Ատրպէյճան Դադիվանքը Յանձնած Է Ուտիներու Տնօրինութեան -
Ատրպէյճան Դադիվանքը Յանձնած Է Ուտիներու Տնօրինութեան
Մեր ընթերցողները կը յիշեն որ Դադիվանքի վանական համալիրը մնաց Ատրպէյճանի տնօրինութեան տակ, իսկ հիմա, ըստ վերջին լուրերուն, Դադիվանքը յանձնուած է ուտիներու տնօրինութեան։ Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները կը գրեն որ «1993-2020 թուականներու ժամանակաշրջանին հայերը փորձած են կեղծել տաճարի պատմութիւնը՝ զայն ներկայացնելով իբրեւ թէ հայկական վանական համալիր, իսկ ազատագրումէն ետք վանքը վերադարձուած է իր իրական տէրերուն՝ ուտիներուն»։ Ուտիները կովկասեան աղուաններու միակ քրիստոնեայ յետնորդներն են։
Մինչդեռ, Դադիվանքի վաղեմութեան ու հայկականութեան մասին կը վկայեն վանքի պատերուն վրայ պահպանուած արձանագրութիւններն ու վանքի տարածքի հնագոյն խաչքարերը։ Վանքի շինութեան մասին պատմական տեղեկութիւններ ու վկայութիւններ կան արտասահմանեան մասնագիտական աշխատութիւններուն մէջ։
Մատենագրական աղբիւրներու մէջ Դադիվանքը առաջին անգամ յիշատակուած է 9-րդ դարուն, սա գրառումով. «ի խորաձորն, որ կոչի Դադոյի վանք»։ Վանքի հիմնադրումը աւանդաբար կը կապուի Թադէոս առաքեալի աշակերտ Դադիի նահատակութեան հետ։ Համաձայն աւանդութեան՝ վերջինս քրիստոնէութիւնը տարածելու համար նահատակուած է, իսկ անոր գերեզմանին վրայ հիմնադրուած է վանքը։
Bu haber normarmara kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (normarmara) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(normarmara). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com