Ծիսական գիտելիքներ : Խաչվերացի Շաբաթ
27 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Վահագն / Ժամ : Լուսափայլ

Ծիսական գիտելիքներ : Խաչվերացի Շաբաթ

Ծիսական գիտելիքներ

Ծիսական գիտելիքներ Tüm yazılarını göster..

14 Eylül 2020  

Խաչվերացի Շաբաթ



Այս տօնը կը յիշատակէ 630 թուականին` Քրիստոսի խաչափայտին յաղթական վերադարձը` Պարսկաստանէն դէպի Բիւզանդիոն
Ունկնդրէ լուրըԿիրակի 13 Սեպտեմբեր` հայ եկեղեցւոյ կարեւորագոյն տօներէն մին է, Խաչվերաց` կամ վերացումն Սրբոյ Խաչի. Այս տօնը կը յիշատակէ 630 թուականին` Քրիստոսի խաչափայտին յաղթական վերադարձը` Պարսկաստանէն դէպի Բիւզանդիոն. Բոլոր այն երկիրները ուրկէ անցաւ Սուրբ Խաչը, ան ընդունուեցաւ մեծ տօնակատարութիւններով եւ կրակավառութեամբ` լեռներու գագաթներուն վրայ, ու ժողովուրդներու խանդավառ ողջոյններով։

Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ մնաց այս ժողովրդական ուրախութեան մեծ յիշատակումը, որ տարուէ տարի տօնուեցաւ ու կը շարունակէ տակաւին տօնուիլ ամբողջ քրիստոնեայ աշխարհի մէջ. Մինչ Հայերը պահեցին նախապէս հաստատուած Սուրբ Խաչի չորս տօները տարուան ընթացքին, միւս ծէսերը, մանաւանդ լատինները աւելի պարզեցուցին եւ 14 սեպտեմբերին մէջ խտացուցին խաչի բոլոր տօները։

Սուրբ Խաչի օրը կարդացուած աւետարանը կը յիշատակէ Քրիստոսի խօսքը, որ կը նմանցնէ խաչը Մովսէսի բարձրացուցած պղնձեայ օձին, անապատին մէջ. Այդ մետա-ղեայ օձը բուժեց իրական օձերէ խայթուող մարդիկը. Նոյնպէս ալ Քրիստոսի խաչը, չարչարանքի գործիք` պիտի փրկէ մարդկութիւնը իր մեղքերէն։

Իսկ Պօղոս առաքեալ` օրուան ընթերցուածին մէջ` կու տայ իր նշանաւոր պատ-գամը խաչի մասին, ըսելով. Այլեւս ես չեմ պարծենար եթէ ոչ` խաչովը մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի, որով աշխարհ ինծի համար խաչուած է եւ ես խաչուած մըն եմ աշխարհի համար։

Երկուշաբթի օր` ըստ հայկական սովորութեան, կը կատարենք ընդհանուր Մեռելոց յիշատակութիւնը, ինչպէս ամէն տաղաւարի յաջորդող օրը. Կատարելով այս յիշատակը, կը միանանք մեր ննջեցեալներու հոգիներուն, որոնք կարիքն ունին մեր աղօթքներուն. Մինչ ուրիշ Եկեղեցիներ տարին միայն մէկ անգամ կը կատարեն ննջեցելոց յիշատակը, Հայ Եկեղեցին զայն կը կատարէ տարին 5 անգամ։

Մնացեալ շաբաթը բաժնուած է ընդմէջ եկեղեցւոյ եւ խաչի տօնակատարութեան. Երեք օր խաչի տօնը կը շարուանկուի եւ երեք օր` Եկեղեցւոյ տօնը։ Կը վերցուին շաբթուայ ընթացքին եղող պահքերը չորեքշաբթի եւ ուրբաթ օրերը ու կը շարունակուի տօնը մինչեւ յաջորդ կիրակին։ Անշուշտ կը կարդացուին նաեւ օրուան պատշաճող ընթերցուածներն ու աւետարանները ։

Նկատի առնենք անոնց մէջէն չորեքշաբթի օրուայ աւետարանը, որ Մատթէոսինն է եւ ուր տեղի կ՛ունենայ նշանաւոր դէպքը Պետրոս առաքեալի պաշտօնական դաւանանքին. Ան կ՛ըսէ Յիսուսի. Դուն ես Քրիստոսը, կենդանի Աստուծոյ Որդին. Այն ատեն Յիսուս կը կարգէ զինք վէմ, փոխելով իր անունը. Սիմոնը կը դառնայ Պետրոս, որ լատինական լեզուի մէջ կը նշանակէ վէմ, ժայռ։

Յիսուսի անմոռանալի խօսքերն են ահա ուղղուած Պետրոսի. Եւ ես կ՛ըսեմ քեզի. Դուն ես Վէմը եւ ես այդ վէմին վրայ պիտի կառուցանեմ իմ Եկեղեցիս եւ դժոխքի դռները պիտի չյաղթահարեն անոր։ Եկեղեցւոյ տօնին առթիւ ասկէ աւելի բացայայտ ու սքանչելի աւետարան կարելի չէ ունկնդրել։





+