​Եկեղեցիներու Միութեան համար աղօթք Պոլսոյ Ս. Աստուածածին Հ. Կ. Մայր Տաճարին մէջ - Հայերէն
05 Şubat 2025 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Արաց / Օր : Ահրանք / Ժամ : Մթացեալ

Հայերէն :

26 Ocak 2025  

​Եկեղեցիներու Միութեան համար աղօթք Պոլսոյ Ս. Աստուածածին Հ. Կ. Մայր Տաճարին մէջ -

​Եկեղեցիներու Միութեան համար աղօթք Պոլսոյ Ս. Աստուածածին Հ. Կ. Մայր Տաճարին մէջ ​Եկեղեցիներու Միութեան համար աղօթք Պոլսոյ Ս. Աստուածածին Հ. Կ. Մայր Տաճարին մէջ

Հոգեպարար արարողութեան աւարտին՝ Պոլսոյ Հ. Կ. Աւագ Թեմի Հովուապետ՝ Հ. Վարդան Թ.Ծ. Վ. Գազանճեան իր սրտին խօսքը ուղղեց ներկաներուն, գոհութիւն յայտնելով Աստուծոյ որ այս սրբազան վայրին մէջ մէկտեղ հաւաքեց քոյր եկեղեցիներու հոգեւորականները, իբրեւ նշան եղբայրական սիրոյ և հաղորդութեան, մաղթելով որ Քրիստոսի մէ՛կ ըլլալու փափաքը շուտով իրականութիւն դառնայ և աշխարհը հաւատայ:
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Շաբաթ` 25 Յունուար 2025–ին, երեկոյեան ժամը 6–ին, Պոլսոյ Հ. Կ. Աւագ Թեմի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարին մէջ Քրիստոնեայ Եկեղեցիներուն միութեան նուիրուած շաբթուան առթիւ՝ փակման աղօթք տեղի ունեցաւ, ի ներկայութեան Պոլսոյ բոլոր համայնքապետերուն, գլխաւորութեամբ՝ Պոլսոյ Հ. Կ. Աւագ Թեմի Առաջնորդ՝ Հ. Վարդան Թ.Ծ. Վ. Գազանճեանին և վաստակաւոր Արհի. Լեւոն Արք. Զէքիանին, և Հ. Կ. Եկեղեցական դասուն, ինչպէս նաեւ՝ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Գերաշնորհ Տէր Սահակ Բ. Պատրիարքի ներկայացուցիչներու և հոգեւորական դասուն, Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Տիեզերական Պատրիարքին ներկայացուցչին, Պոլսոյ Լատին Թեմի Առաջնորդ՝ Արհի. Տէր Մասիմիլիանօ Բալինուրօյիի, Ասորի Կաթողիկէ Քորեպիսկոպոս՝ Տէր Օրհան Չանլիի, Ասորի Եկեղեցւոյ հոգեւորականներու, Քաղդէացի Կաթողիկէ Եպիսկոպոս Տէր Սապրի Անարի և վաստակաւոր եպիսկոպոս Տէր Ռէմզի Կարմուի, Ասորի Ուղղափառ Եպիսկոպոսի ներկայացուցչին, Ղպտի Եկեղեցւոյ հոգեւորականներու, և Հ. Կ. Առաջնորդարանի թաղական մարմնի և հոգաբարձութեան անդամներուն և հաւատացեալ ժողովուրդին:

Արարողութեան սկիզբը՝ Մայր Տաճարի զանգակները երկար հնչեցին, մինչ բարձրաստիճան հոգեւորականներու, քահանաներու, սարկաւագներու և գեղաձայն դպիրներու թափօրը, «Ուրախ լեր Ս. Եկեղեցի» շարականը երգելով՝ մուտք գործեցին տաճար: Աւագ խորանին առջեւ սաղմոսներ և աղօթք բարձրացուցին Աստուծոյ, դպրաց դասը «Նայեա Սիրով» Շնորհալի Հայրապետին երգը եղանակեց, որմէ ետք օրուան պատգամախօս՝ վաստակաւոր Գերապայծառ Զէքիանը իր պատգամը ուղղեց ներկաներուն, Եկեղեցւոյ միութեան պատմական դրուագները յիշելով և հոգեւոր հաղորդութեան մասին շեշտելով: Արդարեւ, մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս խոր փափաքով աղօթեց իր աշակերտներուն միութեան համար (Յովհ. 17, 20-23): Սակայն, յետադարձ նայուածքով մը եկեղեցւոյ պատմութեան էջերուն մէջ կը նկատենք, որ անոնք լեցուն են փոխադարձ նզովքներով եւ բանադրանքներով: Հակառակ այս ցաւալի իրականութեան՝ միութեան կոչը Աստուածային պատուիրան մըն է, եւ ներկայիս աւելի քան երբեք պէտք ունինք այդ բաղձալի միութեան, որովհետեւ միայն անով Եկեղեցին կրնայ յաղթել ներկայ աշխարհի կատաղի մարտահրաւէրներուն: Այնուհետեւ ամէնքը միաբերան «Հաւատամք»ը արտասանեցին, որմէ ետք, գլխաւոր սարկաւագ՝ Տէր Յակոբ Մինասեանը «Ողջոյն տուք միմեանց» քարոզը երգեց, իսկ «Քրիստոսի ի մէջ» երգով բոլոր հոգեւորականները ողջագուրուեցան: Նոյն պահուն, Գեր. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանը երգեց «Աղաչեա վասն մեր»ը Աբգարեանի տարբերակով:

Այս հոգեպարար արարողութեան աւարտին՝ Պոլսոյ Հ. Կ. Աւագ Թեմի Հովուապետ՝ Հ. Վարդան Թ.Ծ. Վ. Գազանճեան իր սրտին խօսքը ուղղեց ներկաներուն, գոհութիւն յայտնելով Աստուծոյ որ այս սրբազան վայրին մէջ մէկտեղ հաւաքեց քոյր եկեղեցիներու հոգեւորականները, իբրեւ նշան եղբայրական սիրոյ և հաղորդութեան, մաղթելով որ Քրիստոսի մէ՛կ ըլլալու փափաքը շուտով իրականութիւն դառնայ և աշխարհը հաւատայ: Այնուհետեւ թափօրը ուղղուեցաւ դէպի Առաջնորդարանի դահլիճը, ուր ճոխ հիւրասիրութիւն մը տեղի ունեցաւ ուրախ և սիրալիր մթնոլորտի մէջ: «Աղաչեա՛ վասն մեր զառ ի քէն զմարմնացեալն Աստուած, զի միաբանեսցէ եկեղեցի իւր սուրբ, շինեալ ի վերայ հիման Առաքելոց և Մարգարէից, պահել անարատ մինչեւ Հօր երեւելոյ գալստեան իւրոյ. Մայր սուրբ բարեխօսեա՛»:






Bu haber vaticannews kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (vaticannews) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(vaticannews). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+