​Գալֆաեան Տան Խնամակալութեան Առկայ Տագնապին Մասին Զեկոյց - Հայերէն
07 Ocak 2025 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Աստղիկ / Ժամ : Կամաւօտ

Հայերէն :

02 Ocak 2025  

​Գալֆաեան Տան Խնամակալութեան Առկայ Տագնապին Մասին Զեկոյց -

​Գալֆաեան Տան Խնամակալութեան Առկայ Տագնապին Մասին Զեկոյց ​Գալֆաեան Տան Խնամակալութեան Առկայ Տագնապին Մասին Զեկոյց

Գալֆաեան տան խնամակալութենէն ներս ծագած տագնապին արձագանգները կը շարունակուին թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս։ Խնամակալութեան՝ այժմ արդէն նախկին ատենապետ Ալֆրէտ Սունայի եւ կարգ մը անդամներու հրաժարումէն ետք ներկայիս անցումային շրջան մըն է՝ մինչեւ նոր դիւանին ձեւաւորումը։ Այս նուրբ ժամանակահատուածին, երէկ խմբագրութեանս հասաւ խնամակալութեան գործող անդամներու պաշտօնական յայտարարութիւնը, որուն թրքերէն բնագիրը նոյնութեամբ կը ներկայացնենք։

Իրադարձութիւններուն առայժմ, ըստ երեւոյթին, պէտք է հետեւիլ զուսպ եւ առանց անոնց առջեւը իյնալու՝ հաշուի առնելով, որ Գալֆաեանը երկար ժամանակէ ի վեր թէ՛ առողջ կառավարման եւ թէ հանրային կարծիքի հետ առողջ յարաբերութեան հունէն դուրս եղած է, դժբախտաբար, իսկ ներկայիս կայ այս բոլորի յաղթահարման հաւանականութիւն մը։

Այն ինչ, որ այս զեկոյցին մէջ հրապարակուած է, միանշանակ, շատ զգայացունց ու գայթակղեցուցիչ է։ Յամենայնդէպս, հակուած ենք հաւաստի համարել խնամակալութեան գործող անդամներու հրապարակումներն ու անոնց կողմէ յառաջ քշուած մօտեցումները։ Արդարեւ, ըստ երեւոյթին, խնամակալութեան գործող անդամները աւելի հաւատարիմ կը մնան հաստատութենական մտայնութեան՝ մինչ հրաժարեալ ատենապետը ցարդ միայն մասնակի առցանց հարթակներով, առանց որեւէ գրաւոր բանաձեւումի փորձած է իր տեսակէտներուն արձագանգ ապահովել՝ չըսելու համար գովազդել զանոնք։ Խնամակալութեան գործող անդամները այս փուլին նախընտրած են թէ՛ մամուլին հասնիլ իր ամբողջութեան մէջ եւ թէ գրաւոր աշխատիլ՝ հանրային կարծիքի լուսաբանման ճանապարհին, ինչ որ տարբեր կշիռ մը ու վաւերականութիւն մը կու տայ անոնց խօսքին։

Անշուշտ, երբ խմբային ներդաշնակութիւնը կորսուի, այդ կէտէն սկսեալ փոխադարձ մեղադրանքները անխուսափելի կը դառնան։ Յամենայնդէպս, համայնքի աչքին առջեւ առարկայական տուեալ է, որ ուրիշ հաստատութիւններու վարիչներ սկսած են խօսիլ Գալֆաեանի ճակատագրին մասին, ինչ որ հրաժարեալ ատենապետի ձախողման տեսակէտէ անվիճելի ապացոյց մը կը համարուի։






Bu haber jamanak kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+