​Վերափոխման օրը օրհնուած խաղողէն պատրաստուած Զմմառու աւանդական գինին - Հայերէն
16 Ağustos 2026 - Հակական տոմար - Տարի : 4519 / Ամիս : Նավասարդ / Օր : Մանի / Ժամ : Հուրփեայլեալ

Հայերէն :

16 Ağustos 2026  

​Վերափոխման օրը օրհնուած խաղողէն պատրաստուած Զմմառու աւանդական գինին -

​Վերափոխման օրը օրհնուած խաղողէն պատրաստուած Զմմառու աւանդական գինին ​Վերափոխման օրը օրհնուած խաղողէն պատրաստուած Զմմառու աւանդական գինին

Զմմառու մայրավանքի գինեգործական պատմութիւնը հայ ժողովուրդի ստեղծագործական եւ տնտեսագիտական միտքի փայլուն վկայութիւնն է: Արդարեւ, 1812-էն մինչ օրս ան կը մնայ Լիբանանի գինեգործութեան անփոխարինելի գոհարը:

Զմմառու մայրավանքի գինեգործական ժառանգութիւնը դարաւոր աւանդութիւն եւ գիտական յառաջընթաց է Լիբանանի Քեսրուանի բարձունքին:

Զմմառու Տիրամօր մայրավանքը դարեր շարունակ եղած է հայ հոգեւորականութեան եւ հայ մշակոյթի անառիկ բերդը: Սակայն, այս սուրբ կամարներուն տակ կը թաքնուի նաեւ մէկ այլ հարստութիւն` Լիբանանի հնագոյն եւ ցարդ գործող գինեգործարանը, որուն արմատները կը հասնին մինչեւ 19-րդ դարու սկիզբը:

Այս մէկը իրականացած է իբրեւ արգասիք հնդկահայ ազգային նուիրեալ Միքայէլ Աղա Յովհան Բաբումեանի բարերարութեան: Ան ձեւով մը առնչութիւն ունեցած է Զմմառու գինիի պատմութեան հետ: Այսպիսով, Զմմառու գինեգործութիւնը կը սկսի ոչ թէ խաղողի այգիներով, այլ ձեւով մը ընթացք կ՛առնէ հեռաւոր Հնդկաստանի Մատրաս քաղաքէն` 18-րդ դարու երկրորդ կէսին, հայազգի մեծանուն բարերար` Միքայէլ Աղա Յովհան Բաբումեանի ազգօգուտ նուիրատուութեան շնորհիւ:

Ան իր հայրենասիրական ու եկեղեցանուէր ոգիով կը կատարէ վիթխարի նուիրատուութիւն մը Զմմառու մայրավանքին եւ անոր դպրեվանքին:

Բաբումեանի տեսլականը պարզ էր, բայց հեռատեսական: Ան կ՛ուզէր, որ կրթական այս օճախը չըլլայ կարօտեալ, այլ ունենայ իր սեփական, կայուն եկամուտի աղբիւրը: Անոր թելադրանքով եւ նիւթական միջոցներով միաբանութիւնը կը գնէ ընդարձակ հողատարածքներ: Այս քայլը կը հանդիսանայ Զմմառու մայրավանքի տնտեսական ինքնաբաւութեան անկիւնաքարը:

1812-ին գինեգործութեան ծնունդը եւ մեկնարկը ընթացք կ՛առնէ, երբ միաբան հայրերը, մշակելով նուիրատրուած հողերը, խաղողի առատ եւ որակեալ բերք կը ստանան: Որպէսզի այս բերքը ի զուր չսպառի եւ ունենայ աւելի երկարատեւ ու արժէքաւոր կիրարկութիւն, 1812-ին կը մտաբերեն գինեգործութեան գաղափարը:

Պատմական կարեւոր իրողութիւն է, որ Լիբանանի յայտնի «Քսարա» գինեգործարանը հիմնուած է 1857-ին: Այս կը նշանակէ, որ Զմմառու գինեգործութիւնը շուրջ 45 տարիով կանխած է «Քսարա»-ն` հանդիսանալով Լիբանանի տարածքին գոյատեւող գինեգործական հնագոյն հաստատութիւնը:

Այս փաստը Զմմառը կը դնէ երկրի գինեգործութեան ռահվիրայի պատուաւոր պատուանդանին վրայ:

Ինչ կը վերաբերի աւանդականի եւ գիտականի միախառնումին, իբրեւ քիմիագէտ, որ երկու տարուան փորձառութիւն ձեռք բերած է Զմմառու մառաններուն մէջ, կրնամ վկայել, որ գինեգործութիւնը այստեղ սոսկ արհեստ չէ, այլ ճշգրիտ գիտութիւն:

Գինիի որակը կախեալ է բազմաթիւ գործօններէ, որոնք Զմմառու մէջ կը պահպանուին նախանձախնդրութեամբ:

Մայրավանքի դիրքը – Զմմառը կը գտնուի ծովու մակերեսէն շուրջ 950 մեթր բարձրութեան վրայ: Հողը եւ զով կլիման խաղողին կու տան իւրայատուկ թթուաշութիւն եւ բուրային հարուստ կազմ: Խմորման գործընթացը` բնական շաքարներու վերածումը ալքոլի, կը կատարուի վերահսկելի ջերմաստիճանի տակ, պահպանելով խաղողի բնական բոյրերը: Այս գործընթացին կը նպաստեն վանքի հաստապատ մառանները:

Զմմառու պատմական մառանները օժտուած են բնական կայուն ջերմաստիճանով, ինչ որ անհրաժեշտ է գինիի հասունացման եւ օքսիտացման կանխարգիլման համար:

Հնացման արժէքը – Ինչպէս նշուած է` «Գինին որքան հիննայ, այնքան յարգի կը դառնայ»: Այս մէկը պայմանաւորուած է քիմիական բարդ փոխազդեցութիւններով, որոնք ժամանակի ընթացքին գինիին կու տան իր թաւշեայ համն ու հարուստ հիւթը:

Զմմառու գինին այսօր կը շարունակէ մնալ որակի եւ աւանդութեան խորհրդանիշ: Ան միայն ըմպելիք չէ, այլ պատմութիւն` շիշի լեցուած իւրաքանչիւր սրուակի մէջ: Վանքի միաբանները, հաւատարիմ մնալով Միքայէլ Աղա Բաբումեանի կտակին, կը շարունակեն մշակել այգիները` գիտական նորագոյն եղանակները միացնելով երկուդարեայ գաղտնիքներուն:

Քիմիագէտի մօտեցումով մանրամասնեմ` Զմմառու օգտագործած խաղողի տեսակներ, ինչպէս` Cabernet եւ Sauvignon, յատուկ են:

Զմմառը հռչակուած է իր անուշ գինիով, որուն մէջ շաքարի բնական խտութիւնը կը պահպանուի հնացման յատուկ եղանակներով:

Այս տեղեկութիւնները արժէքաւոր են, յատկապէս Զմմառու վանքի պատմական եւ աւանդական ժառանգութեան տեսանկիւնէն:

Զմմառու պատմական գինիները աւանդական եւ բնական վարպետութեան արդիւնք են:

Զմմառու վանքի գինեգործական ժառանգութիւնը հիմնուած է դարաւոր աւանդութիւններու վրայ, որոնց առանցքը կը կազմեն կարմիր տիպի գինիները եւ անզուգական աւանդական քաղցր գինին:

Ժամանակի փորձութիւնը ցոյց կու տայ, որ վանքի մառաններուն մէջ պահուած` 1890-ի գինիի շիշը պարզապէս հնութիւն չէ, այլ` բնական գինեգործութեան ամէնէն վաւերական ապացոյցը: Այդ ժամանակաշրջանին արհեստական պահածոյ դարձնող նիւթեր գոյութիւն չունէին: Փաստը, որ գինին գոյատեւած է աւելի քան դար մը եւ կէս, այս կը հաստատէ, որ բնական ճամբով պատրաստուած եւ ճիշդ հաւասարակշռուած գինին օժտուած է ինքնապահպանման բնական զօրութեամբ: Այսօրուան պատմական գործիքները` քամոցներն ու հնձանները, կը վկայեն այն մաքուր արհեստագիտութեան մասին, որ կիրարկուած է տակաւին հարիւրամեակներ առաջ:

Զմմառու քաղցր գինիի առեղծուածը այն է, որ Զմմառու աւանդական քաղցր գինին ունի գիտական եւ հոգեւոր իւրայատուկ բնոյթ:

Գոյնի կերպարանափոխութիւնը – Թէեւ գինին կը պատրաստուի սպիտակ խաղողէ` խորհրդանշելով սրբութիւնն ու մաքրութիւնը (յատկապէս Ս. պատարագի գործածութեան համար), սակայն պատրաստի վիճակին մէջ անիկա կը ստանայ հայկական տուֆի երանգը յիշեցնող ոսկեգոյն-կարմրաւուն փայլ:

Բնական քաղցրութիւնը – Ի տարբերութիւն ժամանակակից շատ գինիներու, ուր քաղցրութիւնը կ՛ապահովուի արհեստական շաքարի կամ քիմիական յաւելումներու միջոցով, Զմմառու մէջ կը կիրարկուի խմորման կասեցման աւանդական հնարքը:

Գործընթացը – Գինեգործութեան մէջ բնական քաղցր գինի ստանալը մեծ վարպետութիւն կը պահանջէ, քանի որ խմորումը բնականաբար կը շարունակուի մինչեւ շաքարի լիակատար վերածումը ալքոլի: Զմմառու վարպետները, առանց օտար նիւթերու միջամտութեան, կը կեցնեն խմորումը ճիշդ պահուն` պահպանելով խաղողի բնական շաքարը, որ գինիին կու տայ իր առողջարար եւ ազնիւ քաղցրութիւնը:

Ժամանակին խմորումը կը կասեցնէին ջերմաստիճանի կտրուկ փոփոխութեամբ կամ հնամենի այլ գաղտնիքներով, որոնք թոյլ կու տային պահել շաքարը` առանց չարաշահման:

Տակառներու դերը – Զմմառու գինիներու հնեցման համար յատուկ նշանակութիւն ունին կաղնիէ տակառները, որոնք նոյնպէս կը նպաստեն գինիի երկարակեցութեան եւ գոյնի ձեւաւորման:

Զմմառու գինին սերտօրէն կապուած է նաեւ հայկական պատարագի աւանդութեան հետ:

Վանքի արտադրած մաքուր գինին կը գործածուի եկեղեցական արարողութիւններու համար:

Ի վերջոյ, Զմմառու մայրավանքի գինեգործական պատմութիւնը հայ ժողովուրդի ստեղծագործական եւ տնտեսագիտական միտքի փայլուն վկայութիւնն է: Արդարեւ, 1812-էն մինչ օրս ան կը մնայ Լիբանանի գինեգործութեան անփոխարինելի գոհարը:








Bu haber vaticannews kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (vaticannews) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(vaticannews). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+