսայեան, գրական իր նախափորձերը կատարած է Արշակ Չօպանեանի "Ծաղիկ" եւ "Անահիտ" թերթերուն մէջ:
Ան ,աշխատակցած է նաեւ Հայ ու Եւրոպական,ի մասնաւորին Ֆրանսերէն գրական թերթերուն մէջ:
Զապէլ Եսայեան,փրկուած է Մեծ Եղեռնէն փախչելով Պուլկարիա ապա անցած է Կովկաս, ու~ր տարած է հանրային ու ազգային աշխատանքներ:1927-կ`այցելէ Հայաստան,կը վերադառնայ Փարիզ ապա վերջ 1933-կը տեղափոխուի Երեւան,ու~ր կը շարունակէ գրական,ազհային ու բարոյսիրական գործունէութիւններ:Կը դառնայ պետական համալսարանի դասախօս:Կաւանդէ արեւմտեան երկիրնու գրականութիւն:1937-ին կը դառնայ Ստալինեան հալածանքներուն զոհ,կ`աքսորուի Սիպիրիա ու~ր1943 թուականին կը մեռնի.
Ան արեւմտահայ գրականութեան այն նորոյթապաշտ ու յառաջապահ կին գրողներէն մին է որ, մեր գրականութեան բեռած է , հոգեբանական սէրը: Իր ստեղծագործութիւններէն նշանաւորները են:"Շնորհքով Մարդիկ","Կեղծ Հանճարներ","Սկիւտարի Վերջալոյսներ","Երբ Այլեւս Չեն Սիրեր", "Քօղը", "Վէպը", "Աշուղը", "Սիլահտարի Պարտէզները", "Աւերակներու Մէջ","Կրակէ Շապիկ","Պարպա Խաչիկ",Պրոմէթէոս Ազատագրուած": "Սիլահտարի Պարտէզները",իր մանկութեան շրջանի Իսթանպուլէն վերակազմուած ապրումներու ու յիշատակներու տպաւորիչ յուշագրութիւններու
փունջ մըն է, որը անոր գլուխ գործն է: Զապել Եսաեան , "Աւերակներու Մէջ" հատորով , իր գրականութեան կեանքի գագաթնակէտին հասաւ, անոր այս հեղինակութիւնը մեր հայ գրականութեան եզակի գործերէն մին կը նկատուի ,ուր~, մօր մը եւ հօր մը, սրտառուչ ապրումները, զգայուն ու նուրբ հոգեբանութեամբ կը պատմուի.
Տոքթ.Սարգիս Ատամ
Hyetert