Ծիսական գիտելիքներ : Խաչին բուն իմաստը Յիսուսի հետեւորդներուն համար
27 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Վահագն / Ժամ : Մթացեալ

Ծիսական գիտելիքներ : Խաչին բուն իմաստը Յիսուսի հետեւորդներուն համար

Ծիսական գիտելիքներ

Ծիսական գիտելիքներ Tüm yazılarını göster..

14 Eylül 2020  

Խաչին բուն իմաստը Յիսուսի հետեւորդներուն համար



Խաչի այս տօնը մեզի կը յիշեցնէ թէ Յիսուսով` խաչը կը դադրի այլեւս ըլլալէ չարչարանքի գործիք եւ կը հանդիսանայ փրկութեան գործիք, յաղթանակի նշան չարին եւ մահուան վրայ, յոյս եւ ապաւէն բոլոր մեղաւորներուն եւ համայն մարդկութեան բոլոր ազգերուն եւ ցեղերուն։

Եթէ երթանք դէպի հին դարերը, խաչը հռովմայեցիներու կողմէ հնարուած չարչարանքի սոսկալի գործիք մըն է, զոր անոնք կը վերապահէին մեծ ոճրագործներուն, ըմբոստ գերիներուն եւ մանաւանդ կայսրութեան դէմ զէնք բարձրացնողներուն: Յիսուսի պարագային, հրեայ ժողովուրդն ու անոնց ղեկավարները խնդրեցին Պիղատոսէն, որ հռովմէացի կառավարիչն էր Հրէաստանի, որպէսզի Յիսուսը խաչ հանել տայ:

Յիսուս իր ազատ կամքովը ստանձնեց այս մահապատիժը մարդկութեան բարիքին եւ փրկութեան համար. Սակայն ան չմնաց ենթակայ նեխումի ու փտութեան. Իր մարմինը վերստին կեանք ստացաւ մահուընէ երեք օր ետք միայն, ան միացաւ իր անմահ աստուածութեան եւ յարութիւն առաւ մեռելներէն, դառնալով մարդոց յաւիտենական փրկութեան երախայրիք եւ հաւաստիք։

Խաչի այս տօնը մեզի կը յիշեցնէ թէ Յիսուսով` խաչը կը դադրի այլեւս ըլլալէ չարչարանքի գործիք եւ կը հանդիսանայ փրկութեան գործիք, յաղթանակի նշան չարին եւ մահուան վրայ, յոյս եւ ապաւէն բոլոր մեղաւորներուն եւ համայն մարդկութեան բոլոր ազգերուն եւ ցեղերուն։ Ասոր համար է որ չորրորդ դարուն` կայսրին մայրը` Սրբուհի Հեղինէ, կը փնտռէ 300 տարիներէ ի վեր մոռցուած ու հողին մէջ թաղուած խաչափայտը, որովհետեւ իրազեկ է թէ անոր զօրութիւնն ու ազդեցութիւնը հիմնական դեր մը ունին կատարելիք քրիստոնեաներու պատմութեան մէջ։

600-ական թուականներուն` երբ Պարսիկները կ՛ուզեն ենթարկել Բիւզանդիոնը պարտութեան խոնարհեցումին, խաչի մասունքը գերի կը տանին իրենց երկիրը որպէս աւար պատերազմի։ Սակայն մի քանի տարի ետք` խաչափայտը յաղթական ետ կը դառնայ Բիւզանդիոն, մեծ ուրախութիւն պատճառելով քրիստոնեայ բոլոր ժողովուրդներուն։

Հայերս ալ` զայն կը փառաբանենք մեր շարականներուն մէջ եւ անոր յաղթանակը կը գովաբանենք ամենուրեք։ Հայաստանը քարքարոտ երկիր է. Հայը այդ քարերուն վրայ կը դրոշմէ իր փարումը եւ հաւատքը խաչին հանդէպ, ստեղծելով մեր սքանչելի խաչքարերը, որոնք, դարերու ընթացքին, մեր հայրերու հաւատքի արտաայայտութիւնը եղած են, դրոշմը խաչապաշտ ժողովուրդի մը խոր համոզումին թէ Քրիստոս իսկապէս Աստուծոյ Որդին է եւ իր մարդեղութեամբ ու մահովը խաչին վրայ, փրկութիւն կը շնորհէ բոլորին։

Չի բաւեր ուրեմն խաչը կրել մեր կուրծքին վրայ, կախել զայն մեր վզէն, ինչպէս ոմանք վարդարանը կը կախեն իրենց վզէն, սակայն բնաւ երբեք զայն չեն բռներ իրենց ձեռքին մէջ, աղօթելու համար։ Խաչը մեր առօրեայ պաշտամունքի առարկան ըլլալու է, մեր մտածականներուն նիւթը, մեր խօսքերուն եւ գործերուն ընկերացող նշանը, որով ամենուրեք մենք հպարտ պիտի ըլլանք անով, առանց ամչնալու այլ` համարձակօրէն զայն դաւանելով բոլորին առջեւ, խնդրելով անոր պաշտպանութիւնը մեր վրայ:

Այս նշանով պիտի յաղթես` խոստացաւ Աստուած Կոստանդիանոս կայսեր։ Մեզի ալ այսօր ան կը խոստանայ թէ այն որ կ՛ապաւինի խաչին եւ անոր օգնութիւնը կը խնդրէ, յարատեւ աղօթելով եւ զայն որպէս պահապան ու պաշտպան հռչակելով, Տէրը պիտի հանդիսանայ ապաւէնը, օգնութիւնը եւ փրկութիւնը այդ անձին, զինք պահելով ամէն վտանգէ եւ յաւիտենական փրկութեան հասցնելով. Ամէն։

+