Համբարձում Եկաւ, Ծաղկունքը Ալուան, Զուգել Են Հանդեր Նախշուն Գորգերով…
Զատիկէն ճիշդ քառասուն օր ետք կը նշուի Համբարձման, կամ ինչպէս ոմանք կը կոչեն, վիճակի կամ կաթնապուրի տօնը: Անիկա Քրիստոսի յարութիւն առնելէն ետք Երկրի վրայ քառասուն օր շրջելու, քարոզելու եւ ապա երկինք համբառնալու պատկերացումն է քրիստոնէական տօնացոյցին մէջ:
Համբարձումը շարժական տօն է, ամէն տարի տարբեր թուականի կը նշուի, սակայն ան միշտ կը զուգադիպի հինգշաբթի օրուան, իսկ հանդիսութիւնները կը սկսին չորեքշաբթի: Այդ չորեքշաբթին կիները «Ծաղկամօր կիրակի» կը պահէին, այսինքն կարգ մը աշխատանքներէ կը խուսափէին ի պատիւ «Ծաղկամօր», որպէսզի ան իրենց երեխաները պաշտպանէր «ծաղիկ» ու «կարմրուկ» հիւանդութիւններէն:
Հայոց տօներու շարքին Համբարձումը սիրելի տօներէն մէկն է: Հայերը այդ տօնին հետ կապուած ունեցած են գեղեցիկ ու հետաքրքրական սովորութիւններ: Ժողովուրդը զայն նշած է բնութեան գիրկը` ծաղկած դաշտերուն մէջ:
Վիճակի Արարողութիւն
Վիճակի արարողութիւնը կը կատարուէր բացօթեայ, դաշտերուն մէջ: Աղջիկները կը բազմէին խոտերուն վրայ, իրենց մէջտեղը կը զետեղէին վիճակի փարչը:
Վիճակի փարչին մէջ կ՛ըլլար եօթը տեսակ ծաղիկ եօթը սրբազան աղբիւրէ եօթը բուռ ջուր եւ աղջիկներուն պատկանող նշաններ:
Հարսի հագուստով անչափահաս աղջնակ մը կը նստեցնէին փարչին քով` երեսը քողով ծածկուած: Իբրեւ անարատ եւ միամիտ երեխայ` ան էր, որ իւրաքանչիւր բախտագուշակ քառեակ երգէն ետք պիտի հանէր նշանները փարչին մէջէն:
Աղջիկներու խումբը առաջին երգը կը նուիրէր վիճակի փարչին.
«Վիճակ վիճակ ծաղկավիճակ,
Շալէ շապիկ, նախշուն կոճակ,
Եկան տարան տիրող դուռը,
Ճակտին զարկին կարմիր նուռը,
Ջան, ծաղիկ Համբարձում…»:
Ասկէ ետք կը սկսէր հարիւրաւոր քառեակներու երգը, իսկ բազմութիւնը դրական վիճակ ինկած նշանի տիրոջ ուրախութիւն կը մաղթէր եւ կը մխիթարէր բացասական վիճակ ինկած նշանի տիրոջ:
Վիճակի արարողութիւնը աւարտելէ ետք փարչին ջուրը կը թափէին արտերը: Շիրակի շրջանին մէջ հիւանդներուն տէրերը այս ջուրէն տուն կը տանէին եւ իրենց հիւանդին գլխուն կը քսէին, որպէսզի վերջինս արագ առողջանայ ու կազդուրուի:
Երեկոյեան տունդարձի երգը կը հաստատէր տօնին աւարտը եւ կը սկսէին աշխատանքով յագեցած օրերը:
«Համբարձման երկուշաբթին,
Առէք փոցին ու գերանդին…»:
Կաթնապուրի Արարողութիւն
Համբարձման օրը բոլոր տուներուն կաթնապուր կ՛եփէին: Ոմանք կաթնապուրի կաթսային տակ վառող կրակին մէջ կ՛այրէին եօթը աղօթքով հանգուցած ձեռքի կապը:
Հայաստանի որոշ շրջաններու մէջ կաթնապուրը կ՛եփէին խմբովի` արտերուն մէջ եւ քանի մը շերեփ կաթնապուր կը թափէին արտերուն շուրջը` բերքի առատութեան համար:
Համբարձման օրուան կաթնապուրը մատաղ էր, անիկա կը բաժնուէր առնուազն եօթը տան:
Շատ մը ընտանիքներ Զատիկէն մինչեւ Համբարձում կաթնապուր չէին եփէր, որպէսզի կովերուն կաթը չպակսի, իսկ Համբարձումին առաջին անգամ եփուող կաթնապուրը յատուկ հանդիսութեամբ կ՛ուտուէր.
«Համբարձում եայլա, եայլա ջան եայլա,
Լաւ օրեր, եայլա, եայլա ջան եայլա…»: