Ողբերգութիւն Մը, Որ Ոչ Ոք Պիտի Հասկնայ (Իսլամացած Հայեր) - Հայերէն
22 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Շանթակող

Հայերէն :

29 Ekim 2012  

Ողբերգութիւն Մը, Որ Ոչ Ոք Պիտի Հասկնայ (Իսլամացած Հայեր) -

Ողբերգութիւն Մը, Որ Ոչ Ոք Պիտի Հասկնայ (Իսլամացած Հայեր) Ողբերգութիւն Մը, Որ Ոչ Ոք Պիտի Հասկնայ (Իսլամացած Հայեր)

Նախ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեր ցուցաբերած հետաքրքրութեան համար, որովհետեւ այս հարցը շատ հրատապ եւ շատ կարեւոր է, որուն լուծում մը գտնելու համար Աստուծոյ կ՛ապաւինինք:

Տարօրինակ, զարմանալի պատմութիւն մը, որ ըստ մեր գերդաստանի տարեցներէն լսածներուս` ահա այսպէս պատահած է…

Սիրելինե՛ր, մենք տիգրանակերտցի հայ ընտանիք մըն ենք եւ, ինչպէս գիտէք, Յորդանանի Թուրքիայէն հեռու ըլլալուն պատճառով 1915-ի Մեծ եղեռնէն ետք քիչ թիւով հայեր Յորդանան հասած են, որոնց մեծ մասը հաստատուած է Յորդանանի հիւսիսային շրջաններուն եւ մայրաքաղաք Ամմանի մէջ, մինչ մենք ճակատագրի բերումով քշուած էինք երկրին հարաւը գտնուող Մաան քաղաքը: Երեք-չորս հայ ընտանիք էինք, երկրին հարաւը կիսանապատային էր, բնակիչները իսլամ պետեւիներ էին, որոնց մէջ քրիստոնեայ ընտանիքներ չկային, հետեւաբար այդ քանի մը հայ ընտանիքիները որոշեցին հիւսիս գաղթել եւ հաստատուիլ քրիստոնեաներ ունեցող քաղաքներու մէջ, ինչպէս` Երուսաղէմ եւ Ամման, միայն մեծ հայրս, որ ստիպողաբար մերուած էր իր արաբ շրջապատին, կը շարունակէ մնալ հարաւ, ուր հասակ առեր, ապա իսլամութիւն ընդունելով ամուսնացեր էր մահմետական աղջկան մը հետ եւ զաւակներ ունենալով` ընտանիք կազմեր էր:

Թոռներուն աշխարհ գալով` ընտանիքը տակաւ մեծցած էր: Զաւակներն ու թոռները իմանալով մեծ հօրս պատմութիւնը` գիտցած էին անոր հայկական ծագում ունենալն ու անոր հայկական անունը, եւ ոչ միայն այդքան, գիտցած էին նաեւ մեծ հօրս հօրը եւ մեծ հօրը անունները: Մեծ հօրս անունը Արթին Յակոբ Մարտօ Տինքչեան էր, բայց իսլամութիւն ընդունելէ ետք ճանչուած էր Շուքրի Արթին անունով: Այդ օրերուն ոչ ոք ուշադրութիւն դարձուցած էր այս պատմութեան, պարզապէս որովհետեւ մարդոց միակ մտահոգութիւնը իրենց զաւակներուն եւ ընտանիքին ապրուստը ճարել եղած էր… կեանքի թոհուբոհին մէջ ի սպառ կորսուած էր մեր ծագումը, կորսուած էր մեր հայու անունը, բայց մեզմէ իւրաքանչիւրիս խորքերուն մէջ բարձրացեր էր խիղճի ճիչ մը, որ մեկնելով մեր տոհմածառի հաստաբուն արմատներէն` տարածուեր էր անոր ճիւղերուն եւ նորածիլ ոստերուն մէջ եւ ուժգնօրէն ցնցելով մեզ, մեզի ե՛ւ հասկնալի ե՛ւ անհասկնալի ճիչով մը բացագանչեր էր, որ մենք այն չենք, ինչ ենք… որ մենք այն չենք ինչ կը կարծենք եղած ըլլալ… «Դուք ուրիշ մարդիկ էք… ձեր արմատները կ՛երկարին մինչեւ Տիգրանակերտ… մինչեւ գրաւեալ Արեւմտահայաստան… հոն են ձեր պապերուն գերեզմանները, որոնց քանդուած ու աւերուած տապանաքարերուն վրայ խաչեր կան, որոնց վրայ Տէրունական աղօթքը քանդակուած է, տապանաքարերէն մէկուն վրայ հետեւեալ գրութիւնը կայ, «Աստ հանգչի Յակոբ Տինքչեան, որ ծնած ու մահացած է Տիգրանակերտի մէջ»: Աւելի մեծ խաչ մը ունեցող, չորսի բաժնուած եւ հողին տակ կորսուած այլ տապանաքարի մը կոտրտուքներուն վրայի փորագրութեան վերջաւորութեան կը կարդաք. «Աստ հանգչի Մարտիրոս Տինքչեան, որ ծնած է եւ պատուաբեր մահով հողին յանձնուած` Տիգրանակերտի մէջ…»: Ահա այս է ձեզի մնացած ժառանգը… այս է ձեր պատմութիւնը… այս է ձեր իսկութիւնը… ձեր զաւակներն ու թոռները հոն են… հոն են ձեր արմատները… հոն են Տինքչեան գերդաստանին աճիւնները… հոն են ձեր հարազատներու մասունքները, որոնց սուրբ արիւնով ներկուած է Տիգրանակերտի հողը, որոնց տառապակոծ ճիչերն ու հեծեծանքները կորսուած ու մարած են Տիգրանակերտի բերդերու ժայռերուն եւ պարիսպներուն վրայ… դուք այն չէք, ինչ որ էք… դուք ուրիշ մարդիկ եք… այո՛, ուրիշ մարդիկ, որոնք զոհ դարձած եք անորակելի նախճիրի մը, որոնք զոհ դարձած են մարդուն հանդէպ գործուած անասելի, դժխեմ անարդարութեան մը…

Մեծ հօրս հայրը` Յակոբ Տինքչեան, Տիգրանակերտի մէջ ջաղացք մը ունէր, մեծ հօրս քոյրերէն լսած էի, որ մեր տոհմին նահապետը` Յակոբ Տինքչեան բարեկեցիկ մարդ մը եղած էր, Տիգրանակերտի բերդին դիմաց երկյարկանի տուն մը ունեցած էր, ունեցած էր նաեւ կովեր, ձիեր եւ իր ջաղացքին մէջ աշխատող բանուորներ:

Մեծ հայրս` Արթին Յակոբ Մարտօ Տինքչեան, անհաւատալիօրէն ծանր ու դժուարին ուղեւորութիւնէ մը ետք, որուն մասին միայն Տէր Աստուած գիտէր, Յորդանան հասած էր 1918-ին, հրաշքով տոկացեր էր Տիգրանակերտէն սկիզբ առած եւ մինչեւ Հալէպ, ապա Լիբանան, Դամասկոս եւ Յորդանան երկարած տարագրութեան արհաւրալից երթին: Մեծ հայրս Յորդանան հասած էր մօրը` Աննա Սարգիս Համամճեանի եւ քոյրերուն` Հայկանուշի, Նուէրի եւ Լաֆոնթենի հետ, ընկերակցութեամբ անոնց մօրեղբօր Կարապետ Համամճեանի: Տինքչեան գերդաստանի մեծերուն հետ մեր կապը կտրուած էր, յետոյ իմացանք, որ անոնցմէ ոմանք Միացեալ Նահանգներ գաղթած էին: Մեծ հօրս հօրաքոյրը` Լուսինա Տինքչեան օրին ամուսնանալով մնացեր էր Թուրքիա, ապա ընտանեօք Յունաստան տեղափոխուեր էր, անոր ալ հետքը կորսնցուցեր էինք…

Եւ հիմա դիմելով համայն հայութեան եւ մանաւանդ տիգրանակերտցի Տինքչեաններու շառաւիղներուն` կը խնդրեմ, որ մեր ներաշխարհի խորքերուն մէջ թնդացող եւ մեր խիղճը ցնցող ճիչը լռեցնեն, այն ճիչը, որ կը փոթորկի ու կ՛արձագանգէ մեզմէ իւրաքանչիւրին խորքերուն մէջ եւ կը տարածուի մեր տոհմածառի հաստաբուն արմատներնէն մինչեւ անոր ամենանուրբ, ամենաթարմ ճիւղերն ու ծիլերը, ուժգնօրէն, կը ցնցէ մեզ եւ կը բարբառի մեզի ե՛ւ հասկնալի, ե՛ւ անհասկնալի լեզուով մը ու կ՛աղաղակէ` «Դուք այն չէք, ինչ էք, դուք այն չէք, ինչ կը կարծէք եղած ըլլալ… դուք ուրիշ մարդիկ էք… եւ այսօր գիտնալէ ետք թէ ով ենք, մենք, կ՛ուզենք գիտնալ նաեւ, թէ ովքե՛ր են մեր ազգականները…

Ես Մուսթաֆա Տինքչեան, կամ` պնդագլուխ Տիգրան Տինքչեանս, ինչպէս զիս որակած էր մեծ հօրս Արթինին քոյրը` Նուէրը, որ զիս այդպէս ալ «յամառ Տիգրան, յամառ Տիգրան» կը կանչէր, բայց երեխայ ըլլալուս համար օրին չէի հասկցած ասոր իմաստը, այսօր ըմբռնած ըլլալով «յամառ» մակդիրին ողջ իմաստը, կը գիտակցիմ որ «յամառ Տիգրան»-ը խիղճս ցնցող ճիչին բաղկացուցիչ տարրերէն մէկն է…

Խնդրեմ, օգնեցէ՛ք, որ գտնեմ ազգականներս…

Գտայ անունս… գտայ մականունս… եւ հիմա կ՛ուզեմ գտնել ազգականներս…

Անհուն սիրով, կարօտով եւ համբերութեամբ կը սպասեմ ձեզ սիրելի հարազատներս…:

Ձեր «Յամառ» որդին`

Տիգրան Տինքչեան
որուն ցաւն ու տառապանքը ոչ ոք կը հասկնայ…
այն` իսլամացած հայերու տառապանքն է…

Արաբերենէ թարգմանեց
ՍԱԼԲԻ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ

http://www.aztagdaily.com/archives/90430





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+